Լիբանանեան

Վարչապետ Հարիրի Ժեմայէլի  Եւ Շեհայէպի Հետ Քննարկեց  Երկրին Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Հարիրի Ժեմայէլի Եւ Շեհայէպի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Հարիրի ընդունեց նաեւ երկրագործութեան նախարարի պաշտօնակատար Աքրամ Շեհայէպը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Շուֆի եւ Ալէյի մէջ տիրող աղբի տագնապը եւ իւրաքանչիւր շրջանի աղբի տագնապին համար անջատ...

Միքաթի. «Լիբանան Կը Փափաքի Շրջանի  Բոլոր Երկիրներուն, Յատկապէս Թուրքիոյ Հետ  Հեզասահ Յարաբերութիւններ Ունենալ»

Միքաթի. «Լիբանան Կը Փափաքի Շրջանի Բոլոր Երկիրներուն, Յատկապէս Թուրքիոյ Հետ Հեզասահ Յարաբերութիւններ Ունենալ»

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Պոլսոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Լիբանան կը փափաքի շրջանի բոլոր երկիրներուն, յատկապէս Թուրքիոյ հետ հեզասահ յարաբերութիւններ ունենալ: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները միշտ հզօր պիտի մնան` քաղաքական, տնտեսական եւ զբօսաշրջական մարզերուն մէջ: Միքաթի բարձր գնահատեց...

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Քննարկած Են  Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը  Եւ Կառավարութեան Աշխատանքները

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կոչ Կ՛ուղղեն Ամէնէն Արագ Միջոցին Կազմելու Կառավարութիւնը

Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան 37-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի...

«Պարպարա» Ձիւնամրրիկը Սկսաւ Հարուածել  Լիբանանը Եւ Անոր Լեռները Ծածկել Սպիտակով

«Պարպարա» Ձիւնամրրիկը Սկսաւ Հարուածել Լիբանանը Եւ Անոր Լեռները Ծածկել Սպիտակով

Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ «Պարպարա» ձիւնամրրիկը սկսած է հարուածել Լիբանանը եւ անոր լեռները ծածկել սպիտակով: Այսպէս, ձմրան առաջին ձիւնը երէկ տեղացած է Տըննիէի բարձունքներուն վրայ, իսկ լիբանանեան մնացեալ շրջաններուն մէջ տեղատարափ անձրեւ տեղացած է: Արզ-Այնաթա ճամբան արդէն իսկ փակուած է ձիւներով, հետեւաբար այդ շրջանները կրնան բարձրանալ միայն ամենագնաց եւ իրենց անիւները շղթաներով պատած ինքնաշարժները: Կը նախատեսուի, որ...

Ուահապ. «Էրտողան Իսլամ Եղբայրներու Խաբեբայութեան Եւ Երկերեսութեան Դպրոցի Շրջանաւարտ Է»

Ուիամ Ուահապ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ երէկ նշեց, որ Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի մէջ ռուս յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայէլ Պոկտանով զարմանք յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արտասանած սուտերուն գծով: «Կարծէք մեր բարեկամ ռուսերուն համար անծանօթ է այն իրականութիւնը, թէ Էրտողան Իսլամ եղբայրներու խաբեբայութեան եւ երկերեսութեան դպրոցի շրջանաւարտ է», ըսաւ Ուահապ: Միւս կողմէ, Ուահապ...

Մաժտալ Այնճարի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց  Զէնք Եւ Պայթուցիկ Նիւթեր  Ապահովող Յանցագործ Մը

Մաժտալ Այնճարի Մէջ Բանակը Ձերբակալեց Զէնք Եւ Պայթուցիկ Նիւթեր Ապահովող Յանցագործ Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատեց, որ բանակը Մաժտալ Այնճարի մէջ ձերբակալեց Օմար Հասան Խարուպը, որ ամբաստանուած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն զէնք եւ պայթուցիկ նիւթեր ապահովելու յանցանքով: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Խարուպ «Ապտալլա Ազզամ» փաղանգներու անդամ է եւ ամբաստանուած է Թայունէի (20 յունիս 2014) եւ Տահր Պայտարի (23 յունիս 2014) պայթումներուն ընթացքին օգտագործուած ինքնաշարժները ականելու յանցանքով: Բանակը...

Իշխանութեան Երեք Պետերը Զօրակցութիւն  Կը Յայտնեն Պաղեստինեան Դատին

Իշխանութեան Երեք Պետերը Զօրակցութիւն Կը Յայտնեն Պաղեստինեան Դատին

Պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութեան համաշխարհային օրուան առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ այս օրը 1977-ին համաշխարհային յայտարարած ՄԱԿ-ը պէտք է ստիպէ իր անդամ երկիրներուն յանձնառու մնալ իր տուած բանաձեւերուն գործադրութեան, յատկապէս ինչ կը վերաբերի պաղեստինցի ժողովուրդի իրաւունքներուն: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այդ բանաձեւերէն գլխաւորը կը հանդիսանայ թիւ 194 բանաձեւը, որուն համաձայն, կ՛ապահովուի պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը: Ան աւելցուց, որ...

Նախագահ Աուն Ընդունեց Պուսթրոս  Եպիսկոպոսը Եւ Շնորհաւորութիւն  Ստացաւ Սիսիէն

Նախագահ Աուն Ընդունեց Պուսթրոս Եպիսկոպոսը Եւ Շնորհաւորութիւն Ստացաւ Սիսիէն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի եւ Ժիպէյլի առաջնորդ Սելիմ Պուսթրոս եպիսկոպոսը, որ շնորհաւորեց զօր. Աունը` նախագահ ընտրուելուն առիթով: Պուսթրոս եպիսկոպոսը նախագահ Աունէն խնդրեց հետապնդել բախտախաղի կեդրոններուն հարցը, յատկապէս անոնք, որոնք կը գտնուին բնակութեան վայրերուն մօտակայքը: Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ ասորի համայնքի Զահլէի եւ Պեքաայի առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսը, Ժամաա Իսրամիէի ընդհանուր քարտուղար Ազզամ Այուպի...

«Համոզուած Եմ, Որ Գիտութիւնը Մարդուժ  Պատրաստելու Միակ Միջոցն Է»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Համոզուած Եմ, Որ Գիտութիւնը Մարդուժ Պատրաստելու Միակ Միջոցն Է» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի պետ դատաւոր Ժան Ֆահըտը եւ Լիբանանի մէջ Չեխիոյ դեսպան Միքայէլլա Ֆրանքովան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Միւս կողմէ, Հարիրի Ղեկավարութեան եւ հաղորդակցութեան ակադեմիայի բացման հանդիսութեան ընթացքին յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ գիտութիւնը մարդուժ պատրաստելու միակ միջոցն է, ինչպէս նաեւ մարդկային կարողութիւնները զարգացնելու նոր ձեւ մը:...

Թուրքիոյ Մէջ.  Պէյրութի Եւ Ատանայի Միջեւ Զբօսաշրջութեան  Մարզին Մէջ Գործակցութեան Միջոցներու Քննարկում

Թուրքիոյ Մէջ. Պէյրութի Եւ Ատանայի Միջեւ Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ Գործակցութեան Միջոցներու Քննարկում

Պետական եւ սեփական մարզերը ներկայացնող 50 անդամներէ բաղկացող լիբանանեան պատուիրակութիւն մը Թուրքիոյ մէջ մասնակցեցաւ «Պէյրութ-Ատանա զբօսաշրջութեան կամուրջ» խորագիրը կրող խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ գործակցութեան միջոցները եւ զանոնք բարելաւելու առաջարկները: Խորհրդաժողովին ընթացքին երկու կողմերը ընդգծեցին զբօսաշրջութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Միւս կողմէ, նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր մասնակցութիւնը բերաւ Պոլսոյ մէջ տեղի...

Սալամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ  Սիսթանիի Ներկայացուցիչին Հետ

Սալամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Սիսթանիի Ներկայացուցիչին Հետ

Ընթացաւարտ շրջանի վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց շիի համայնքի հեղինակութիւն սէյիտ Ալի Աքպար Սիսթանիի Լիբանանի ներկայացուցիչ Համետ Խաֆաֆը, որուն հետ քննարկեց երկիրն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները: Սալամի այցելեցին նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական, դեսպան Ապտել Ռահման Սոլհ, «Մաքասետ» բարեսիրական միութեան նախագահ Ամին Տաուք, ինչպէս նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր եւ տեղեկատուական...

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու  Համադաշնակցութիւնը 8 Դեկտեմբերը  Ընդհանուր Գործադուլի Օր Կը Յայտարարէ

Ցամաքային Փոխադրութեան Սենտիքաներու Համադաշնակցութիւնը 8 Դեկտեմբերը Ընդհանուր Գործադուլի Օր Կը Յայտարարէ

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու եւ Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնները երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնին մէջ գումարեցին ընդլայնուած կազմով նիստ մը, որուն ընթացքին որոշեցին հինգշաբթի, 8 դեկտեմբերին ընդհանուր գործադուլ կատարել` տարբեր շրջաններուն մէջ կազմակերպելով նաեւ ցոյցեր եւ նստացոյցեր: Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս ընդգծեց ինքնաշարժներու մեքանիզմի ստուգման կեդրոններուն դիմաց նստացոյցը շարունակելու յանձնառութիւնը, մինչեւ որ այդ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էմանուէլ Պոն երէկ այցելեց Ժիպէյլ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ժպէյլի քաղաքապետ Զիատ Հաուաթի հետ: Պոն Հաուաթի հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան անհրաժեշտութիւնը եւ գնահատեց Ժիպէյլի մէջ անցեալ ժամանակաշրջանին իրականացած բարգաւաճման ծրագիրները: ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի միակն է, որ զիջումներ կը կատարէ` ազգային պատասխանատուութեան իր գիտակցութենէն մղուելով: ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար...

Թէեւ Կառավարութեան Կազմութեան  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Սակայն Ընդհանուր Հոլովոյթը Կը Մնայ Սառած

Թէեւ Կառավարութեան Կազմութեան Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Սակայն Ընդհանուր Հոլովոյթը Կը Մնայ Սառած

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ շարունակեց կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ երկրին մէջ կը տիրէ դրական մթնոլորտ, իսկ նախագահ Աունի հետ կառավարութեան նոր կազմը ամէնէն մօտիկ ապագային յայտարարելու իմաստով ջանքերը ընթացքի մէջ են: Հարիրի հաստատեց, որ նախագահ Աուն յանձնառու է երկրին տնտեսական կացութեան...

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Ժողովուրդին  Իրաւունքները Ապահովելու Նպատակով Աշխատելու  Եւ Փտածութիւնը Արգիլելու  Սկզբունքներուն Իր Կառչածութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Ժողովուրդին Իրաւունքները Ապահովելու Նպատակով Աշխատելու Եւ Փտածութիւնը Արգիլելու Սկզբունքներուն Իր Կառչածութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան ճիգերը պիտի շարունակուին` շեշտելով, որ ինք կառչած պիտի մնայ ժողովուրդին իրաւունքները ապահովելու եւ փտածութիւնը արգիլելու աշխատանքին, որպէսզի երկրին պետական հաստատութիւններն ու նախարարութիւնները իրենց առաքելութիւնը լաւագոյնս կատարեն: Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանանի նկատմամբ միջազգային, շրջանային, արաբական եւ Ծոցի երկիրներուն տեսակէտներն ու մօտեցումը բացառիկ կերպով դրական են` աւելցնելով, որ իրենց նպատակն էր Լիբանանին...

Պըրրի Ապու Ֆաուրի Եւ Քազզիի Հետ  Քննարկեց Կառավարութեան  Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Պըրրի Ապու Ֆաուրի Եւ Քազզիի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Հարցեր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել: Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Սըժաան Քազզի այցելեց Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները:...

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կը Պահանջէ  Արագացնել Կառավարութեան Կազմութիւնը

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Կը Պահանջէ Արագացնել Կառավարութեան Կազմութիւնը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան քաղաքական գրասենեակը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն նախագահեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ ընտրական նոր օրէնքի վաւերացումը, տնտեսական, ընկերային եւ կենցաղային հարցերու լուծումը, ինչպէս նաեւ վաւերացնել պետական ընդհանուր ամավարկը: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պահանջեց ամէնէն խիստ պատիժին ենթարկել...

Ազուրի Պաշտօնապէս Կը Հրաժարի Հանիպաալ  Քազզաֆիի Պաշտպան Փաստաբանը Ըլլալէ

Ազուրի Պաշտօնապէս Կը Հրաժարի Հանիպաալ Քազզաֆիի Պաշտպան Փաստաբանը Ըլլալէ

Իրաւաբան Աքրամ Ազուրի երէկ յետմիջօրէին իր գրասենեակին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը` Հանիպաալ Քազզաֆիի ձերբակալութեան եւ արգելափակման մէկ տարին ամբողջանալուն առիթով: Ազուրի պաշտօնապէս յայտնեց, որ ինք հրաժարած է Քազզաֆիի պաշտպան փաստաբանը ըլլալէ, մինչեւ որ լիբանանեան պետութիւնը վերջ տայ դատական իշխանութիւններուն դէմ դաւադրութիւններ գործելէ: Ազուրի շեշտեց, որ դատական իշխանութիւններու աշխատանքին մէջ խախտումներ կ՛արձանագրուին` աւելցնելով, որ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը վերջին երկու տասնամեակներուն...

Այսօր Երեկոյեան «Պարպարա»  Ձիւնամրրիկը  Պիտի Սկսի Հարուածել Լիբանանը

Այսօր Երեկոյեան «Պարպարա» Ձիւնամրրիկը Պիտի Սկսի Հարուածել Լիբանանը

Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ Լիբանան այսօր երեկոյեան պիտի սկսի ազդուիլ «Պարպարա» ձիւնամրրիկէն, որուն ուժգնութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթ, 3 դեկտեմբեր: Ըստ օդերեւութաբանական գրասենեակին, այսօր գիշեր ջերմաստիճանը պիտի նուազի եւ պիտի ցրտէ, իսկ չորեքշաբթի, 30 նոյեմբերին տեղատարափ անձրեւ պիտի տեղայ: Իսկ հինգշաբթի, 1 դեկտեմբերէն մինչեւ 3 դեկտեմբեր առատ կերպով պիտի ձիւնէ ծովու մակերեսէն 1500 մեթր բարձրութեան վրայ: Կը...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռաշիտ Տըրպաս հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը ուշացնելու պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վրայ: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ իրենց եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական դաշինքը հաստատ է: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ամէնէն աւելի հեզասահ կը դարձնէ կառավարութեան...

Page 778 of 986 1 … 777 778 779 … 986

Արխիւներ