Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան զբօսաշրջութեան նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ կարգ մը համայնքներ ուժային նախարարութիւններէ հեռացնելը Ազգային ուխտի շրջանցում է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը Պեքաայի Թիպէ գիւղաքաղաքի սուրիական գաղթակայանին մէջ գրաւած է 6 մոթորսիքլեթներ եւ կատարած ձերբակալութիւններ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ մը, որ ահաբեկչական տուեալ կազմակերպութեան համար զէնք ու զինամթերք կ՛ապահովէր:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Սին Էլ Ֆիլի մէջ ձերբակալուած է աւազակախումբ մը, որուն մօտ կը գտնուէր մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր մաղթեց, որ կառավարութիւնը կազմուի նախքան Լիբանանի Անկախութեան տօնը: Ան աւելցուց, որ քաղաքական բոլոր կողմերը դրականօրէն կը վարուին կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հետ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Մուխայպէր նշեց, որ անյայտ կորսուած լիբանանցիներուն թղթածրարը պիտի չփակուի, այլ` անոր հետապնդումը պիտի շարունակուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սպառնացող հարցերը սկսած են լուծուիլ` աւելցնելով, որ նախարարաց խորհուրդի կազմութիւնը բաւական մօտալուտ է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թնճուկը լուծման կարիք ունի` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմը իր վերջնական ձեւին սկսած է մօտենալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ իրենք գոհ են եւ պիտի մասնակցին կառավարութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամեր Սաատէ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պիտի չփրկուի, եթէ Հըզպալլա իր ներկայ ընթացքով շարունակէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը պէտք է զիջին` արագացնելու համար կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը իրաւունք ունի պահանջելու ուժային նախարարութիւն մը, իսկ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը աւելի մեծ բաժին մը կը պահանջէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ իրենք կը նախատեսեն կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը, եթէ քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը շարունակուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Միշել Էտտէ շեշտեց, որ Լիբանանի պատմութեան մէջ քրիստոնեայ ոչ մէկ ղեկավար հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի չափ ժողովրդականութիւն ունեցած է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Պասսամ Հաշեմ յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը Լիբանանի անկախութեան տօնէն առաջ կազմուի` աւելցնելով, որ քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է զիջին` ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու համար:

ՊԵՔԱԱՅԻ մէջ Հըզպալլայի պատասխանատու Մոհամետ Եաղի յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը կազմուի նախքան Լիբանանի Անկախութեան տօնը: Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կենսագրութեան հետեւողին համար յստակ կը դառնայ, որ ան ի խնդիր Լիբանանի շահերուն պիտի աշխատի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ նախարարութիւններուն համար նախատեսուած որոշ թեկնածուներու անուններ կը փաստեն, որ կառավարութեան կազմը պիտի չըլլայ երկրին բարգաւաճում ապահովող կազմ մը:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Դիմադրութեան եւ Դամասկոսի միջեւ բաց գործակցութիւն գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան թնճուկները պիտի հանգուցալուծուին` դառնալով երաշխիք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութեան:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով Պքերքէի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի միջեւ յարաբերութիւնները իրենց լաւագոյն վիճակին մէջ կը գտնուին:

Նոյն օրաթերթը հաւանական նկատեց, որ կառավարութիւնը յաջորդ 48 ժամերուն ընթացքին կազմուի:

«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը վեց ամիսով պիտի երկարաձգուի, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, յաջորդող երեք օրերը վերջնական պիտի ըլլան կառավարութեան կազմութեան առումով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիա արդարութեան հրաժարեալ նախարար Աշրաֆ Ռիֆիին արգիլած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի դէմ ցեխարձակումներ կատարել:

 

Նախորդը

«Արեւմուտքը Կ՛աջակցի ՏԱՀԵՇ-ին Եւ Անոր Կողքին Կը Կանգնի» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Արագացնելու Ազգային Միասնականութեան Կառավարութեան Կազմութիւնը Եւ Վաւերացնելու Ընտրական Նոր Օրէնք Մը

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?