Լիբանանեան

Ժոմպլաթ Եւ Արսլան Տիւրզի Համայնքին  Իրաւունքները Կը Պահանջեն

Ժոմպլաթ Եւ Արսլան Տիւրզի Համայնքին Իրաւունքները Կը Պահանջեն

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ առաւօտեան ընկերային ցանցին ընդմէջէն կատարեց գրառում մը, որուն մէջ ակնարկելով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հաստատեց, որ քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ կը փափաքի բռնի ուժով ստանալ իր բաժինը` աւելցնելով, որ ուժային նախարարութիւններուն անկարելի է մօտենալ, որովհետեւ անոնք մեծերուն բաժինը կը նկատուին: «Ընկերային հարցերու նախարարութիւնը ընկղմելէ ետք մեզի կ՛առաջարկուի: Հաւանաբար այս յայտարարութիւնս ոմանց տրամադրութիւնը խանգարէ, սակայն...

Ժահժահ Ժեմայէլի Հետ Կը Հաստատէ  Լիբանանեան Ուժեր Եւ Փաղանգաւոր  Կուսակցութիւններուն Միջեւ  Բնական Յարաբերութիւնը

Ժահժահ Ժեմայէլի Հետ Կը Հաստատէ Լիբանանեան Ուժեր Եւ Փաղանգաւոր Կուսակցութիւններուն Միջեւ Բնական Յարաբերութիւնը

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին Ժահժահ դրուատեց Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւններուն միջեւ բնական յարաբերութիւններու գոյութիւնը` աւելցնելով, որ տարակարծութիւնը բացառութիւն է: Ժահժահ շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր եւ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնները համախմբող գաղափարական եւ ազգային սկզբունքները նոյնն են` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է զանոնք գործնականացնել քաղաքական աշխատանքով: Միւս...

Պաապտայի Մէջ .  «Նախագահ Աուն Բոլորին Նախագահն Է  Եւ Երկրին Պաշտպանը,  Որուն Նեցուկ Պիտի Կանգնինք»  Շեշտեց Ժեմայէլ

Պաապտայի Մէջ . «Նախագահ Աուն Բոլորին Նախագահն Է Եւ Երկրին Պաշտպանը, Որուն Նեցուկ Պիտի Կանգնինք» Շեշտեց Ժեմայէլ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլը, որ շնորհաւորեց զօր. Աունը` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ կառավարութեան նոր կազմը պէտք է ըլլայ ներդաշնակ եւ արդիւնաբեր: Ան ընդգծեց, որ նախագահ Աուն բոլորին նախագահն է եւ երկրին պաշտպանը` հաստատելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը նեցուկ պիտի կանգնի հանրապետութեան նախագահին: Ժեմայէլ նաեւ հաստատեց, որ...

Հարիրի Թարապէյէն Ստացաւ Արաբական  Դրամատուներու Համադաշնակցութեան  Խորհրդաժողովին Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Հարիրի Թարապէյէն Ստացաւ Արաբական Դրամատուներու Համադաշնակցութեան Խորհրդաժողովին Մասնակցելու Հրաւէր Մը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյը, ընկերակցութեամբ` Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ուիսամ Ֆաթթուհի: Հանդիպումէն ետք Թարապէյ յայտնեց, որ Հարիրիին յանձնած են հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու Արաբական դրամատուներու համադաշնակցութեան խորհրդաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 24 նոյեմբերին, Պէյրութի մէջ: Թարապէյ ողջունեց Հարիրին` շեշտելով, որ ան իր ներկայութեամբ պիտի պատուէ խորհրդաժողովը: Թարապէյ մաղթեց,...

Պրիւքսէլի Մէջ.  Պասիլ Եւրոպական Միութեան Հետ Լիբանանի  Գործակցութեան Առաջնահերթութիւններուն  Փաստաթուղթը Կը Ստորագրէ

Պրիւքսէլի Մէջ. Պասիլ Եւրոպական Միութեան Հետ Լիբանանի Գործակցութեան Առաջնահերթութիւններուն Փաստաթուղթը Կը Ստորագրէ

Ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան մեկնեցաւ Պրիւքսէլ, ուր Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Ճոհաննես Հանի հետ ստորագրեց Եւրոպական Միութեան հետ Լիբանանի գործակցութեան առաջնահերթութիւններուն փաստաթուղթը: Փաստաթուղթին հիման վրայ Եւրոպական Միութեան եւ Լիբանանի միջեւ քաղաքական երկխօսութիւն կը կատարուի, Եւրոպական Միութիւնը երկխօսութիւն կրնայ կատարել նաեւ...

Սամեհ Շուքրի Պաշտօնական  Այցելութիւն Կու Տայ Պէյրութ

Սամեհ Շուքրի Պաշտօնական Այցելութիւն Կու Տայ Պէյրութ

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի երէկ կէսօրէ ետք պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ: Շուքրի այսօր կէսօրէ առաջ պիտի այցելէ Պաապտա, ուր պիտի շնորհաւորէ զօր. Միշել Աունը` հանրապետութեան նախագահ ընտրուելուն առիթով: Ապա Շուքրի հանդիպում մը պիտի ունենայ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ժըպրան Պասիլի, ինչպէս նաեւ առանձին տեսակցութիւններ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու  Համադաշնակցութիւնը  Պետութենէն  Կը Պահանջէ Փոխադրութեան Մարզը Տնօրինել

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը Պետութենէն Կը Պահանջէ Փոխադրութեան Մարզը Տնօրինել

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւններուն յայտարարած գործադուլ-ցոյցին լոյսին տակ, երէկ այդ համադաշնակցութիւններուն անդամները մասնակցեցան ցոյցին, որ սկսաւ Քաֆաաթէն եւ հասաւ մինչեւ Սանայեհ` ներքին գործոց նախարարութեան կեդրոն: Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ իրենք պետութենէն կը պահանջեն տնօրինել փոխադրութեան մարզը եւ վերստանձնել ինքնաշարժներու մեքանիզմի ստուգման կեդրոնները, ինչպէս նաեւ կողմնակալ չըլլալ երթեւեկի օրէնքները պարտադրելու...

Սամի Ժեմայէլ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց  Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Սամի Ժեմայէլ Ապու Ֆաուրի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ Սայֆիի մէջ ընդունեց ընթացաւարտ կառավարութեան առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ժեմայէլի խորհրդատու Միշել Խուրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ կէսօրին բուռն կերպով ռմբակոծեց Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ գտնուող զինեալներուն դիրքերը: ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ ձերբակալուած են երկու սուրիացիներ, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապի մէջ են եւ անոնց դրամի փոխանցումներ կը կատարեն: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ երեսփոխան Պահիա...

«Կը Պահանջենք Լիբանանահայութեան Ճշգրիտ  Եւ Արդար Ներկայացուցչութիւնը Ե՛ւ Կառավարութեան,  Ե՛ւ Ընտրական Օրէնքին Պարագային»   Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կը Պահանջենք Լիբանանահայութեան Ճշգրիտ Եւ Արդար Ներկայացուցչութիւնը Ե՛ւ Կառավարութեան, Ե՛ւ Ընտրական Օրէնքին Պարագային» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անցեալ շաբաթ օր «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին  արագ ընթացքը չի նշանակեր, որ պէտք է աճապարել` նախարարաց խորհուրդը կազմելու իմաստով: «Անշուշտ անկարելի չէ, որ կառավարութիւնը Լիբանանի Անկախութեան տօնէն առաջ կազմուի, սակայն որոշ դժուարութիւններ կան, եւ պէտք չէ գրաւ դնել անպայման Անկախութեան...

Հակառակ Կարգ Մը Կողմերու  Դրած Նախապայմաններուն.   Լուրջ Ճիգեր Կառավարութեան Մօտալուտ  Կազմութեան Առնչութեամբ

Հակառակ Կարգ Մը Կողմերու Դրած Նախապայմաններուն. Լուրջ Ճիգեր Կառավարութեան Մօտալուտ Կազմութեան Առնչութեամբ

31 հոկտեմբերի նախագահական ընտրութենէն ի վեր ժողովրդային, ինչպէս նաեւ տեղական թէ արտաքին քաղաքական շրջանակներու հայեացքները կեդրոնացած են սահմանադրական կարեւորագոյն յաջորդ հանգրուանին` կառավարութեան կազմութեան վրայ եւ այս գծով ճիգերը արդէն իսկ բաւական ճամբայ կտրած են: Արդարեւ, երկրի եօթը գլխաւոր համայնքներու եւ գործօն ուժերու ներկայացուցիչներ սերտ խորհրդակցութիւններ կ՛ունենան պատկան կողմերուն հետ` իրենց բաժինը ունենալու նախատեսուող կառավարական կազմին մէջ: Առ այդ, խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած...

Կառավարութեան Կազմութեան  Հոլովոյթի Շրջագիծին Մէջ  Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Պըրրիի

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթի Շրջագիծին Մէջ Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Պըրրիի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթ երեկոյեան ժամը 8:30-ին այցելեց Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան ընթացաւարտ կառավարութեան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը: Հանդիպումէն ետք Հարիրի դարձաւ Պըրրիի ընթրիքի հիւրը: Թէեւ Այն Թինէէն պաշտօնական յայտարարութիւն չկատարուեցաւ, սակայն վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը...

Լիբանանի Իշխանութեան Երեք Պետերը  Սէուտական Արաբիոյ Ցաւակցութիւն Կը Յայտնեն

Լիբանանի Իշխանութեան Երեք Պետերը Սէուտական Արաբիոյ Ցաւակցութիւն Կը Յայտնեն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին ցաւակցագիր մը յղեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, անոր եղբօր` իշխան Թուրքի պըն Ապտել Ազիզի մահուան առիթով: Նախագահ Աուն Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն անունով ցաւակցութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին` անոր մաղթելով մխիթարութիւն: Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին յղեց ցաւակցագիր մը: Նոյն առիթով, վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ...

Պըրրի. «Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան  Երկարաձգումը Ոչ Միայն Խորհրդարանի  Զենումն Է, Այլ Նաեւ` Նոր Իշխանութեան»

Պըրրի. «Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Ոչ Միայն Խորհրդարանի Զենումն Է, Այլ Նաեւ` Նոր Իշխանութեան»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի Ամալ շարժումի ուսանողները, որոնք վերջերս համալսարանին մէջ տեղի ունեցած ուսանողական խորհուրդի ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրած էին: Պըրրի ըսաւ, որ քաղաքականութիւնը մարզական խաղ մըն է, որ կը ծառայէ երկրին շահերուն: «Անիկա մարզական մրցում մըն է` երկրին շահերը ապահովելու համար, եւ ոչ թէ ոխակալութիւն: Այն երկիրը, ուր քաղաքականութիւնը կ՛օգտագործուի ոխակալութեան նպատակով,...

Պասիլ. «Կառավարութիւն  Եւ Ընտրական Նոր Օրէնք Պիտի Ունենանք»

Պասիլ. «Կառավարութիւն Եւ Ընտրական Նոր Օրէնք Պիտի Ունենանք»

Ընթացաւարտ կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթ երեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Շիյահի մասնաճիւղին կազմակերպած ընթրիքին ընթացքին շեշտեց, որ այսօր աւելի քան երբեք լիբանանեան քաղաքական ուժերը իրարու կարիք ունին: «Մենք պէտք է միասին գործենք հզօր հայրենիք եւ հզօր պետութիւն ունենալու համար», ըսաւ ան: Պասիլ շեշտեց բոլորին կողմէ միասնաբար գործելու եւ լիբանանեան հզօր պետութիւն մը...

«Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը  Թուրքիոյ Կայունութենէն Կախեալ Է»  Շեշտեց Էրճիյէշ

«Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Թուրքիոյ Կայունութենէն Կախեալ Է» Շեշտեց Էրճիյէշ

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշ շաբաթավերջին այցելեց հիւսիսային Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Մընիէի քաղաքապետ Զաֆեր Զրէյքայի, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Քազեմ Խէյրի, Մընիէի քաղաքապետական համադաշնակցութեան նախագահին, Այտամունի քաղաքապետ Քամալ Մաքսուտի եւ Մընիէի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքի գործակատարին ու իսլամ հոգեւորականներու հետ: Էրճիյէշ յայտնեց, որ կան բարգաւաճման շարք մը ծրագիրներ, զորս Թուրքիա կը փափաքի իրականացնել հիւսիսային Լիբանանի գիւղաքաղաքներուն մէջ` աւելցնելով, որ ճիգ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան մէջ պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ ոչ ոք պիտի կարենայ Դիմադրութիւնը ետ մղել` իսրայէլեան ծրագիրներուն դէմ դնելու իր առաքելութենէն: ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ալեն Հաքիմ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը երկրին եւ տնտեսութեան վերադարձուցած է վստահութիւնն ու կայունութիւնը: ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏ կառավարութեան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը...

Կառավարութեան Կազմութեան Աշխատանքը  Կը Շարունակուի, Իսկ Նախագահ Աուն Տնտեսական  Մարզը Բարելաւելու Նպատակով  Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Ներդրումին

Կառավարութեան Կազմութեան Աշխատանքը Կը Շարունակուի, Իսկ Նախագահ Աուն Տնտեսական Մարզը Բարելաւելու Նպատակով Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Ներդրումին

Մինչ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմութեան անիւը կը թուի հանգիստ թաւալքի մէջ ըլլալ, «Մարքազիէ» լրատու գործակալութիւնը` իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, հաղորդեց, որ սէուտցի պատուիրակ մը մօտիկ ապագային պիտի այցելէ Լիբանան, ուր պիտի շնորհաւորէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը եւ անոր պիտի յանձնէ Սէուտական Արաբիա այցելութեան թագաւորական հրաւէրը: Կը նախատեսուի, որ նախագահ Աունի եւ ընթացաւարտ կառավարութեան մէջ արտաքին գործոց...

Վարչապետ Հարիրի Դրական Մթնոլորտի Մէջ  Կը Շարունակէ Կառավարութեան  Կազմութեան Հոլովոյթը

Վարչապետ Հարիրի Դրական Մթնոլորտի Մէջ Կը Շարունակէ Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հարիրիի այցելուներէն եղաւ նաեւ հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար, որ շնորհաւորեց Հարիրին` անոր ներկայացնելով իր բարեմաղթութիւնները: Շէյխ Շաար վարչապետէն պահանջեց իսլամ արգելափակեալներուն թղթածրարը լուծել: Միւս կողմէ, Հարիրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը...

Այն Թինէի Մէջ.   «Պըրրի Կը Մնայ Երկիրը Բաղկացնող  Բոլոր Ուժերուն Իրաւունքները Երաշխաւորողը»  Շեշտեց Արսլան

Այն Թինէի Մէջ. «Պըրրի Կը Մնայ Երկիրը Բաղկացնող Բոլոր Ուժերուն Իրաւունքները Երաշխաւորողը» Շեշտեց Արսլան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի կառավարութեան կազմութեան: Հանդիպումէն ետք Արսլան շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին, որ ընդգծած է նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան մասնակցութեան կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը: «Պըրրիի հետ մեր հեզասահ յարաբերութիւններուն կառչած...

Page 782 of 986 1 … 781 782 783 … 986

Արխիւներ