Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Նախագահը Ընդունեց Միւֆթի Տըրիանը Եւ Հաստատեց Իր Երդման Ճառը Գործադրելու Ուղղութեամբ Կատարելիք Աշխատանքը

November 17, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_mufti_deryan_111616

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանը, որ շնորհաւորեց նախագահ Աունը` անոր ընտրութեան առիթով:

Միւֆթի Տըրիան մաղթեց, որ նախագահ Աունի իշխանութեան օրերուն լիբանանցիներուն ձգտումները իրագործուին` յոյս յայտնելով նաեւ, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւնը կազմուի:

«Մեր գրաւը կը դնենք լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ համախոհութեան վրայ, յատկապէս նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ գործակցութեան վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել Լիբանանի բարգաւաճումն ու ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ արձանագրել մեծ թիւով նուաճումներ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, նախագահ Աուն յայտնեց, որ իրենք միասնաբար պիտի յաղթահարեն իրենց դէմ ծառացող դժուարութիւնները, որովհետեւ պատասխանատուները առանձինն ոչինչ կրնան իրագործել, եւ «ես գործակցութեան ձեռք կ՛երկարեմ բոլորին` գործելու ի խնդիր Լիբանանի շահերուն»:

Նախագահ Աուն նշեց, որ իրեն համար առաջնահերթութիւններ են երկրին ապահովական կայունութեան ամրապնդումը, փտածութեան դէմ պայքարը, օրէնքներու բարեփոխումը, պետական հաստատութիւններու եւ վարչութիւններու աշխատանքներուն աշխուժացումը եւ ամէն ինչ որ պէտք է կատարուի հզօր, կարող եւ արդար պետութիւն մը կերտելու համար:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ինք յատուկ ուշադրութեամբ պիտի բարեկարգէ նաեւ լիբանանեան լքուած շրջանները, ինչպէս նաեւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ գործադրելու իր երդման ճառը:

Երէկ նախագահ Աուն գուժեց «Սոլիտ» միութեան նախագահ Ղազի Աատի մահը` հաստատելով, որ անոր բացակայութիւնը մնայուն կերպով պիտի զգացուի մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան շրջագիծին մէջ:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Աատ իր օրինակով պիտի մնայ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանի օրինակելի տիպարը:

Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց ութ դիւանագէտներու հաւատարմագիրները. վերջիններս արդէն կը պաշտօնավարէին իբրեւ դեսպանատան գործավար կամ իրենց ստանձնած պաշտօններու տեղակալի առժամեայ հանգամանքով:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Աուն ընդունեց Զուիցերիոյ դեսպան Ֆրանսուա Փարասի, Պրազիլի դեսպան Խորխէ Ժերալտօ Քատիրիի, Աւստրալիոյ դեսպան Կլեն Մայլզի, Դանիոյ դեսպան Սվենտ Վավըրի, Նորվեկիոյ դեսպան Լին Նաթաշա Լինտի, Սրիլանքայի դեսպան Հերաթ Մենտիսի, Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի եւ Պանկլատեշի դեսպան Ապտել Մաթլապ Սալքըրի հաւատարմագիրները:

Հաւատարմագիրներու յանձնումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձած էր Պէյրութ, եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնակատարներ

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Դրական Ընթացքի Մէջ Է Եւ Կը Յուսանք, Որ Անոր «Ծնունդ»-Ը Մօտալուտ Ըլլայ»

Յաջորդը

Սամեհ Շուքրի Կը Հաստատէ Եգիպտոսի Յանձնառութիւնը Լիբանանի Կայունութեան Նկատմամբ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.