Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Պաապտայի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մէջ ծառայող օտար երկիրներու դիւանագիտական անձնակազմը, որուն անունով խօսք արտասանեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա:
Քաչիա յայտնեց, որ զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ կարելի եղաւ վերջ դնել հանրապետութեան նախագահութեան թափուր դրութեան, որուն պատճառով Լիբանանի եւ այլ երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կաղացած էին:
Քաչիա փոխանցեց բոլոր երկիրներու ղեկավարներուն ուղղուած Ֆրանչիսկոս պապին շնորհաւորութիւնները եւ հիմնական հետեւեալ պատգամը. «Խաղաղութեան կերտման համար ոչ բռնի միջոցներու օգտագործումը քաղաքական միջոց է»:
Քաչիա աւելցուց, որ սրբազան քահանայապետին համար աշխարհի, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումը եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը անհրաժեշտութիւն է:
«Բոլորս` իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան ծիրին մէջ, պէտք է գործէ խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր», ըսաւ Քաչիա:
Իր կարգին, նախագահ Աուն արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան կը հաւատայ ոչ բռնի միջոցներուն, ասոր շնորհիւ ալ ան կը վայելէ ապահովական կայունութիւն եւ կը ջանայ ամրապնդել զայն:
«Իբրեւ հանրապետութեան նախագահ կը ջանամ պահպանել երկրին մէջ տիրող բազմազանութիւնը, որ փաստած է մարտահրաւէրները դիմագրաւելու իր կարողութիւնը: Լիբանանեան համերաշխութեան եւ համակեցութեան օրինակը պէտք է օրինակելի տիպար մը ըլլայ բոլորին, որովհետեւ հակառակ դժուարութիւններուն աշխարհի ապագան անոր բազմազանութեան մէջ է», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ իր կամքն է երաշխաւորել Լիբանանի ապահովական, քաղաքական եւ ընկերային կայունութիւնը, որպէսզի Լիբանան վերադառնայ շրջանին մէջ իր դրական դերակատարութիւնը ունենալու: «Ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեմ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը եւ միասնականութիւնը պահպանելու իմաստով: Պիտի ջանամ նաեւ պետական հաստատութիւններուն վերադարձնել աշխատանքի թափանցիկութիւնը, որպէսզի անոնց նկատմամբ քաղաքացիներուն վստահութիւնը վերահաստատուի: Վերջին ամիսներուն սահմանադրական հաստատութիւնները վերադարձան իրենց աշխատանքին, իսկ մեզի համար առաջնահերթութիւնը ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական նոր օրէնքի մը հիման վրայ երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելն է», շեշտեց նախագահ Աուն:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքին նկատմամբ ցուցաբերուած մտահոգութիւնը անտեղի է: Այդ ուժերէն ոմանք կրնան երեսփոխաններ կորսնցնել, սակայն մենք հայրենիքը շահած կ՛ըլլանք», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին` նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն հսկայ թիւը մեծ դերակատարութիւն ունի այդ տագնապին մէջ: «Լիբանանի մատուցած ծառայութիւնները` սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն, կը գերազանցեն իր կարողութիւնները: Հետեւաբար կը պահանջենք օտար պետութիւններէն` պահպանել իրենց եւ իրենց ժողովուրդներուն շահերը, որովհետեւ գաղթականներուն ձգած հետեւանքները կը սպառնան Լիբանանի գոյութեան», ըսաւ նախագահ Աուն` միջազգային ընտանիքէն պահանջելով ճանչնալ Լիբանանի իւրայատկութիւնը եւ զօրակցիլ գաղթականները տուն դարձնելու անոր ջանքերուն:
Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` նախագահ Աուն ողջունեց իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն, որուն նպատակն է այդ տագնապին քաղաքական եւ խաղաղ լուծում ապահովել: «Միջազգային քաղաքականութիւններուն պատճառով է, որ Միջին Արեւելքը հասաւ իր ներկայ իրավիճակին: Իսկ ՄԱԿ-ի նպատակներէն է պահպանել միջազգային ապահովութիւնն ու կայունութիւնը, արդարութեան եւ օրէնքի սկզբունքներուն հիման վրայ լուծել միջազգային տագնապները, ինչպէս նաեւ երաշխաւորել ժողովուրդներուն ազգային ինքնորոշման իրաւունքը. այս բոլորին վրայ բռնութիւններու ենթարկուող աշխարհը յոյս դրած է, եւ մեր մաղթանքն է, որ այդ հաստատութիւնները օժանդակեն անոր ձերբազատելու իր վրայ բանեցուող վայրագութիւններէն», շեշտեց ան:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ Պաղեստին Լիբանանի համար կարեւոր է` աւելցնելով, որ միջազգային որոշումով Պաղեստինը բաժնուեցաւ երկուքի` հրեաներուն եւ արաբներուն: «Սակայն իսրայէլացիները իրենց ախորժակները սրեցին արաբներու բաժինին նկատմամբ եւ պաղեստինցիները վտարեցին իրենց հողերէն: Պաղեստինցիները որդեգրեցին ոչ բռնի միջոցներով պայքարելու կեցուածքը, որուն դիմաց անոնք արժանացան ճնշող հսկայ ուժի եւ անհաւասար կռիւի, որ վերածուած է արիւնալի անվերջանալի վայրագութեան», եզրափակեց նախագահ Աուն:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախագահ Աունի հետ եւ շնորհաւորեց զայն` դիւանագիտական անձնակազմին ներկայութեան անոր արտասանած խօսքին եւ Լիբանանի անունով արտայայտած կեցուածքներուն համար:
Առաւօտեան նախագահ Աուն ընդունեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի նախագահ Իվանա Հրետլիքովան` ընկերակցութեամբ ատեանի փոխնախագահ դատաւոր Ռալֆ Ռիաշիի եւ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի:
Հանդիպումին ընթացքին Հրետլիքովա շնորհաւորեց նախագահ Աունը անոր ընտրութեան առիթով, ապա անոր հետ քննարկեց Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքները, ինչպէս նաեւ ատեանին եւ Լիբանանի միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Նախագահ Աուն ողջունեց Հրետլիքովան` ընդգծելով դատական ատեանին կողմէ վճիռներ արձակելու կարեւորութիւնը, հաստատելով, որ ուշացած արդարութիւնը արդարութիւն կարելի չէ նկատել:
Նախագահ Աուն պահանջեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին նիւթական գործառնութիւններն ու վարչական աշխատանքները յաւելեալ թափանցիկութեամբ կատարուին, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան 50 առ հարիւրով կը մասնակցի այդ ատեանին գործունէութեան ծախսերուն:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ կէսօրին ուղղուեցաւ Պաապտայի Մար Անթոնիոս վանքը, ուր ներկայ գտնուեցաւ Ս. Անտոնի անուանակոչութեան առիթով մատուցուած Ս. պատարագին:
Մեկնումի պահուն նախագահ Աուն մաղթեց, որ իր իշխանութեան ընթացքին եւ բոլորին օժանդակութեամբ Լիբանանը վերածուի Միջին Արեւելքի աստղին: