Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կը Մերժենք Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Եւ 1960-ի Ընտրական Օրէնքին Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

January 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Takatol_Rabiye_11717

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:

Նիստէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ ժամանակն է արդէն ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով քաղաքական որոշում տալու, իսկ եթէ քաղաքական ուժերը զլանան այդ մէկը կատարել, ապա քաղաքացիները իրաւունք ունին յեղափոխութիւն կատարելու` իրենց ընտրելու իրաւունքը չյարգող եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգող երկրին քաղաքական իշխանութեան դէմ:

Պասիլ հաստատեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երրորդ երկարաձգումը, ինչպէս նաեւ կը մերժէ 1960-ի հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել:

Պասիլ շեշտեց, որ կան ընտրական երեք լուրջ օրինագիծեր, որոնք են Ուղղափառ հանդիպումի մշակած ընտրական օրինագիծը, համամասնական դրութեան վրայ մշակուած օրինագիծն ու համամասնական եւ մեծամասնական օրէնքներու խառնուրդը նկատուող ընտրական օրինագիծը:

«Մենք երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարենք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ համաձայնաբար: Մեզի համար մեծամասնական դրութիւնը շատ նպաստաւոր է, սակայն մենք ապագային մասին կը մտածենք եւ չենք ուզեր որոշ քաղաքական կողմերուն ներկայացուցչութիւնը ջնջել: Կոչ կ՛ուղղենք բոլորին` միանալու համաձայնութեան` հաւատալով, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն բոլորին արդար ներկայացուցչութեան երաշխիքն է եւ ոչ ոքի դէմ քաղաքական անիրաւութիւն կը հանդուրժէ: Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ քաջ գիտէ, թէ մենք կը հաւատանք Լեռնալիբանանի միասնականութեան եւ չենք ուզեր ընտրական օրէնք պարտադրել, ինչպէս նաեւ չենք փափաքիր ներկայ ընտրական օրէնքներով սահմանափակուիլ», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ կարելի չէ 1960-ի ընտրական օրէնքն ու Թաէֆի համաձայնագիրը միաձուլել:

Պասիլ նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իրենք պիտի զօրակցին նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի, որովհետեւ իրենք իշխանութեան վրայ կը գտնուին հզօրացնելու վարչապետը, եւ ոչ թէ տկարացնելու զայն:

«Մենք պատասխանատու ենք նաեւ տարի մը առաջ Մեհրապի մէջ գոյացած համաձայնութեան հզօրացումին` ընդգծելով, որ համաձայնութիւնը կրնայ ներառել բոլորը, եւ ուժը կրնայ մեծնալ, իսկ մենք վճռակամ ենք աշխատանքները շարունակելու այնպէս, ինչպէս կը կատարուին  խորհրդարանին եւ կառավարութեան մէջ, որովհետեւ այդ աշխատանքները կը ծառայեն լիբանանցիներուն շահերուն», եզրափակեց Պասիլ:

Նախորդը

Հըզպալլա Եւ Մուսթաքպալ Կը Համաձայնին Աւելի Յաճախակի Հանդիպումներ Կատարելու` Ընտրական Նոր Օրէնք Մը Մշակելու Հոլովոյթը Խոչընդոտող Արգելքները Վերացնելու Նպատակով

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Ծառայութիւնները Բարելաւելու Նիստի Մը

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.