Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժեմայէլ. «1960-ի Ընտրական Օրէնքը Կը Հարուածէ Խորհրդարանին Մէջ Քրիստոնեայ Համայնքին Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւնը»

January 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

sami_jemayel_11617

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ երեկոյեան կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին նշեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը բոլորին կը վերյիշեցնէ անոնց յանձնառութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ընտրական նոր օրէնքին:

«Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութեան դիմագրաւած վտանգին փողը կը հնչեցնենք եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կը յիշեցնենք 1960-ի ընտրական օրէնքը դատապարտելու ու բողոքի ցոյցերու նպատակով փողոց իջնելու անոնց մտադրութիւնը», ըսաւ ան:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը կը հարուածէ խորհրդարանին մէջ քրիստոնեայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւնը, ինչպէս նաեւ կ՛արգելակէ բարեկարգչականներուն եւ փոփոխութեան հաւատացող քաղաքական ուժերուն խորհրդարան հասնելու հոլովոյթը:

Ան նշեց, որ հակառակ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան խոստումներուն, այդ օրինագիծը կը բացակայի յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին տեղի ունենալիք խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին օրակարգէն:

Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք անդրդուելի պիտի մնայ եւ ոչ ոք պիտի կարենայ զինք համոզել, թէ քրիստոնեայ համայնքին ներկայացուցչութիւնը կարելի է ապահովել այս կամ այն ընտրական դաշինքով, «որովհետեւ դաշինքները ժամանակաւոր են, իսկ ղեկավարները յաւերժական չեն», աւելցուց ան:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Ժոմպլաթ. «Մինչեւ Ե՞րբ Պէյրութի Քաղաքապետարանը Պիտի Շարունակէ Քանդել Եւ Առեւտուրի Առարկայ Դարձնել Մայրաքաղաքի Հնութիւնները»

RelatedPosts

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները  Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանեան Ուժերու Նախարարները Հեռացան Կառավարութեան Նիստէն

October 16, 2026
Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը  50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք,  Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»
Լիբանանեան

Այզենքոթ. «Փէյճըր»-ներու Գործողութիւնը 50 Անգամ Գերազանցող Ծրագիր Մշակեցինք, Սակայն Նեթանիահուն Վախցաւ Այդ Քայլին Դիմելու»

October 16, 2026
Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի  Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան  Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք  Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը  Դիմադրութեան Կը Պատկանի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Տահր Պայտարի Ինքնաշարժի Կանգնեցման Առաջին Պահէն Պատկան Մարմիններուն Հետ Կապ Հաստատեցինք Եւ Տեղեկացուցինք, Թէ Ինքնաշարժը Դիմադրութեան Կը Պատկանի»

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.