Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 17, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Նապաթիէի, Պընթ Ժպէյլի, Իքլիմ Թուֆֆահի եւ Մերժահիունի վերեւ գործեց թռիչքներ` լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւններ գործելով:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները` սահմանադրական կեանքին կարգաւորման լոյսին տակ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ շրջանային իրադարձութիւններն ու անոնց ազդեցութիւնը` լիբանանեան ներքին կեանքին վրայ:

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ իրաւունքներու հարցերու պետական նախարար Այման Շքէյր յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքին համաձայնութիւն պիտի չյայտնեն, եթէ այդ օրէնքը չգոհացնէ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւնն է երկրին իշխանութիւնը վերականգնել եւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի շեշտեց, որ տնտեսութեան նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ լիբանանեան մակարդակով տնտեսական ծրագիր մը մշակելու:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան ընդգծեց, որ կառավարութեան հիմնական նպատակը ընտրական նոր օրէնքի մշակումն է, եւ իբրեւ այդպիսին ան իր ջանքերը կեդրոնացուցած է այդ աշխատանքին վրայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը փորձէ նոր դռներ բանալ` ընտրական օրէնքի մը շուրջ քաղաքական բոլոր ուժերուն համախոհութիւնը ապահովելու նպատակով:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Լեռնալիբանանի իւրայատկութիւնը պէտք է պահպանել, իսկ մեր պահանջած ընտրական օրէնքը կը յարգէ այդ իւրայատկութիւնը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պատրաստ է քննարկելու եւ ընդունելու մեծամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքները, որոնք կը շրջանցեն 1960-ի ընտրական օրէնքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Ռիատ Ռահհալ յայտնեց, որ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքը կարելի է գործադրել, երբ կուսակցութիւնները կրօնական չեն, այլ` աշխարհիկ:

ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ պալատի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ռաֆիք Շլալա յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ Ծոցի երկիրներ կատարուած այցելութիւնը այդ երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութեան մէջ նոր էջ մը բացած է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախագահ ընտրութիւնը 1990-էն ի վեր Ազգային ազատ հոսանքին մղած պայքարին արդիւնքն է: Ան աւելցուց, որ նախագահ Աուն պիտի չընդունի խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել կամ երեսփոխանական ընտրութիւնները 1960-ի օրէնքին հիման վրայ կատարել:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ուիամ Ուահապ հարց տուաւ, թէ արդեօք Վերականգնումի եւ բարգաւաճման խորհուրդին դէմ արշաւին պատճառը այդ խորհուրդին կողմէ 8 միլիոն տոլար արժողութեամբ` ճայերը սպաննելու նպատակով առաջարկուած թոյնի քանակին մերժո՞ւմն է:

 

 

Նախորդը

Քրեմլին Չի Հաստատեր Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւններուն Միացեալ Նահանգները Հրաւիրելու Մասին Տեղեկութիւնը

Յաջորդը

Ժեմայէլ. «1960-ի Ընտրական Օրէնքը Կը Հարուածէ Խորհրդարանին Մէջ Քրիստոնեայ Համայնքին Ճշգրիտ Ներկայացուցչութիւնը»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.