Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանիոյ, Թուրքիոյ Եւ Քանատայի Արտաքին Գործոց Նախարարները Պաշտօնական Այցելութիւններ Տուին Լիբանան

Դեկտեմբեր 3, 2016
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_steinmeier_120216

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ պաշտօնական այցելութիւններ տուին Լիբանան, ուր անոնք հանդիպումներ ունեցան իշխանութեան պետերուն եւ լիբանանցի իրենց պաշտօնակիցին հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին Շթայնմայեր եւ Չաւուշօղլու շնորհաւորեցին նախագահական ընտրութիւնը եւ զօրակցութիւն յայտնեցին Լիբանանին:

Երեկոյեան գերմանացի եւ թուրք արտաքին գործոց նախարարները մեկնեցան Լիբանանէն` աւարտելէ ետք իրենց կատարած միօրեայ այցելութիւնը:

Ուշ գիշերին անոնց մեկնումին զուգադիպեցաւ Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Տիյոնի Պէյրութ կատարած պաշտօնական այցելութիւնը:

Կը նախատեսուի, որ Տիյոն այսօր հանդիպումներ ունենայ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն հետ եւ այցելէ գաղթակայաններ:

Շթայնմայեր. «Կը Շարունակենք Զօրակցիլ Լիբանանին`
Գաղթականներու Տագնապը Դիմագրաւելու Առումով»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Շթայնմայերը, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Մարթին Հութի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունեց երկկողմանի յարաբերութիւնները` շեշտելով, որ Լիբանան եւ Գերմանիա միասնաբար կը գործեն` Միջին Արեւելքի մէջ քաղաքական արդար լուծումներու միջոցով խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի մղած պայքարին` ընդգծելով, որ պէտք է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովել:

Շթայնմայեր շնորհաւորեց նախագահ Աունը` իր ընտրութեան առիթով եւ Լիբանանին մաղթեց յաւելեալ կայունութիւն եւ բարգաւաճում:

Ան գնահատեց Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն հիւրընկալումը` շեշտելով, որ պէտք է անսալ Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու Լիբանանի կոչին:

Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Գերմանիոյ դիւանագիտութեան պետը: Պըրրի ընդգծեց, որ գաղթականներու հարցին իսկական լուծումը կ՛ապահովուի, եթէ միջազգային ընտանիքը Սուրիոյ տագնապը լուծելու իմաստով միասնական գտնուի:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Շթայնմայերը:

Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի նշեց, որ գաղթականներու հարցին լուծումը կարելի է ապահովել միջազգային ընտանիքին կողմէ Սուրիոյ տագնապին լուծումով:

Պուսթրոս պալատին մէջ, Շթայնմայեր հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Գերմանիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամուր են եւ յառաջիկային աւելի եւս պիտի ամրապնդուին:

Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան սուրիացի գաղթականներու հսկայ տագնապ մը կը դիմագրաւէ` շեշտելով, որ այդ տագնապը կը լուծուի Սուրիոյ պատերազմին աւարտով:

Շթայնմայեր նշեց, որ Պերլին կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին` գաղթականներուն տագնապը դիմագրաւելու առումով, աւելցնելով, որ այս առիթով Գերմանիա Լիբանանին 10 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն կը յատկացնէ:

Շթայնմայեր շեշտեց, որ Սուրիոյ պատերազմին պէտք է վերջ մը դնել, աւելցնելով, որ Հալէպի մարտերուն շուրջ Մոսկուա Գերմանիոյ հետ խորհրդակցութիւնները կը յապաղեցնէ:

Ան հաստատեց նաեւ, որ շրջանին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար Լիբանանը խիստ կարիք է:

Շթայնմայեր այցելեց նաեւ ընթացաւարտ կառավարութեան վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ Շթայնմայեր երէկ առաւօտեան այցելեց Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիական գաղթակայանները, յատկապէս Սաատնայէլի գաղթակայանը եւ Զահլէի Հաուշ Ումարա դպրոցը յաճախող գաղթական աշակերտները:

Չաւուշօղլու. «Թուրքիա Պիտի Շարունակէ
Անխտիր Զօրակցելու Լիբանանին»

aoun_tchavoushoghlou_120216

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր պաշտօնական այցելութիւնը սկսաւ Պաապտայէն, ուր ընդունուեցաւ նախագահ Աունի կողմէ:

Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը փափաքի Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները բարելաւել բոլոր մարզերուն մէջ: Ան շեշտեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ գործակցութիւնը` ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում ապահովելու եւ սուրիացի գաղթականներուն տունդարձը ապահովելու նպատակով օժանդակելու իմաստով:

Չաւուշօղլու նախագահ Աունին փոխանցեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ողջոյնները եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւնները` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը պիտի օժանդակէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումին:

Չաւուշօղլու յայտնեց, որ նախագահ Աունի Թուրքիա այցելութիւնը ողջունելի պիտի ըլլայ, շեշտելով Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը` օժանդակելու Լիբանանի բարգաւաճման ծրագիրներու իրականացման:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Չաւուշօղլուի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Երեկոյեան Չաւուշօղլու այցելեց նաեւ վարչապետ Հարիրիի: Քննարկուեցան տեղական եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Նուհատ Մաշնուք, երեսփոխաններ Ժամալ Ժարրահ եւ Օքապ Սաքըր, ինչպէս նաեւ Հարիրիի խորհրդատու Ղաթթաս Խուրի:

Հարիրի Չաւուշօղլուի ի պատիւ ընթրիք մը սարքեց:

Նշենք, որ Պասիլ իր կարգին ընդունեց Չաւուշօղլուն, որուն հետ շարք մը հարցեր քննարկելէ ետք, Պուսթրոս պալատին մէջ տրուեցաւ մամլոյ միացեալ ասուլիս մը:

Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը անոնց տունդարձով կարելի է լուծել, իր կարգին, Չաւուշօղլու շեշտեց, որ Թուրքիա անխտիր պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին, ինչպէս նաեւ օժանդակել անոր` ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ անոր պայքարին առումով:

Ան ընդգծեց, որ իր այս այցելութիւնը անկիւնադարձային պիտի ըլլայ` երկկողմանի յարաբերութիւններուն համար:

Չաւուշօղլուի այցելութիւններուն ընթացքին անոր ընկերակցեցաւ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշ:

 

Նախորդը

Մաշնուք. «Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մասին Կատարած Յայտարարութիւնս Քաղաքական Կեցուածք Չէր, Այլ` Կը Վերաբերէր Ներքին Գործոց Նախարարութեան Կարողութեան»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Բոլորին Մտահոգութիւնները Փարատելու Յանձնառութիւն Կը Ցուցաբերէ

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?