Կառավարութեան կազմութեան համար թափուած ջանքերուն ծիրին մէջ, հակառակ շրջան ընող ժխտական կամ յոռետես լուրերուն, քուլիսներու ետին ճիգերը կը շարունակուին բոլոր մակարդակներուն վրայ:
Այս ծիրին մէջ, նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ ուշ գիշերին Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը, ընկերակցութեամբ` կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի նախկին պատասխանատու Մլհեմ Ռիաշիի: Իրազեկ աղբիւրներու համաձայն, խորհրդակցութեանց առանցքը կազմած է օրուան հրատապ հարցը` կառավարութեան կազմութիւնը եւ այս առնչութեամբ թափուող ճիգերը: Նշենք, որ Ռիաշի հաւանական թեկնածու է տեղեկատուութեան նախարարութիւնը ստանձնելու` յոյն կաթողիկէ համայնքին կողմէ: Ան վերջերս իր հրաժարականը տուած էր Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատուի իր պաշտօնէն: