Լիբանանեան

Պէյրութի Մէջ.  Ապուլ Ղէյթ Արաբական Լիկայի  Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանին

Պէյրութի Մէջ. Ապուլ Ղէյթ Արաբական Լիկայի Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Լիբանանին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը զօրակցի միջարաբական համախոհութեան` աւելցնելով, որ Արաբական լիկան տակաւին հեղինակութիւն կը նկատուի, հակառակ անոր դէմ յայտարարուած պատերազմներուն եւ բաժանումներուն: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է պահպանել Արաբական լիկան, որովհետեւ անիկա...

«Ռիշայի Հարցը Պիտի Հետապնդենք,  Եւ Ապահովութեան Ուժերը Ամէն Ջանք Ի Գործ  Կը Դնեն Զայն Ապահով Վերադարձնելու Նպատակով»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Ռիշայի Հարցը Պիտի Հետապնդենք, Եւ Ապահովութեան Ուժերը Ամէն Ջանք Ի Գործ Կը Դնեն Զայն Ապահով Վերադարձնելու Նպատակով» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց հիւսիսային Պեքաայի մէկ պատուիրակութիւնը, ներկայութեամբ` Պաալպեք-Հերմելի նահանգապետ Պաշիր Խտըրի եւ մարոնի համայնքի Պաալպեք-Տէյր Ահմար շրջանի առաջնորդ Հաննա Ռահմէ եպիսկոպոսին: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանցի քաղաքացի Սաատ Ռիշայի առեւանգումին հարցը ինք անձամբ կը հետապնդէ` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն անոր գտնուած վայրը բացայայտելու եւ զայն ապահով տուն...

Սէյիտ Նասրալլա – Ֆրենժիէ Հանդիպում

Սէյիտ Նասրալլա – Ֆրենժիէ Հանդիպում

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի հետ` ներկայութեամբ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի, սէյիտ Նասրալլայի քաղաքական խորհրդատու Հիւսէյն Խալիլի եւ Հըզպալլայի յարաբերական եւ համակարգումի հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող ընդհանուր կացութիւնն ու քաղաքական իրադարձութիւնները:

Պըրրի. «Պեքաայի Մէջ Առեւանգումներու Հարցը  Այլեւս Կարիքը Ունի Բանակին Եւ Ապահովութեան  Ուժերուն Կողմէ Վերջնական Լուծումի»

Պըրրի. «Պեքաայի Մէջ Առեւանգումներու Հարցը Այլեւս Կարիքը Ունի Բանակին Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Կողմէ Վերջնական Լուծումի»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր, ներքին գործոց նախարարութեան նախապատրաստական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կացութիւնը: Պըրրի շեշտեց, որ Պեքաայի մէջ առեւանգումի դէպքերը, յատկապէս վերջերս լիբանանցի քաղաքացի Սաատ Ռիշայի առեւանգումի հարցը, շատ վտանգաւոր բնոյթ սկսած են առնել: «Պեքաայի մէջ առեւանգումներու հարցը այլեւս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ քրիստոնեայ համայնքին հիմնական երկու ուժերուն միջեւ տիրող հաշտութիւնը երկրին տուած է գոյատեւելու նոր կորով մը, որովհետեւ զոյգ կուսակցութիւններուն ուժը կու գայ քրիստոնեայ համայնքին ուժէն: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ «քրիստոնեայ զոյգը», այսինքն` Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնները իշխանութիւն չեն նկատուիր, այլ` լիբանանեան ընկերութեան մէջ գործակցութիւնը քաջալերող...

Խորհրդարանը Առկախեց Տեղեկատուութեան  Նախարարութեան Մէջ Պայմանագրութեամբ Գործող  Պաշտօնեաներու Վերաբերող Թղթածրարը.  Օրէնսդրական Յաջորդ Նիստը` Հինգշաբթի, 26 Յունուարին

Խորհրդարանը Առկախեց Տեղեկատուութեան Նախարարութեան Մէջ Պայմանագրութեամբ Գործող Պաշտօնեաներու Վերաբերող Թղթածրարը. Օրէնսդրական Յաջորդ Նիստը` Հինգշաբթի, 26 Յունուարին

Նախագահութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին եւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, խորհրդարանը գումարեց իր ցերեկային եւ գիշերային նիստերը, որոնց ընթացքին քննարկեց օրակարգի վրայ գտնուող օրինագիծերը, որոնցմէ գլխաւորը եղաւ վարձքերու օրէնքը, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ պայմանագրութեամբ գործող պաշտօնեաներուն թղթածրարը: Պըրրիի պահանջով խորհրդարանը վարձքերու օրինագիծը կէտ առ կէտ քննարկեց: Քննարկումներուն լոյսին տակ որոշուեցաւ վարձակալներուն համար ստեղծել օժանդակութեան ֆոնտ...

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Պիտի Կատարուին Սահմանադրութեամբ  Ճշդուած Թուականին»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Քեսրուան-Ֆթուհի քաղաքապետները եւ թաղապետները, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին, այնպիսի օրէնքով մը, որուն շուրջ լիբանանցիները համաձայնութիւն պիտի գոյացնեն: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն ընտրելու այնպիսի երեսփոխաններ, որոնք համերաշխ են եւ իրարու հետ հեզասահօրէն կը գործակցին, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել օրէնսդրական եւ հսկողութեան նուաճումները: «Միութիւնը զօրութիւն...

Քանաան. «Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Գծով  Հիմնական Ճեղք Մը Յառաջացնելու  Իմաստով Կրնանք Ճնշող Ուժ Դառնալ»

Քանաան. «Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Գծով Հիմնական Ճեղք Մը Յառաջացնելու Իմաստով Կրնանք Ճնշող Ուժ Դառնալ»

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ստորագրուած հասարակաց նպատակներու յայտարարութիւնը նպաստած է Ազգային ուխտին համապատասխանող հանրապետութեան հզօր նախագահի մը ընտրութեան: Ան շեշտեց, որ ընտրական նոր օրէնքը կը գերազանցէ բոլորին քաղաքական կամքը: Քանաան հաստատեց քաղաքական գործակցութեան եւ Ազգային ուխտին սկզբունքները յարգելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ այս ուղեգիծէն շեղելու որեւէ պարագայ խիստ մերժելի է:...

Արսալ.  Սարրաֆ Եւ Զօր. Քահուաժի Այցելեցին Արեւելեան  Սահմաններուն Վրայ Տեղակայուած Բանակին Դիրքերը

Արսալ. Սարրաֆ Եւ Զօր. Քահուաժի Այցելեցին Արեւելեան Սահմաններուն Վրայ Տեղակայուած Բանակին Դիրքերը

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ այցելեցին Արսալ եւ  արեւելեան սահմաններուն վրայ տեղակայուած բանակին դիրքերը: Այցելութեան ընթացքին անոնք ստուգեցին զինուորներուն գումակային իրավիճակը, ինչպէս նաեւ տեղեակ պահուեցան սահմանը պահպանելու իմաստով բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումներուն եւ կատարած զինուորական գործողութիւններուն մասին: Սարրաֆ դրուատեց բանակայիններուն ջանքերն ու զոհողութիւնները` պահպանելու համար երկրին սահմաններն ու քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան...

Զօր. Քահուաժի. «Ապահովական Գետնի Վրայ  Արձանագրուած Նուաճումները  Չեն Չէզոքացներ Ահաբեկչութեան Վտանգները»

Զօր. Քահուաժի. «Ապահովական Գետնի Վրայ Արձանագրուած Նուաճումները Չեն Չէզոքացներ Ահաբեկչութեան Վտանգները»

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի նախանցեալ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ օտար երկիրներու դեսպանատուներուն զինուորական կցորդները, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը վերածուած է ամբողջ աշխարհին սպառնացող առաջին կարգի վտանգին: «Ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ երկիրներուն ապահովական կայունութեան, ժողովուրդներուն անվտանգութեան եւ քաղաքակրթութիւններուն` զանոնք բնաջնջելու առումով: Վտանգաւորն ու բարդը այն է, որ ահաբեկչական այդ կազմակերպութիւնները կը գործեն «Անջատ քայլեր» անուանումին ներքեւ, ինչ որ կը...

«Միջազգային Ընտանիքը Չի Միտիր Սուրիացի  Գաղթականները Լիբանանի Մէջ Բնակեցնել»   Շեշտեց Պու Ասի

«Միջազգային Ընտանիքը Չի Միտիր Սուրիացի Գաղթականները Լիբանանի Մէջ Բնակեցնել» Շեշտեց Պու Ասի

Ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Պու Ասի ռուսական «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն թղթածրարը ունի երկու երես, որոնցմէ առաջինը մարդկային է, այն իմաստով, որ անոնք պատերազմէն տուժած քաղաքացիներ են եւ ստիպուած գաղթած Լիբանան, իսկ երկրորդը քաղաքական է, այն առումով, որ Լիբանան կարողութիւն չունի այդքան մեծ թիւով սուրիացի գաղթականներ ընդունելու եւ անոնց ներկայութիւնը...

Սարրաֆ. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ  Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան»

Սարրաֆ. «Լիբանան Յանձնառու Կը Մնայ Թիւ 1701 Բանաձեւին Գործադրութեան»

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ նախանցեալ օր Եարզէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ապահովական պահպանումի հարցերու օգնական Քասեմ Ուէյնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, թէ Լիբանան յանձնառու կը մնայ թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, յատկապէս ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն: Սարրաֆ շեշտեց, որ 2006-ին Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ տրուած թիւ 1701 բանաձեւը նոյնը չի կրնար ըլլալ 2017-ին: Ան նշեց, որ ներկայիս Լիբանան քաղաքական նոր իշխանութիւն ունի, նոր...

Սայֆիի Մէջ .  Սամի Ժեմայէլ Հանդիպում Մը  Կ՛ունենայ Նախարար Ռիաշիի Հետ

Սայֆիի Մէջ . Սամի Ժեմայէլ Հանդիպում Մը Կ՛ունենայ Նախարար Ռիաշիի Հետ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ երեկոյեան կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարար Ալեն Հաքիմ եւ երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ: Հանդիպումէն ետք Ռիաշի շեշտեց, որ Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնները յանձնառու են, որ իրենց միջեւ յարաբերութիւնները ըլլան հեզասահ: Ռիաշի նաեւ յայտնեց, որ իր այցելութիւնը կը միտի Սամի Ժեմայէլի հետ քննարկել տեղեկատուութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ ընդգծեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը մեծ ճիգեր ի գործ կը դնեն մշակելու համար ընտրական նոր օրէնք մը: ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով ճիգերն ու խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Մեհրապի համաձայնութիւնը դարձած է իրականութիւն եւ լիբանանցիներուն ու քրիստոնեաներուն համար արդի պատմութիւն: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի...

Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը  Օրինագիծեր. Օրէնսդրական Նիստերը  Կը Շարունակուին Այսօր

Խորհրդարանը Վաւերացուց Շարք Մը Օրինագիծեր. Օրէնսդրական Նիստերը Կը Շարունակուին Այսօր

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանի օրէնսդրական զոյգ` ցերեկային եւ գիշերային նիստերուն, որոնց ընթացքին քննարկուեցան, բարեփոխուեցան եւ վաւերացուեցան շարք մը օրինագիծեր, իսկ այլ օրինագիծերու վաւերացումը յետաձգուեցաւ: Մինչ այդ սակայն ամէնէն աւելի զգացուեցաւ ընտրական օրինագիծերու բացակայութիւնը: Ընտրական օրինագիծերուն մասին խորհրդարանին մէջ միջամտութիւններ կատարուեցան, սակայն այդ օրինագիծերուն քննարկումը կատարուեցաւ երեսփոխաններուն միջեւ կողմնակի խորհրդակցութիւններուն ընթացքին: Խորհրդարանի օրէնսդրական նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս...

«Կարիքը Ունինք Նոր Մտայնութեան  Եւ Խոր Փոփոխութեան`  Երկիրը Վերականգնելու Համար»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Կարիքը Ունինք Նոր Մտայնութեան Եւ Խոր Փոփոխութեան` Երկիրը Վերականգնելու Համար» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մէջ ծառայող օտար երկիրներու հիւպատոսական  անձնակազմը, գլխաւորութեամբ` Ժոզեֆ Հապիսի: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ կարիքը կայ նոր մտայնութեան եւ խոր փոփոխութեան, որպէսզի երկիրը կարենայ վերականգնիլ: Ան ընդգծեց, որ որեւէ երկիր չի կրնար կայունանալ առանց արժէքներու, ուրիշին հետ զգալու եւ ժողովուրդի տարբեր դասակարգերու կարիքներուն ուշադիր հետեւելու: Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ...

Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստ.  «Մեզի Համար Առաջնահերթութիւնը Երեսփոխանական  Ընտրութիւնն Է Եւ Չենք Մտածեր Խորհրդարանի  Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Մասին»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Կառավարութեան Ընթացիկ Նիստ. «Մեզի Համար Առաջնահերթութիւնը Երեսփոխանական Ընտրութիւնն Է Եւ Չենք Մտածեր Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու Մասին» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 32 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի գնահատած է Լիբանանի մէջ օտար երկիրները ներկայացնող դիւանագիտական անձնակազմին ներկայութեան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի արտասանած խօսքը: «Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան համար առաջնահերթութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւնն է` աւելցնելով, որ...

Մեհրապի Համաձայնութեան Ա. Տարեդարձ.  «Զօր. Աունի Թեկնածութեան  Առաջադրումը Տեղին Էր»   Շեշտեց Ժահժահ

Մեհրապի Համաձայնութեան Ա. Տարեդարձ. «Զօր. Աունի Թեկնածութեան Առաջադրումը Տեղին Էր» Շեշտեց Ժահժահ

Լիբանանեան ուժեր եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւններուն միջեւ տարի մը առաջ գոյացած համաձայնութեան առաջին տարեդարձին առիթով, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ընդգծեց, թէ տարի մը առաջ զօր. Միշել Աունի թեկնածութիւնը Մեհրապէն առաջադրելը տեղին էր: Ժահժահ յայտնեց, որ 31 հոկտեմբերին զօր. Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութիւնը, անոր երդման ճառը, Սաատ Հարիրիի վարչապետ նշանակումը, կառավարութեան կազմութիւնը,...

Բանակը Կը Ջանայ Փակել  Լիբանան-Սուրիա Ապօրինի Անցքերը

Բանակը Կը Ջանայ Փակել Լիբանան-Սուրիա Ապօրինի Անցքերը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Հերմելի մէջ լիբանանեան բանակը երէկ կանուխ առաւօտեան փակած է Լիբանան-Սուրիա ապօրինի անցքերը, յատկապէս Քասըր եւ Հաուշ Սէյիտ Ալի գիւղաքաղաքներուն մէջ: Միւս կողմէ, ներքին ապահովութեան ուժեր Հերմելի մէջ երէկ կատարեցին խուզարկում մը եւ գողութեան յանցանքով ձերբակալեցին Խ. Սէյիտ Ալին եւ անոր որդին` Պ. Սէյիտ Ալին: Նշենք, որ երեկոյեան բանակը բուռն...

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Համամասնական  Եւ Մեծամասնական Դրութիւններուն Վրայ  Հիմնուած Ընտրական Օրէնք Մը Մշակելու

Մուսթաքպալ Պլոքը Կոչ Կ՛ուղղէ Համամասնական Եւ Մեծամասնական Դրութիւններուն Վրայ Հիմնուած Ընտրական Օրէնք Մը Մշակելու

Մուսթաքպալ պլոքը նախանցեալ օր գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Մուսթաքպալ պլոքը կ՛ողջունէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստի մը գումարումը: Անդրադառնալով ընտրական օրէնքին` Մուսթաքպալ պլոքը կոչ ուղղեց համամասնական եւ մեծամասնական դրութիւններուն վրայ հիմնուած ընտրական օրէնք մը մշակելու, ընդգծելով նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Մուսթաքպալ հոսանքը պահանջեց նաեւ երկրին պետական ամավարկը...

Page 766 of 986 1 … 765 766 767 … 986

Արխիւներ