Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճայերու Հեռացման Հարցով Վարչապետ Հարիրի Այսօր Կը Նախագահէ Նիստի Մը

January 17, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

MASHNOUK_SEAGULL_11617

Լիբանանեան քաղաքացիական օդանաւորդութեան ապահովութեան սպառնացող ճայերու թղթածրարը կը շարունակէ մնալ տիրական երկրին մէջ:

Քոսթա Պրաւայի թափօններու թաղման վայրին եւ Ղատիր գետին խառնուած կոյուղիներուն ծով թափած վայրին մէջ վխտացող ճայերը որսալու եւ զանոնք ձայնային սարքերով հեռացնելու լուծումները կը շարունակուին, սակայն կենսոլորտի պաշտպանութեան կազմակերպութիւններ կ՛ընդվզին` լիբանանեան պետութեան գործադրած լուծումներուն դէմ:

Այս առումով երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք նախարարութեան կեդրոնին մէջ գումարեց նիստ մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Ժորժ Տումեթ, Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայէք, ինչպէս նաեւ բանակի, ներքին ապահովութեան ուժերու, ընդհանուր ապահովութեան ուժերու եւ քաղաքացիական օդանաւորդութեան տնօրէնութեան ներկայացուցիչներ:

Նիստէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ իրենց գումարած նիստը նախապատրաստական աշխատանք էր այսօր վարչապետարանին մէջ գումարուելիք նիստին, որուն պիտի նախագահէ վարչապետ Սաատ Հարիրի:

Մաշնուք նշեց, որ այսօրուան նիստէն ետք է, որ որոշումները պիտի յայտարարուին:

Պէտք է նշել նաեւ, որ Պաապտայի դատախազութեան որոշումով Քոսթա Պրաւայի թափօններու թաղման վայրը պիտի վերաբացուի մինչեւ երեքշաբթի, 24 յունուար 2017, որմէ ետք ընդմիշտ պիտի փակուի, ցնոր տնօրինում:

Աւելցնենք, որ կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ ինք ցարդ տեղեկութիւն չունի Քոսթա Պրաւայի թափօններու թաղման վայրը փոխադրելու հարցին մասին:

Ան նշեց, որ կենսոլորտի նախարարութիւնը պատրաստ է լսելու աղբի տագնապին եւ յատկապէս ճայերու հեռացման հարցին գծով փորձագէտներուն առաջարկները:

Նախորդը

«Լիբանանեան Պետութիւնը Ճիգ Չի Խնայեր Երկրին Ամբողջական Զարթօնքին Ի Խնդիր Ծրագիր Մը Մեկնարկելու` Պետական Հաստատութիւններուն Աշխատանքին Կարգաւորումէն Ետք» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Կարէն Կարապետեան Մոսկուա Պիտի Այցելէ` Մետվետեւի Հրաւէրով

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.