Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պեքաասաֆրինի Մէջ Բանակային Մը Կը Նահատակուի

December 6, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

taghum_120516

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ գուժեց իր բանակայիններէն Ամեր Մոհամետի (ծնեալ` 1991-ին) նահատակութիւնը:

Մոհամետ նահատակուած էր նախանցեալ կէս գիշերին Պեքաասաֆրինի մէջ, Տըննիէ, երբ զինեալներ կրակ բացած էին բանակի անցարգելին վրայ: Նոյն դէպքին ընթացքին վիրաւորուած էր նաեւ ուրիշ բանակային մը:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը խուզարկումներ կը կատարէ` բացայայտելու եւ ձերբակալելու համար յանցագործները:

Նահատակ Ամեր Մոհամետի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ անոր ծննդավայրին` Աքքարի Մաշթա Հասան գիւղաքաղաքին մէջ:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի անունով գնդապետ Թուֆիք Եազպեք իր արտասանած դամբանականին մէջ շեշտեց, որ բանակը պիտի հետապնդէ երկրին ապահովութիւնը խախտող բոլոր կողմերը:

Միւս կողմէ, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ կուսակցութիւնները դատապարտեցին բանակին դէմ գործուած այս բռնարարքները:

Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին դէմ որեւէ յարձակում բոլոր լիբանանցիներուն արժանապատուութեան դէմ գործուած յարձակում է:

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը խստիւ դատապարտեց Պեքաասաֆրինի դէպքը` շեշտելով, որ այդ յարձակումը թիրախ կը դարձնէ լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու առումով:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ դատապարտեց բանակին դէմ գործուած յարձակումը` շեշտելով, որ այդ դէպքը Տըննիէի բնակչութեան չի նմանիր:

Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր դատապարտեց բանակը թիրախ դարձուցած դէպքը` ընդգծելով, որ լիբանանեան բանակը պիտի պահպանէ երկիրն ու հայրենիքը` տապալելով ահաբեկչութիւնը:

Պեքաասաֆրինի քաղաքապետ Սաատ Թալեպ հաստատեց, որ բանակին դէմ գործուած այդ արարքը խիստ մերժելի է` շեշտելով, որ դէպքին ծալքերուն մասին իրենք տեղեկութիւններ չունին:

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման Եւ Արցախի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակին Առիթով. ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

Յաջորդը

Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Իշխանութեան Պետերուն Հետ Քննարկեց Գաղթականներուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.