Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Տիոն, որ անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր Պէյրութ, երէկ հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան պետերուն եւ այլ անձնաւորութիւններու հետ` քննարկելու համար լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս գաղթականներուն վերաբերող հարցեր:
Պաապտայի մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց Տիոնը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրավիճակն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց սուրիական տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի ան իր դրական անդրադարձը ունենայ գաղթականներուն վրայ:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ լիբանանեան-քանատական յարաբերութիւնները պահպանելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի գաղթականներուն իրավիճակը:
Տիոն նախագահ Աունի փոխանցեց Քանատայի վարչապետին ողջոյնները` ընդգծելով Քանատայի մէջ լիբանանցիներուն դերակատարութեան կարեւորութիւնը:
Այն Թինէի մէջ Տիոն հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Քանատայի դեսպան Միշել Քամերոնի:
Հանդիպումին ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան սուրիացի գաղթականներուն դիմագրաւած հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Տիոնը:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ սուրիացի գաղթականներու տագնապը լուծելու կարելիութիւնները:
Պուսթրոս պալատին մէջ տրուած մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին Պասիլ ընդգծեց, որ սուրիացի գաղթականներուն ապահով տունդարձը գաղթականներու տագնապին միակ լուծումն է:
Իր կարգին, Տիոն յայտնեց, որ Քանատա պիտի օժանդակէ Լիբանանին` գաղթականներու բեռը թեթեւցնելու իմաստով: Ան մաղթեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը շուտով կազմուի: Քանատայի արտաքին գործոց նախարարը այցելեց նաեւ ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցաւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ֆուատ Մախզումիի հետ:
Նշենք, որ Տիոն այցելեց նաեւ Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ռայի պատրիարքը ընդգծեց միջազգային ընտանիքին, որուն շրջագիծին մէջ նաեւ Քանատայի դերը` շրջանային պատերազմները կասեցնելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու առումով: