Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի Լիբանան կատարած իր պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ այցելեց Պաապտա, ուր շնորհաւորեց զօր. Միշել Աունը` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան շրջանցած է իր դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս նախագահական երդման ճառին շուրջ լիբանանցիներուն գոյացուցած համախոհութեան շնորհիւ:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի գոյացած ներքին լիբանանեան համաձայնութիւնը ամրապնդելու, որպէսզի ան իր կարգին նեցուկ կանգնի արաբական աշխարհին:
Նախագահ Աուն մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնուի` նկատի ունենալով նման լուծման ունենալիք դրական ազդեցութիւնները, յատկապէս սուրիացի գաղթականներու տանջանքին վերջ դնելու առումով:
Հանդիպումէն ետք Շուքրի յայտնեց, որ նախագահ Աունին փոխանցած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիէն զօրակցական նամակ մը` հաստատելով, որ Եգիպտոս յանձնառու է կայուն եւ բարգաւաճ Լիբանանի նկատմամբ:
Շուքրի մաղթեց, որ արաբական աշխարհի միացեալ շահերը պաշտպանուին, որպէսզի լիբանանեան պետական բոլոր հաստատութիւններուն միջեւ երկխօսութիւն եւ ամրապնդուած յարաբերութիւն գոյանայ` հասնելով մինչեւ իրենց միացեալ նպատակներուն իրագործումը:
Ան նշեց նաեւ, որ նախագահ Աունին յանձնած է նախագահ Սիսիի կողմէ ուղղուած Եգիպտոս այցելութեան հրաւէր մը:
Պըրրիի Մօտ
Շուքրի այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Շուքրի յայտնեց, որ Գահիրէ միշտ օժանդակած է միջարաբական յարաբերութիւններու ամրապնդումին` աւելցնելով, որ Եգիպտոս ճիգ պիտի չխնայէ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները իրենց հեզասահ եւ ամուր իրավիճակին վերադարձնելու իմաստով:
Շուքրի յայտնեց, որ Պըրրի կարեւոր նախաձեռնութիւն մը առաջադրած է երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ Ափրիկէի հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու առումով:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Եգիպտոս կը զօրակցի միջլիբանանեան համախոհութեան` աւելցնելով, որ Գահիրէ բարձր կը գնահատէ Պըրրիի դերակատարութիւնը` լիբանանեան պետական կառոյցները պահպանելու եւ ժողովուրդին շահերուն ի նպաստ գործելու առումով:
Շուքրի յայտնեց, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի կը փափաքի, որ նախագահ Աունի կողքին Պըրրի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի այցելեն Եգիպտոս` երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու միացեալ ծրագիր մը մշակելու նպատակով:
Պուսթրոս Պալատին Մէջ
Պուսթրոս պալատին մէջ ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Շուքրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը պարզապէս սկիզբն է` աշխատանքի ոգին սահմանադրական հաստատութիւններուն վերադարձնելու առումով:
Ան յոյս յայտնեց, որ այդ քայլը իր շարունակութիւնը ունենայ` կազմելով ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը, որուն աշխատանքային առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը` արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող նոր ընտրական օրէնքի մը հիման վրայ:
Պասիլ յայտնեց, որ հակառակ այն իրականութեան, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ ահաբեկչութեան եւ սուրիացի գաղթականներուն հարցերը, Լիբանանի մէջ երկխօսութեան եւ համախոհութեան ոգին յաղթանակ արձանագրեց:
Ան դիտել տուաւ, որ հանրապետութեան նախագահին արտասանած երդման ճառին մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանան արտաքին անկախ քաղաքականութիւն մը կը վարէ եւ կառչած կը մնայ Արաբական լիկայի ուխտին:
Պասիլ մաղթեց, որ Արաբական լիկան կը վերստանձնէ իր աշխուժ եւ դրական դերակատարութիւնը:
Իր կարգին Շուքրի ըսաւ, որ Լիբանան կատարած իր այցելութեան նպատակն է շնորհաւորել հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը եւ փոխանցել Եգիպտոսի ողջոյնները` երկրին պետական հաստատութիւնները պահպանելու առիթով:
Շուքրի մաղթեց, որ յաջորդ փուլը ըլլայ խորհրդակցութիւններու փուլ մը` օգտուելով Լիբանանի եւ Եգիպտոսի վայելած ապահովական կայունութենէն:
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Հետ
Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Շուքրին, որ յայտնեց, թէ Հարիրիի հետ քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ քաղաքական ու տնտեսական առումով գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
Շուքրի ընդգծեց, որ իրենք քննարկած են երկկողմանի մարտահրաւէրները, որոնց շարքին են ահաբեկչութիւնն ու արաբական աշխարհին տագնապալի իրականութիւնը:
Ան հաստատեց, որ արաբական աշխարհի ապահովական կայունութեան եւ արաբական ազգային անվտանգութեան վերահաստատումը կարեւոր է:
Շուքրի շեշտեց, որ Եգիպտոս ամէն գնով պիտի զօրակցի Լիբանանի կայունութեան:
Շուքրի` Քլեմանսոյի Մէջ
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի մէջ ընդունեց Շուքրին, որ յայտնեց, թէ նախագահական ընտրութիւնն ու ազգային միասնականութեան կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը երկրին կայունութիւնը ապահովող ազդակներ են եւ Եգիպտոս նախանձախնդիր է Լիբանանի խաղաղութեան ու ապահովական կայունութեան:
Իր կարգին, Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան ուշացումին դրդապատճառները ներքին լիբանանեան են եւ ոչ թէ շրջանային կամ միջազգային:
Սամիր Ժահժահի Մօտ
Մեհրապի մէջ Շուքրի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Շուքրի Եգիպտոսի զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին` մաղթելով, որ ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կը կազմուի:
Փաղանգաւոր Կուսակցութեան Հետ
Երեկոյեան ժամը շուրջ 8:00-ին, Շուքրի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսին, որ այս դժուար փուլին Լիբանանի համար դրական լուծումներ գտնելու ջանքեր կը թափէ:
Իր կարգին, Շուքրի ըսաւ, որ իր այցելութեան նպատակն է Եգիպտոսի զօրակցութիւնը յայտնել Լիբանանին եւ անոր ազգային միասնականութեան ու հողային ամբողջականութեան: