Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ Եարզէի մէջ ընդունեց պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաան, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ հաստատեց, որ կենսոլորտի նախարարութիւնը պիտի պատրաստէ ու ներկայացնէ ծրագիր մը` իբրեւ արմատական լուծում աղբի թղթածրարին: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ...

«Մեզի Համար Առաջնահերթութիւնը Ճշգրիտ  Ներկայացուցչութիւն Ապահովող Ընտրական  Նոր Օրէնքի Մը Հիման Վրայ Երեսփոխանական  Ընտրութիւններ Կատարելն Է»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Մեզի Համար Առաջնահերթութիւնը Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Ապահովող Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Կատարելն Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մէջ ծառայող օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմը, որուն անունով խօսք արտասանեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա: Քաչիա յայտնեց, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ կարելի եղաւ վերջ դնել հանրապետութեան նախագահութեան թափուր դրութեան, որուն պատճառով Լիբանանի եւ այլ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կաղացած էին: Քաչիա փոխանցեց...

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Պէյրութի  Միջազգային Օդակայանին  Ծառայութիւնները Բարելաւելու Նիստի Մը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Ծառայութիւնները Բարելաւելու Նիստի Մը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Ժորժ Տումեթ, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել, Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք, «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Շաթիլա, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան կառոյցի անձնակազմը եւ Հարիրիի...

«Կը Մերժենք Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան  Երկարաձգումը Եւ 1960-ի Ընտրական Օրէնքին  Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւնը»  Շեշտեց Պասիլ

«Կը Մերժենք Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Եւ 1960-ի Ընտրական Օրէնքին Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով քաղաքական որոշում տալու, իսկ եթէ քաղաքական ուժերը զլանան այդ մէկը կատարել, ապա քաղաքացիները իրաւունք ունին յեղափոխութիւն կատարելու` իրենց ընտրելու իրաւունքը չյարգող եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգող երկրին քաղաքական...

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Քննարկած Են  Լիբանանի Ապահովական Կացութիւնը  Եւ Կառավարութեան Աշխատանքները

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կը Համաձայնին Աւելի Յաճախակի Հանդիպումներ Կատարելու` Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Մշակելու Հոլովոյթը Խոչընդոտող Արգելքները Վերացնելու Նպատակով

Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ նախանցեալ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ գումարուեցաւ երկխօսութեան 39-րդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Հիւսէյն Խալիլ, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա, Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի...

Հըզպալլա Բացայայտեց Լիբանանի Մէջ  Ինկած «Սքայլարք 1»-ը

Հըզպալլա Բացայայտեց Լիբանանի Մէջ Ինկած «Սքայլարք 1»-ը

Հըզպալլայի զինուորական տեղեկատուութեան համաձայն, Դիմադրութեան մարտիկները երէկ Ալմա Շաապ-Նաքուրա-Լապպունէ շրջանին մէջ բացայայտած են «Սքայլարք 1» տիպի իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը, որ կ՛օգտագործուի լրտեսութեան նպատակով: «Սքայլարք 1» սարքը ստուգելու համար Դիմադրութեան մարտիկները զայն  փոխադրեցին ապահով վայր մը:

Քանաան. «Լիբանանը Կ՛ուղղուի Դէպի  Պետական Ամավարկի Վաւերացում»

Քանաան. «Լիբանանը Կ՛ուղղուի Դէպի Պետական Ամավարկի Վաւերացում»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի: Նիստին ներկայ գտնուեցաւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որ ներկայացուց 2017-ի պետական ամավարկն ու անոր մանրամասնութիւնները: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ իրենք եւ յանձնախումբի բոլոր անդամները կը փափաքին ունենալ պետական ամավարկը: «Այս է Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր ուղղուածութիւնը, հետեւաբար սահմանադրութեան եւ օրէնքին...

Ժոմպլաթ. «Կը Մերժեմ Համամասնականը  Եւ Անշեղ Կը Մնամ Մեծամասնականէն»

Ժոմպլաթ. «Կը Մերժեմ Համամասնականը Եւ Անշեղ Կը Մնամ Մեծամասնականէն»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք համամասնական դրութիւնը կտրականապէս կը մերժէ` ըլլայ ան մասնակի թէ ամբողջական: Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք անշեղ կը մնայ մեծամասնական դրութեան եւ այլեւս համաձայն չէ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իր մշակած խառն ընտրական օրինագիծին: «Պայմանները փոխուած են, եւ ես կը մերժեմ համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններու խառնուրդը...

Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերը Ձերբակալեցին Երկու Սուրիացիներ

Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Ուժերը Ձերբակալեցին Ահաբեկչական Կազմակերպութեան Անդամ Սուրիացի Կին Մը

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ահաբեկչութեան եւ ահաբեկչական բջիջներուն դէմ իր մղած պայքարի շրջագիծին մէջ ձերբակալեց սուրիացի կին մը` Պ. Ֆ., որ անդամ է ահաբեկչական կազմակերպութեան մը եւ կը ծրագրէր Լիբանանի մէջ ահաբեկչական գործողութիւններ կատարել: Ան խոստովանեցաւ, որ կը ծրագրէր նաեւ բանակի գաղտնի սպասարկութեան պատասխանատուներէն մէկը ատրճանակով ահաբեկել, ինչպէս նաեւ հաստատեց, որ կան այլ կիներ, որոնք եւս ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամ...

Հանրօգուտ Շինութեանց Խորհրդարանական  Յանձնախումբի Նիստը Կը Շեշտէ Քաղաքացիական  Օդանաւորդութեան Ապահովութեան Կարեւորութիւնը

Հանրօգուտ Շինութեանց Խորհրդարանական Յանձնախումբի Նիստը Կը Շեշտէ Քաղաքացիական Օդանաւորդութեան Ապահովութեան Կարեւորութիւնը

Հանրօգուտ շինութեանց խորհրդարանական յանձնախումբը, երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Քապպանիի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցան քաղաքացիական օդանաւորդութեան ապահովութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ ծրագիրներ: Նիստէն ետք Քապպանի ընդգծեց, որ յանձնախումբը շեշտած է քաղաքացիական օդանաւորդութեան եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին այս հարցին գծով այլ նիստ մը պիտի գումարուի` համապատասխան նախարարին...

Պասիլ. «Կարելի Չէ Ըսել, Որ Լիբանան Սուրիոյ Տագնապէն Հեռու Է, Երբ Անոր Հողերուն Վրայ Մէկուկէս Միլիոն Սուրիացի Տեղահանուած Կայ»

Պասիլ Ընդունեց «Ռենա»-ի Զոհերուն Հարազատները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Պոլսոյ «Ռենա» գիշերային զբօսավայրին մէջ Կաղանդի գիշերը զոհուած լիբանանցիներուն հարազատները, ներկայութեամբ` Աղէտներուն շտապ հակազդելու գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի, նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ուաֆիք Ռահիմիի, արարողակարգի տնօրէնուհի, դեսպան Միրա Տահերի եւ Պոլսոյ մէջ Լիբանանի հիւպատոս Հանի Շմայթլիի: Հանդիպումին ընթացքին Շմայթլի զոհերուն անձնական իրերը յանձնեց անոնց...

Ճայերու Հեռացման Հարցով Վարչապետ  Հարիրի Այսօր Կը Նախագահէ Նիստի Մը

Ճայերու Հեռացման Հարցով Վարչապետ Հարիրի Այսօր Կը Նախագահէ Նիստի Մը

Լիբանանեան քաղաքացիական օդանաւորդութեան ապահովութեան սպառնացող ճայերու թղթածրարը կը շարունակէ մնալ տիրական երկրին մէջ: Քոսթա Պրաւայի թափօններու թաղման վայրին եւ Ղատիր գետին խառնուած կոյուղիներուն ծով թափած վայրին մէջ վխտացող ճայերը որսալու եւ զանոնք ձայնային սարքերով հեռացնելու լուծումները կը շարունակուին, սակայն կենսոլորտի պաշտպանութեան կազմակերպութիւններ կ՛ընդվզին` լիբանանեան պետութեան գործադրած լուծումներուն դէմ: Այս առումով երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք նախարարութեան...

«Լիբանանեան Պետութիւնը Ճիգ Չի Խնայեր  Երկրին Ամբողջական Զարթօնքին Ի Խնդիր  Ծրագիր Մը Մեկնարկելու` Պետական  Հաստատութիւններուն Աշխատանքին  Կարգաւորումէն Ետք»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանանեան Պետութիւնը Ճիգ Չի Խնայեր Երկրին Ամբողջական Զարթօնքին Ի Խնդիր Ծրագիր Մը Մեկնարկելու` Պետական Հաստատութիւններուն Աշխատանքին Կարգաւորումէն Ետք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրին Պաապտայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Լիբանանի մէջ ծառայող օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմը, որուն անունով խօսք մը պիտի արտասանէ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ մոնսենիոր Կապրիէլ Քաչիա: Ապա նախագահ Աուն իր խօսքին մէջ պիտի անդրադառնայ ներքին լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններուն: Նախագահ Աուն վաղը` չորեքշաբթի, 18 յունուարին պիտի ընդունի հիւպատոսական անձնակազմը: Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ...

Ըստ «Ախպար»-ի.   Պըրրի Կ՛ուղղուի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Կատարելու Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին  Եւ Համաձայն 1960-ի Ընտրական Օրէնքին

Ըստ «Ախպար»-ի. Պըրրի Կ՛ուղղուի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին Եւ Համաձայն 1960-ի Ընտրական Օրէնքին

«Ախպար» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այցելուներուն յայտնած է, թէ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին եւ համաձայն 1960-ի ընտրական օրէնքին: Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով ոչ մէկ յոյս կամ ելք ունին: Անդրադառնալով պետական ամավարկին` Պըրրի յայտնեց, որ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ իր պարտականութիւնները լիովին կատարած է, հետեւաբար կառավարութիւնը...

