Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տակաւին Կը Գտնուինք Կառավարութեան Կազմութեան Ընդունելի Ժամկէտի Սահմաններուն Մէջ Եւ Ոչ Ոքի Դէմ Վեթօ Կ՛օգտագործենք» Շեշտեց Քանաան

November 18, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

takatol-1_111716

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ պահանջուածը իշխանութեան նոր նստաշրջանի հեզասահ ընթացքն է: Ան նշեց, որ երէկ Պքերքէի մէջ գծուած պատկերը, որուն մէջ ներկայ էին Ա. իշխանութեան պետն ու մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, ցոյց տուաւ, թէ ամբողջ այս ժամանակաշրջանին այդ երկու անձնաւորութիւններուն դիմադրութիւնը սրբագրած է Ազգային ուխտին խախտումը, որ 26 տարի տեւած է:

Քանաան նշեց, որ Ազգային ուխտին համապատասխանող հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը հիմնական նեցուկ է` ազգային իսկական միասնականութեան իրականացման:

«Հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը փաստեց, որ լիբանանցիները նուաճում մը իրագործած են, սակայն այդ նուաճումը պէտք է ամբողջացնել կառավարութեան կազմութեամբ: Տակաւին կը գտնուինք կառավարութեան կազմութեան ընդունելի ժամկէտի սահմաններուն մէջ եւ ոչ ոքի դէմ վեթօ կ՛օգտագործենք», յայտնեց Քանաան` հերքելով լրատուամիջոցներուն մէջ շրջան ընող լուրերը եւ հաստատելով, որ իրենք առաջարկած են ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմել:

Քանաան յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի շրջագիծին մէջ իրենք կը զօրակցին հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին ջանքերուն:

Ան ընդգծեց, որ իրենք պատրաստ են գործակցելու բոլորին հետ` ճշդելու համար ընտրական նոր օրէնքը:

Ան նաեւ նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին` յոյս յայտնելով, որ յառաջիկայ փուլը ըլլայ աշխատանքային շրջան մը, որպէսզի միացեալ նպատակներ իրագործուին եւ ոչ թէ բանավէճեր արձանագրուին:

 

Նախորդը

«Հարիրիին Յայտնեցի Միջազգային Դրամատան Պատրաստակամութիւնը` Լիբանանի Հետ Ամէն Իմաստով Գործակցելու Առումով» Շեշտեց Պալհաժ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Մուքպելի Հետ Քննարկեց Պաշտպանութեան Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.