ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ Եարզէի մէջ ընդունեց պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ժորժ Քարաան, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ հաստատեց, որ կենսոլորտի նախարարութիւնը պիտի պատրաստէ ու ներկայացնէ ծրագիր մը` իբրեւ արմատական լուծում աղբի թղթածրարին:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ Հըզպալլայի հետ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան յարաբերութիւնը դրական է, սակայն անոնց միջեւ բանակցութիւններ կամ գաղտնի հանդիպումներ չկան: Ան յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ հաշտութիւնը քաղաքական համաձայնութենէ շատ աւելի է. անիկա յաւերժական է:
ՍՈՒՐԻԱՑԻ տեղահանուածներու հարցով պետական նախարար Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ ինք տեղահանուածներու հարցին գծով պիտի գործակցի տարբեր նախարարութիւններու հետ:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով կը զգան, որ կառավարութիւնը մտադիր է վաւերացնել պետական ամավարկը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր կը զգուշացնէ 64 տարիքը ամբողջացուցած եւ անկէ վեր քաղաքացիներուն հիւանդանոցային ծախսերը հոգալու ծրագիրը ջնջելէ: Ան շեշտեց, որ պետական ամավարկին մէջ այդ օրէնքին համար ճշդուած է 27 միլիառ լ. ոսկիի յատուկ պիւտճէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռոնի Արայժի յայտնեց, որ Մարատա հոսանքը պատրաստ է խորհրդակցելու ընտրական օրինագիծերուն շուրջ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ օրէնքի եւ հաստատութենական պետութիւնը կը սկսի համամասնական դրութեան հիման վրայ մշակուելիք ընտրական օրէնքով:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանեան ուժերուն հետ ընտրական դաշինք մը գոյացնել, առանց ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութեան:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններու կայացումը Լիբանանի համար աղէտալի պիտի ըլլայ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ երկրին քաղաքական ուժերը ցարդ չեն կրցած համաձայնութիւն գոյացնել ընտրական օրէնքի մը շուրջ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ընտրական օրէնքին գծով քաղաքական բոլոր ուժերը յայտարարութիւն մը կը կատարեն, սակայն անոնք այլ բան կը մտածեն եւ այլ օրէնքի կը զօրակցին:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու առումով խոչընդոտները կը կայանան կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ համամասնական դրութիւնը մերժելու կեցուածքին մէջ: Ան շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան թեքնիք երկարաձգումը կարելի է ընդունիլ միայն նոր ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու պարագային, եւ դրական նկատեց հանրապետութեան նախագահին կողմէ համամասնական դրութեան վերաբերեալ արտասանուած դրական տեսակէտը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայէղ յայտնեց, որ իրենք կը քաջալերեն հանրապետութեան նախագահին բարեկարգումի միտող կեցուածքները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նասեր Քանտիլ յայտնեց, որ խառն ընտրական օրէնքը լիբանանցիներուն դէմ նիւթուած քաղաքական մեծագոյն փտածութիւնը կը նկատուի:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ քրէական ատեանի դատախազ Ղասսան Խուրի աւարտեց Հանիպաալ Քազզաֆիի դատավարութիւնը: Կ՛ակնկալուի, որ 24 յունուարին անոր դէմ արձակուի դատական վճիռը:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ ժամանակը հասած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստական աշխատանքներուն սկսելու: Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ Մարատա հոսանքը կառչած պիտի մնայ Սելիմ Քարամի եւ Ըսթֆեն Տուէյհիի թեկնածութեան, իսկ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի փոխարէն պիտի առաջադրուի անոր զաւկին` Թոնի Ֆրենժիէի թեկնածութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ ինք կը մերժէ համամասնական դրութիւնը` աւելցնելով, որ ապօրինի զէնքին գոյութեան պայմաններուն մէջ համամասնական դրութեան գործադրութիւնը կրնայ ժխտական ազդեցութիւն ունենալ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին որդեգրումը կը հարուածէ նոր իշխանութեան շրջանը: Ան շեշտեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը մերժելի է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ տիրող պայմանները չեն արտօներ, որ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքը գործադրուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ ընտրական օրէնքը վաւերացնելու առումով իրենք իրենց կեցուածքը յստակօրէն արտայայտած են: Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ իրենք կը զօրակցին Մուսթաքպալ, Լիբանանեան ուժեր եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած ընտրական օրինագիծին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, թրքական իշխանութիւնները դիւրացուցած են դէպի Ռաքքա միջնորդի մը մուտքը` իրենց ներդրումը ունենալու համար 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած լիբանանցի բանակայիններուն ազատ արձակման բանակցութիւններուն մէջ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կառչած կը մնայ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը մերժելու եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու իր կեցուածքին: Նոյն օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատած է, որ ինք կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը, սակայն տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարելու առումով:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այցելուներուն յայտնած է, թէ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելը կրնայ Լիբանանի վրայ իր ժխտական ազդեցութիւնը ունենալ եւ վնասել բոլորին, նախ եւ առաջ` հանրապետութեան նախագահին:
Պըրրի ըսած է. «Եթէ 1960-ի ընտրական օրէնքը վատ է, ոչ ոք կը բացառէ անոր վատ ըլլալը, սակայն խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը վատագոյնն է: Հետեւաբար ոչ ոք թող մտածէ ինծի հետ քննարկել այդ հարցը»:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդվզած է 1960-ի ընտրական օրէնքը դարձեալ որդեգրելու միտումներէն:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախանցեալ օր կէսօրին ընտրական օրինագիծ մը քննարկելու միտումով հանդիպում մը տեղի ունեցած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի միջեւ: