Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շամաայի Մէջ. ՖԻՆԻՒԼ-ի Հայկական Զօրամասերու Հերթափոխութեան Արարողութիւն

December 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

a11_113016

28 նոյեմբերին հարաւային Լիբանանի Շամաա բնակավայրին մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական զօրախումբերու հերթափոխութեան պաշտօնական արարողութիւնը:

Մինչեւ արարողութեան սկիզբը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան հանդիպում մը ունեցաւ խաղաղապահ ուժերու առաքելութեան «Արեւմտեան հատուած»-ի նոր հրամանատար գնդապետ-զօրավար Հիւկօ Չիլլոյի հետ: Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին հայ խաղաղապահներու եւ իտալական հրամանատարութեան միջեւ գործակցութեան, Հայաստանի զինեալ ուժերու խաղաղապահ կարողութիւններու ստեղծման, ինչպէս նաեւ Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութեան աշխուժ ներգրաւուածութեան վերաբերող հարցեր:

Պաշտօնական արարողութեան ընթացքին ծառայութիւնը աւարտած հայ խաղաղապահներու 4-րդ զօրախումբի հրամանատար, հազարապետ Տիգրան Սահակեան իր լիազօրութիւնները փոխանցեց Լիբանան հասած 5-րդ զօրախումբի հրամանատարին` հարիւրապետ Կարէն Աթոյեանի: Արարողութեան ընթացքին խօսքեր արտասանեցին կեդրոնի հրամանատար, գնդապետ-զօրավար Չիլլոն եւ հայ խաղաղապահներու 4-րդ զօրախումբի հրամանատար, հազարապետ Տիգրան Սահակեանը:

Գնդապետ-զօրավար Չիլլօ շնորհակալութիւն յայտնեց հայ խաղաղապահներուն` բարեխիղճ եւ բարձր մակարդակով ծառայելու համար: Ան գնահատեց անոնց կարգապահութիւնը եւ ծառայողական հմտութիւնները:

Չիլլօ շնորհաւորեց տուն վերադարձող հայ խաղաղապահները եւ բարի ծառայութիւն մաղթեց պարտականութիւնները ստանձնող նոր զօրախումբին: Հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ հայ խաղաղապահներու 4-րդ զօրախումբի զինուորներուն պարգեւատրումով:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան եւ գնդապետ-զօրավար Չիլլօ ՄԱԿ-ի յատուկ մետալներ յանձնեցին հայ զինուորներուն` անոնց առաքելութիւնը յաջող աւարտելու առիթով:

Յանձնումի եւ ստանձնումի այս արարողութեան ներկայ էին նաեւ զինաւանի սպայական անձնակազմը, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան անձնակազմը եւ նոյն կեդրոնին մէջ ծառայող այլ երկիրներու խաղաղապահ ուժեր:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Ժեմայէլի Եւ Շեհայէպի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Յաջորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Կազմութեան Թնճուկը Մենք Չենք Պատճառած, Այլ` Ուրիշներ»

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.