«Կառավարութեան Կազմութեան Աշխատանքը Պիտի Չխոչընդոտենք, Սակայն Ասիկա Չի Նշանակեր, Որ Առնուած Բոլոր Քայլերուն Համաձայն Ենք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք կը մաղթէին կառավարութեան կազմութիւնը տեսնել նախագահական ընտրութենէն անմիջապէս ետք, «սակայն պէտք է ըսել, որ տակաւին կը գտնուինք կառավարութեան կազմութեան տրամաբանական ժամկէտի ծիրին մէջ: Վարչապետի նշանակումին արդէն իսկ մէկ ամիս անցած է, եւ պէտք է որեւէ ատեն սպասել կառավարութեան ծնունդի յայտարարութիւնը»,...




















