Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժոմպլաթ. «Կը Մերժեմ Համամասնականը Եւ Անշեղ Կը Մնամ Մեծամասնականէն»

January 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Joumblatt_11717

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք համամասնական դրութիւնը կտրականապէս կը մերժէ` ըլլայ ան մասնակի թէ ամբողջական:

Ժոմպլաթ հաստատեց, որ ինք անշեղ կը մնայ մեծամասնական դրութեան եւ այլեւս համաձայն չէ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ իր մշակած խառն ընտրական օրինագիծին:

«Պայմանները փոխուած են, եւ ես կը մերժեմ համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններու խառնուրդը նկատուող ընտրական օրինագիծը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Թաէֆի համաձայնագիրը համամասնական դրութեան առումով ոչ մէկ նշոյլի ակնարկած է:

Ան կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն` վերադառնալու Թաէֆի համաձայնագիրին, որուն շուրջ արդէն իսկ համաձայնութիւն գոյացած է, եւ վերջ տալու օրէնքներ «հնարելու» ճիգերուն:

Ժոմպլաթ նկատել տուաւ, որ Թաէֆի համաձայնագիրը կը յանձնարարէ ընտրական նոր բաժանումներ կատարել լիբանանեան նահանգներուն մէջ, եւ իբրեւ այդպիսին ինք կոչ կ՛ուղղէ` Լեռնալիբանանը  նոր ընտրաշրջաններու բաժնելու: «Շուֆը եւ Ալէյը առանձին նահանգի մը վերածելու իմաստով ոչ մէկ հարց ունիմ», ըսաւ Ժոմպլաթ:

Ան շեշտեց, որ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքը քաղաքական ուժերուն հետ ժամադրութիւններ պահանջած է, որպէսզի հանդիպումներ ունենայ անոնց հետ եւ բացատրէ ընտրական օրէնքին առումով իր տեսակէտը:

 

Նախորդը

Ընդհանուր Ապահովութեան Ընդհանուր Ուժերը Ձերբակալեցին Ահաբեկչական Կազմակերպութեան Անդամ Սուրիացի Կին Մը

Յաջորդը

Քանաան. «Լիբանանը Կ՛ուղղուի Դէպի Պետական Ամավարկի Վաւերացում»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.