Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան արձանագրութեան մը ընդմէջէն հարց տուաւ, որ մինչեւ ե՞րբ Քարանթինայի սպանդանոցը փակ պիտի մնայ, իսկ անոր պաշտօնեաները` անգործ: «Մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուին ժողովուրդին շահերուն հակադրուող Պէյրութի նահանգապետին տուած անարդար որոշումները: Եւ մինչեւ ե՞րբ Պէյրութի քաղաքապետարանը պիտի շարունակէ քանդել եւ առեւտուրի առարկայ դարձնել մայրաքաղաքին հնութիւնները», հարց տուաւ Ժոմպլաթ:
Ան նշեց, որ քաղաքապետարանը, նահանգապետութիւնը, ներքին գործոց նախարարութիւնը, ինքնաշարժի մեքանիզմի ստուգման վարչութիւնը, ինքնաշարժ վարելու արտօնագիրներու եւ ինքնաշարժի թիւերու տնօրէնութիւնները նոյն մետաղեայ դրամին տարբեր կողմերն են:
«Իսկ Շուֆի Իքլիմ, Մունասեֆ, Արքուպ եւ Հարֆ շրջաններու քաղաքապետարանները սառած վիճակի մէջ կը գտնուին եւ իրենց շրջաններուն մօտեցող վտանգներուն անտրամաբանական լուծումներու դիմելէ հեռու են: Հետեւաբար այդ շրջաններուն քաղաքապետարաններուն կոչ կ՛ուղղեմ` հեռու մնալու Պէյրութի նահանգապետին վարակիչ ժահրէն, դուրս գալու իրենց սառած իրավիճակէն եւ դիմելու Սուէյժանիի կամ Բարձր Շուֆի մէջ որդեգրուած միջոցներուն նման լուծումներու` մեղմացնելու համար վտանգը, պահպանելու համար շրջանին բնական գեղեցկութիւնը եւ յարգելու քաղաքացին», գրեց Ժոմպլաթ: