Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Թնճուկը Մենք Չենք Պատճառած, Այլ` Ուրիշներ»

December 1, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ain_tine_113016

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին վերահաստատեց նոր կառավարութիւն մը կազմելու իր կոչը:

Պըրրի նշեց, որ ինք բոլոր դիւրութիւնները տրամադրած է` կառավարութիւնը կազմելու իմաստով, աւելցնելով, որ թնճուկը ինք չէ որ պատճառած է, այլ` ուրիշներ:

Պըրրի ընդգծեց, որ իրենք առաջին օրէն գործակցած են, առաջին փուլին աշխատած են 30 հոգինոց կառավարութեան գծով, ապա անցած են 24 նախարարէ բաղկացող կազմի, եւ նոյնիսկ հրաժարած են նախարարութենէ մը` իրենց ներկայացուցիչը վերածելով պետական նախարարի, որպէսզի դիւրացնեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Պըրրի երէկ յայտնած էր, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ իր յարաբերութիւնը շատ լաւ է եւ հեզասահ` աւելցնելով, որ ինք տակաւին կը սպասէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ արձանագրուելիք որոշ զարգացումի մը:

«Հակառակ շրջանառութեան մէջ դրուած յայտարարութիւններուն, գնդակը իմ դաշտիս վրայ չի գտնուիր, այլ` անոնց, որոնք գիտեն, թէ լուծումները ո՛ւր կը գտնուին», ըսաւ ան:

Պըրրի շեշտեց, որ ինք նախագահ Աունին եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին բազմիցս յայտնած է, թէ կը փափաքի կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ապագային կազմուած տեսնել:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ այս շաբաթավերջը կը զուգադիպի կառավարութեան մաս կազմելու իմաստով վերջնական պատասխան տալու վերջին ժամկէտին, Պըրրի ըսաւ. «Ո՛չ ոք կրնայ ինծի սպառնալ, եւ միայն Աստուծմէ կը վախնամ»:

 

Նախորդը

Շամաայի Մէջ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Հայկական Զօրամասերու Հերթափոխութեան Արարողութիւն

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Իր Ունեցուածքին Մասին Տեղեկագիր Մը Յանձնեց Սահմանադրական Խորհուրդին

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.