ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան մաս կազմելու իրենց պայմանն է ստանձնել կա՛մ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու, կա՛մ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու, կա՛մ ալ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութիւններէն մէկը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող թնճուկները հանգուցալուծելու, որպէսզի հանրապետութիւնը ինքզինք վերագտնէ:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առետուրի նախարարի պաշտօնակատար Ալեն Հաքիմ կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ` Լիբանանի տնտեսութեան նկատմամբ իր վստահութիւնը վերահաստատելու եւ դարձեալ ներդրումներ կատարելու: Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ կառավարութեան մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ներկայացնելը իրաւունք է եւ պարտականութիւն:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ իրենք համաձայն են սահմանադրութեամբ ճշդուած ժամկէտին երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելու, նոյնիսկ եթէ անիկա 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի կատարուի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 200 լ. ոսկիով, կազը` 100 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին սակը մնացած է կայուն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ յաջորդ կառավարութեան առաքելութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումն է, հետեւաբար անոր կեանքը կարճ պիտի ըլլայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սպառնացող արգելքներուն կը դիմադրէ քաղաքական հսկայ ճիգերով, եւ ան պիտի յաջողի այդ խոչընդոտները լուծելու առումով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին չընդգրկող կառավարութիւն մը պիտի չկազմեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր մտավախութիւն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան արգելակումը նման է նախագահական ընտրութեան խոչընդոտումի ընթացքին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն յաւելեալ համեստութիւն ցուցաբերելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին նկատմամբ` ընդգծելով, որ նոր կառավարութեան մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ներկայացուցչութիւնը անհրաժեշտ է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ այն համաձայնութիւնը, որուն շնորհիւ զօր. Միշել Աուն դարձաւ հանրապետութեան նախագահ, նպատակ ունէր լիբանանեան պետութիւնը փլուզումէ փրկել:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ իր կարծիքով` կառավարութեան նոր կազմին յայտարարութիւնը պիտի չուշանայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ «կատարուած իրողութեան կառավարութեան» կազմութիւնը տակաւին անհաւանական է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներու իրաւունքներուն տէր կանգնիլն ու զանոնք ընկերութեան հաստատ պաշտօնեաներու վերածելը առաջնահերթութիւն է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու պարագային, խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգում չկայ, այլ` թեքնիք յետաձգում:
ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Անթուան Քլիմոս յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն լրջութեամբ կը վարուի երկրին ներկայ հարցերուն հետ` շեշտելով, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի քաղաքական իր փորձառութեամբ պիտի ենթարկուի քաղաքական այն զարգացումներուն, որոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելը հանրապետութեան նախագահի երդման ճառին հետ կը հակադրուի:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին տրամաբանական ժամկէտի շրջագիծին մէջ կը գտնուի` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կը մերժէ իր դերակատարութիւնը լուսանցքայնացնել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններու յետաձգումը կարելի չէ արդարացնել, երբ տեղի ունեցած են քաղաքապետական ընտրութիւնները:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի շեշտեց, որ եթէ քաղաքական կամք գոյանայ, ապա կարելի կը դառնայ ընտրական նոր օրէնքի հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել` սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին: