Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պքերքէի Մէջ. Նախագահ Աուն Եւ Ռայի Պատրիարքը Կը Հաստատեն Ազգային Ուխտին, Սահմանադրութեան Եւ Ազգային Միասնականութեան Կառչած Մնալու Անհրաժեշտութիւնը

Նոյեմբեր 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_rayi_111716

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յոյս յայտնեց, որ նախագահ Աունի Պքերքէ կատարած առաջին այցելութիւնը ըլլայ առիթ մը, որուն ընթացքին շեշտուի, թէ հանրապետութեան նախագահութիւնը եւ Պքերքէն միասնաբար կը գործեն երկրին հաստատութիւններուն եւ լիբանանցիներուն շահերուն համար:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ մարոնի պատրիարքութիւնը միայն մարոնի համայնքին չի պատկանիր, այլեւ` բոլոր լիբանանցիներուն:

«Անիկա Լիբանանի ազգային շահերը ապահովող հաստատութիւն մըն է», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` կատարեալ զօրակցութիւն յայտնելով նախագահ Աունին, որ երկրին Ա. իշխանութեան պետն է, Լիբանանի միասնականութեան խորհրդանիշը, ինչպէս նաեւ երկրին սահմանադրութեան նկատմամբ յարգանքը պահպանելու արթուն հսկիչը:

Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ Պքերքէի մէջ շնորհակալութեան աղօթք կը մատուցեն` զօր. Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու եւ երկուքուկէս տարուան թափուր դրութեան վերջ տալու առիթով:

Ան ողջունեց նախագահ Աունի ընտրութեան լոյսին տակ լիբանանցիներուն միջեւ միասնականութեան ամրապնդումը:

«Լիբանանի բարգաւաճումը կարիքը ունի անոր բոլոր զաւակներուն միջեւ գործակցութեան, որովհետեւ բաժանումը կը տկարացնէ երկիրը եւ կը սպառնայ անոր: Իսկ ձեր ընտրութիւնը արդիւնք է արդար եւ արդիւնաբեր պետութիւն մը կերտելու իմաստով ձեր մղած պայքարին», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը ընդգծեց սահմանադրութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը` նշելով, որ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու առիթը մեծ է: Ան կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական օրէնք մը, որ հաւասարութիւն կ՛ապահովէ, ինչպէս ճշդուած է Թաէֆի համաձայնագիրով:

Ան մաղթեց նաեւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի յաջողի կազմել ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը` յոյս յայտնելով, որ նախագահ Աունի իշխանութիւնը սկսի Լիբանանի վրայ կուտակուած սեւ ամպերու հեռացումով:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ կարելի չէ նախապայմաններու ծրարը փոխարինել այս կամ այն նախարարութենէն անշեղ մնալու եւ վեթոյի ենթարկելու քայլերով:

«Երկար տառապած լիբանանցիները կը սպասեն երկրին տնտեսական, կենսոլորտային եւ ապրուստի պայմաններու բարելաւումին, լիբանանցի երիտասարդները անհամբեր են իրենց ներուժը Լիբանանի մէջ սպառելու, շրջանները կը պահանջեն վարչական ապակեդրոնացում, իսկ սեփական մարզը կարիքը ունի պետական մարզին հետ գործակցելու», եզրափակեց Ռայի պատրիարքը:

Իր կարգին, նախագահ Աուն նշեց, որ ինք եկեղեցւոյ ամպիոնէն կը յայտնէ, որ Էլիաս Հուայէք պատրիարքը ամէն ջանք ի գործ դրած է Լիբանանի միասնականութեան եւ գերիշխանութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլոր լիբանանցիները համախմբած է երկրին անկախութեան շուրջ: «Սակայն ընդհանրապէս պատմութեան մէջ կը յիշուի այս փուլին նախորդող ժամանակաշրջանը, երբ մարոնիները, նախքան Լիբանան հասնիլը եւ անկէ ետք, տանջանքներու ենթարկուած են մեմլուքներուն եւ թուրքերուն իշխանութեան ներքեւ:

«Մենք մեր պայքարը այդ հանգրուանէն սկսած ենք եւ այսօր անոր շնորհիւ հասած ենք այս դիրքին: Իսկ ներկայիս Արեւելքը ամէնէն դժուար պայմանները կը դիմագրաւէ, որովհետեւ Արեւելքէն քրիստոնեաները արմատախիլ ընելու փորձեր կը կատարուին», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ իրենք այդ վտանգը կ՛ապրին, եւ եթէ ֆիզիքապէս չեն չարչարուիր, ապա բարոյական տանջանքը չի լքեր զիրենք` վերածուելով մղձաւանջի:

«Լիբանանի պետական կառոյցները հիւծած են խորհրդարանի նստաշրջանի մնայուն երկարաձգումին եւ իշխանութեան անկարողութեան պատճառով: Իսկ Լիբանանի դիմագրաւած ամէնէն լուրջ վտանգը փտածութիւնն է, որ փակած է լիբանանեան պետութեան երակները:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ եկեղեցին երաշխիք է պահպանելու արժանիքներն ու պարկեշտութիւնը` աւելցնելով, որ առանց եկեղեցւոյ իրենք իրենց պարտականութիւնները չեն կրնար կատարել:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ռայի պատրիարքին իրեն նկատմամբ ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար` մաղթելով, որ բոլորին միջեւ գործակցութիւնը շարունակուի` Լիբանանի եւ եկեղեցւոյ բարիքը ապահովելու ի խնդիր:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի մեկնի Հռոմ, ուր պիտի նախապատրաստէ Ֆրանչիսկոս պապին եւ նախագահ Աունի միջեւ կատարուելիք հանդիպումը:

Պէտք է աւելցնել, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ակնարկեց նախագահ Աունի կատարած այն յայտարարութեան, թէ խորհրդարանի նստաշրջանը երկարաձգելու պատճառով պետական հաստատութիւնները հիւծած են, եւ ըսաւ. «Իսկապէս երկարաձգումը վատ է, իսկ պետական հաստատութիւնները հիւծած են, ինչպէս կ՛ըսէ հանրապետութեան նախագահը: Սակայն նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերուն ներկայութիւնը պոյքոթի ենթարկելը շատ աւելի վատ ազդեցութիւն ունեցած է հաստատութիւններուն վրայ, որոնց շարքին է նաեւ խորհրդարանը»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Մուքպելի Հետ Քննարկեց Պաշտպանութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Զախարովա Հաստատած Է, Որ Շփման Գիծին Վրայ Հետաքննութեան Մեքանիզմներու Հաստատումէն Հրաժարած Է Ազրպէյճանը

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?