Ներքին ապահովութեան ուժերու Աւագ յիսնապետ Մոհամետ Արապ երէկ առաւօտեան ժամը 3:35-ին Հարաւային արուարձաններուն մուտքին Խաթիպ Շապաա-Շուէյֆաթ անցարգելին վրայ իր ծառայութեան պահուն որսի զէնքէ փամփուշտ մը ստացաւ գլուխէն եւ զոհուեցաւ:
Համապատասխան դատական իշխանութիւնները դէպքին գծով հետաքննութիւն բացին` բացայայտելու համար ոճիրին դրդապատճառները եւ ձերբակալելու համար յանցագործները: