Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ բանակը Արսալի Այն Շաապ շրջանին մէջ խուզարկած է սուրիական գաղթակայան մը` փնտռելով յանցագործներ:
Խուզարկումներու ընթացքին բանակը ձերբակալած է կասկածելիներ, ինչպէս նաեւ գրաւած մեծ թիւով մոթորսիքլեթներ: