Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրապետութեան Նախագահի Ընտրութեան Առիթով. Սամի Ժեմայէլ Շնորհաւորեց Պասիլը

Նոյեմբեր 19, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

sami_basil_111816

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի հետ, ներկայութեամբ` նախարարներ Էլիաս Ապու Սաապի եւ Ալեն Հաքիմի, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիայի, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդի անդամ Սերժ Տաղերի:

Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ Փաղանգաւոր կուսակցութեան անունով շնորհաւորեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը` զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով:

Ապա քննարկուեցան երկու կուսակցութիւններուն միջեւ հասարակաց մօտեցումները` ընդգծելով փոխադարձ գործակցութեան եւ խորհրդակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու, փտածութեան դէմ պայքարելու եւ վարչական ապակեդրոնացումի դրութիւնը որդեգրելու առումով:

Ժեմայէլ վերահաստատեց նոր իշխանութեան եւ նոր նախագահին նկատմամբ յոյսը` շեշտելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հանրապետութեան նախագահին նեցուկ պիտի կանգնի:

Միւս կողմէ, Ժեմայէլ նախանցեալ գիշեր Սայֆիի մէջ տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան ընթացքին Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի երեսփոխանները «Մայրիներու յեղափոխութիւնը Լիբանանին ծառայելու պատրաստ» կարգախօսով քուէարկած են, որովհետեւ պատահածը սովորական չէր:

«Կան նահատակներ, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին պահպանելու համար Լիբանանը: Մեր նպատակը այս կամ այն կողմին հետ քաղաքական մրցակցութիւնը չէր, այլ` մեր նահատակներուն թափած արեան պաշտպանութիւնը», ըսաւ Ժեմայէլ` աւելցնելով, որ իրենք իրենց կեցուածքներուն կառչած կը մնան եւ այդ սկզբունքները սակարկութեան չեն ենթարկեր` նախագահական ընտրութեան, նախարարութեան կամ երեսփոխան դառնալու համար:

Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ իրենք քաղաքական միակ ուժն են, որ ընդունած են իրենց պարտութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք գիտեն, թէ իրենց կեցուածքներուն գինը սուղ պիտի վճարեն, սակայն իրենց համար կարեւորը իրենց ինքնութեան պահպանումն է եւ իրենց նահատակներուն յիշատակին նկատմամբ հաւատարմութիւնը:

Ժեմայէլ նշեց, որ այսօր Լիբանան ունի իր հանրապետութեան նախագահը, որուն աշխատելու առիթ պէտք է տրուի, «իսկ անոր ձախողութեան պարագային մենք բոլորս ձախողած կը նկատուինք», շեշտեց ան:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին նոր Լիբանան մը կերտելու` դիտել տալով, որ իրենք կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը պիտի չխոչընդոտեն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Արսալի Մէջ Բանակը Խուզարկեց Սուրիական Գաղթակայան Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?