Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանեան Պետութիւնը Ճիգ Չի Խնայեր Երկրին Ամբողջական Զարթօնքին Ի Խնդիր Ծրագիր Մը Մեկնարկելու` Պետական Հաստատութիւններուն Աշխատանքին Կարգաւորումէն Ետք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յունուար 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

aoun_kaag_lazarini_11617

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրին Պաապտայի մէջ պիտի հիւրընկալէ Լիբանանի մէջ ծառայող օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմը, որուն անունով խօսք մը պիտի արտասանէ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ մոնսենիոր Կապրիէլ Քաչիա:

Ապա նախագահ Աուն իր խօսքին մէջ պիտի անդրադառնայ ներքին լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններուն:

Նախագահ Աուն վաղը` չորեքշաբթի, 18 յունուարին պիտի ընդունի հիւպատոսական անձնակազմը:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը եւ անոր տեղակալ Ֆիլիփ Լազարինին:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք կը գնահատէ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը` հաստատելով, որ բոլոր մարզերու պարագային Լիբանան ամբողջական գործակցութիւն պիտի ցուցաբերէ ՄԱԿ-ին:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց նաեւ լիբանանեան բանակին եւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերուն միջեւ հեզասահ գործակցութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք ամրապնդուած է հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

«Լիբանանի հանդէպ ցուցաբերուած միջազգային զօրակցութիւնը զուգահեռաբար կ՛ընթանայ երկրին ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու լիբանանեան պետութեան ջանքերուն հետ», շեշտած է ան:

Քաակ նախագահ Աունի փոխանցեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիէրեսի ողջոյնները, ինչպէս նաեւ` շնորհաւորագիրը:

Քաակ, Լազարինիի ընկերակցութեամբ, ներկայացուց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ճշդած առաջնահերթութիւնները, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ յիշուած էին հանրապետութեան նախագահին արտասանած երդման ճառին եւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ:

Քաակ հաստատեց, որ Միջազգային ընտանիքը կառչած կը մնայ լիբանանեան բանակին կարողութիւնները բարելաւելու յանձնառութեան, որպէսզի անիկա կարենայ իր ազգային պարտականութիւնները կատարել:

Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրին, որուն հետ քննարկեց Ազգային գրադարանի բացումին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ մշակութային նախարարութիւնը զարգացնելու ծրագիրներ:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, ընկերակցութեամբ Մարոնի համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ Ուատիհ Խազենի:

Հանդիպումին ընթացքին Մաթար եպիսկոպոս նախագահ Աունը հրաւիրեց ներկայ գտնուելու հինգշաբթի, 9 փետրուար 2017-ին զուգադիպող Մար Մարունի տօնին առիթով Ժըմմեյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուելիք Ս. պատարագին:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ դրամական հարցերու գերագոյն ատեանի նախագահ, դատախազ Ալի Իպրահիմ եւ անոր ընկերակցող դատաւորներու պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Պաապտայի քաղաքապետական խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ քաղաքապետ Անթուան Հըլուի:

 

Նախորդը

Ըստ «Ախպար»-ի. Պըրրի Կ՛ուղղուի Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կատարելու Սահմանադրութեամբ Ճշդուած Թուականին Եւ Համաձայն 1960-ի Ընտրական Օրէնքին

Յաջորդը

Ճայերու Հեռացման Հարցով Վարչապետ Հարիրի Այսօր Կը Նախագահէ Նիստի Մը

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?