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ընդգծէ Միջազգային  Պարտականութիւնները Գործադրելու  Իմաստով Լիբանանի Յանձնառութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը Կ՛ընդգծէ Միջազգային Պարտականութիւնները Գործադրելու Իմաստով Լիբանանի Յանձնառութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի մասին հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ ողջունեց զօր. Միշել Աունի  հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութիւնը, որոնց շնորհիւ երկրին պետական հաստատութիւնները հարուածած տեղքայլը վերջ գտաւ: Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու ճշդուած թուականին` զօրակցութիւն յայտնելով Լիբանանի ժողովրդավարական վարչակարգի պահպանումին: Եւրոպական Միութիւնը շեշտեց նաեւ, որ նախանձախնդիր կը մնայ Լիբանանի միասնականութեան, ապահովական...

Վարչապետ Հարիրի Ֆարաոնի Հետ Քննարկեց  Լիբանանեան Իրադարձութիւններն  Ու Ծրագրաւորումի Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Հարիրի Ֆարաոնի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւններն Ու Ծրագրաւորումի Նախարարութեան Վերաբերող Հարցեր

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ծրագրաւորումի պետական նախարար Միշել Ֆարաոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Վարչապետ Հարիրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Թէոտորոս Փասաս, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին Փասաս Հարիրիին փոխանցեց Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի բարեմաղթութիւնները` Հարիրիի ստանձնած պաշտօնին առիթով: Փասաս ընդգծեց, որ Հարիրիի հետ քննարկած է...

Սարրաֆ Քննարկեց Զինուորական  Ատեանին Վերաբերող Հարցեր

Սարրաֆ Քննարկեց Զինուորական Ատեանին Վերաբերող Հարցեր

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըրը եւ անոր օգնականները, որոնց հետ քննարկեց Զինուորական ատեանին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ այդ ատեանին փոխանցուած գլխաւոր դատական հարցերն ու անոնց վերաբերող վճիռները:

Ժոմպլաթ. «Մինչեւ Ե՞րբ Պէյրութի  Քաղաքապետարանը Պիտի Շարունակէ Քանդել  Եւ Առեւտուրի Առարկայ  Դարձնել Մայրաքաղաքի Հնութիւնները»

Ժոմպլաթ. «Մինչեւ Ե՞րբ Պէյրութի Քաղաքապետարանը Պիտի Շարունակէ Քանդել Եւ Առեւտուրի Առարկայ Դարձնել Մայրաքաղաքի Հնութիւնները»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան արձանագրութեան մը ընդմէջէն հարց տուաւ, որ մինչեւ ե՞րբ Քարանթինայի սպանդանոցը փակ պիտի մնայ, իսկ անոր պաշտօնեաները` անգործ: «Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին ժողովուրդին շահերուն հակադրուող Պէյրութի նահանգապետին տուած անարդար որոշումները: Եւ մինչեւ ե՞րբ Պէյրութի քաղաքապետարանը պիտի շարունակէ քանդել եւ առեւտուրի առարկայ դարձնել մայրաքաղաքին հնութիւնները», հարց տուաւ Ժոմպլաթ: Ան նշեց, որ քաղաքապետարանը, նահանգապետութիւնը, ներքին...

Ժեմայէլ. «1960-ի Ընտրական Օրէնքը  Կը Հարուածէ Խորհրդարանին Մէջ Քրիստոնեայ  Համայնքին Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւնը»

Ժեմայէլ. «1960-ի Ընտրական Օրէնքը Կը Հարուածէ Խորհրդարանին Մէջ Քրիստոնեայ Համայնքին Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւնը»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ երեկոյեան կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին նշեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը բոլորին կը վերյիշեցնէ անոնց յանձնառութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ընտրական նոր օրէնքին: «Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութեան դիմագրաւած վտանգին փողը կը հնչեցնենք եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կը յիշեցնենք 1960-ի ընտրական օրէնքը դատապարտելու ու բողոքի ցոյցերու նպատակով փողոց իջնելու անոնց մտադրութիւնը»,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Նապաթիէի, Պընթ Ժպէյլի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Մերժահիունի վերեւ գործեց թռիչքներ` լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործելով: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները` սահմանադրական կեանքին կարգաւորման լոյսին տակ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու անոնց ազդեցութիւնը` լիբանանեան ներքին կեանքին վրայ: ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ իրաւունքներու հարցերու պետական նախարար Այման...

Page 767 of 986 1 … 766 767 768 … 986

Արխիւներ