Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Ծառայութիւնները Բարելաւելու Նիստի Մը

Յունուար 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

hariri_gulf_ambassadors_11717

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան պատասխանատու գնդապետ-զօրավար Ժորժ Տումեթ, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել, Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեք, «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Շաթիլա, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան կառոյցի անձնակազմը եւ Հարիրիի բարգաւաճման հարցերու խորհրդատու Ֆատի Ֆուազ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պէյրութի միջազգային օդակայանին ծառայութիւնները ամէն իմաստով` ապահովութիւնը, ճամբաները, ելեկտրականութիւնը եւ մաքրութիւնը  բարելաւելու հեռանկարները:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Ծոցի երկիրներու դեսպանները` Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի, Քաթարի դեսպան Ալի Պըն Համատ Մարի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սուէյտ Շամիսի, Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարի եւ Օմանի դեսպանատան գործավար Խալետ պըն Ալի Հարտան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանի իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներու եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց տեղեկատուութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը երկխօսութեան եւ հաղորդակցութեան նախարարութեան վերածելու ծրագիրները:

Հանդիպումէն ետք Ռիաշի հաստատեց, որ Հարիրի կը պահանջէ վաւերացնել ընտրական նոր օրէնք մը, որ պիտի ըլլայ Լիբանանի նոր իշխանութեան մշակած ընտրական օրէնքը:

Ռիաշի ընդգծեց, որ գրաւոր մամուլին զօրակցելու եւ օժանդակելու իմաստով որոշումներ պիտի տրուին` աւելցնելով, որ եթէ նոյնիսկ կարելի չըլլայ գրաւոր մամուլին ուղղակի նիւթական նպաստ յատկացնել, ճիգ պիտի չխնայուի անոր անուղղակի օժանդակութիւն ապահովելու, ինչպէս` տուրքերէ զերծ կացուցելու հաւանականութիւնը` անոր դիմագրաւած նիւթական ծանր բեռը թեթեւցնելու նպատակով:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի այցելեց նաեւ Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտ, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ դատական իշխանութիւններուն ազատ եւ անկախ գործելու կարեւորութիւնը` ի խնդիր օրէնքի պետութեան հիմնումին:

 

Նախորդը

«Կը Մերժենք Խորհրդարանի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումը Եւ 1960-ի Ընտրական Օրէնքին Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

Յաջորդը

«Մեզի Համար Առաջնահերթութիւնը Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւն Ապահովող Ընտրական Նոր Օրէնքի Մը Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւններ Կատարելն Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?