Պաապտայի շտապ հարցերու ատեանի դատաւոր Հասան Համտան երէկ արձակեց վճիռ մը` «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին սփռումը վերսկսելու «Արապսաթ» ընկերութեան միջոցով:
Նշենք, որ «Արապսաթ»-ի որոշումով «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին սփռումը կասեցուած էր, երբ «Արապսաթ» ընկերութիւնը Լիբանանէն Յորդանան փոխադրուած էր:
Պէտք է աւելցնել, որ այս վճիռը ամէնէն արագ միջոցին պիտի գործադրուի եւ «Մանար»-ի սփռումը արագօրէն պիտի վերսկսի:
Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ երէկ ողջունեց դատական ատեանի այն վճիռը, որուն լոյսին տակ «Արապսաթ» ընկերութիւնը պիտի վերսկսի սփռել «Մանար»-ի յայտագիրները:
Մահֆուզ շեշտեց, թէ այս վճիռը կու գայ հաստատելու, որ «Մանար»-ի սփռումը կասեցնելու որոշումը անարդար էր: Ան լիբանանեան իշխանութիւններէն պահանջեց «Արապսաթ»-ին պարտադրել այդ վճիռին գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ «Նայլսաթ»-ի տնօրէնութեան կոչ ուղղեց յետս կոչելու «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին սփռումը արգիլող իր որոշումը: