Աւելի քան ամիս մըն է, որ Լիբանան յաջողած է իր սահմանադրական կարեւորագոյն իրագործումը` նախագահի ընտրութիւնը կատարել, այսուհանդերձ այս քայլը կը մնայ պակասաւոր, այնքան ատեն որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը կը ձգձգուին: Սակայն շաբաթավերջի կեցուածքներէն ու տրամադրութիւններէն, յատկապէս նախագահ Միշել Աունի կոչէն ետք մթնոլորտը կը թուի աւելի դրական ըլլալ, յատկապէս մեկնելով նախագահ Աունի նախաձեռնութեան գծով ցուցաբերուած դրական անդրադարձներէն: Նախագահը անխտիր կոչ ուղղած էր բոլորին, որոնք հարցադրումներ կամ մտահոգութիւններ ունին` այցելելու Պաապտայի պալատ եւ միասնաբար քննելու զիրենք մտատանջող հարցերը:

Մեկնաբաններու կարծիքով` նախագահին այս կոչը անուղղակի հրաւէր մըն էր կառավարութեան կազմութեան «արգելակիչ» կողմերէն Մարատա հոսանքի ղեկավար երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի: Ըստ անոնց, Աուն-Ֆրենժիէ հանդիպում մը կրնայ մեծ մասամբ հարթել կառավարութեան կազմութեան դէմ ցցուող գլխաւոր թնճուկը: Սակայն, Մարատա հոսանքի աղբիւրներուն համաձայն, նախագահին հրաւէրը ուղղուած էր բոլորին եւ ոչ թէ մասնայատուկ կերպով երեսփոխան Ֆրենժիէի, այն առարկութեամբ, թէ Մարատա հարց կամ մտահոգութիւն չունի, այլ կ՛ուզէ «իր իրաւունքը պահպանել»:
Իրազեկ աղբիւրներու կարծիքով` արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլ հաւանաբար մօտերս այցելէ Սլէյման Ֆրենժիէի, ինչ որ կրնայ նկատուիլ միջին լուծում մը եւ դուռը բանալ մօտերս կառավարութեան կազմի յայտարարութեան: Այս հաւանականութիւնը աւելի տրամաբանական կը թուի յատկապէս պատկան կողմերու ցուցաբերած նախանձախնդիր կեցուածքներուն լոյսին տակ, ուր անոնք կ՛ընդգծեն իրենց պատրաստակամութիւնը` չարգելակելու կառավարութեան կազմութեան հեզասահ ընթացքը: Այս իմաստով երեսփոխան Ալի Պեզզի, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատեցին, որ իրենք ոչ մէկ արգելք ունին` շեշտելով նախագահին հետ իրենց «լաւ» յարաբերութիւններու շարունակումը: Աւելի՛ն, Հըզպալլայի աղբիւրներ շեշտեցին, թէ «ոչ ոք կրնայ պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ» եւ աղաւաղել կուսակցութեան ու նախագահ Աունի միջեւ տիրող սերտ կապը:
Այս բոլորի լոյսին տակ լիբանանցիք կը սպասեն կառավարութեան կազմութեան կաղանդչէքին:


