Սարրաֆ Ընդունեց Լասընը Եւ Ռիչըրտը
Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի վերաբերող իրադարձութիւնները: Սարրաֆ գնահատեց լիբանանեան բանակին մատուցուած ամերիկեան օժանդակութիւնները` շեշտելով երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Սարրաֆ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը, որուն ընկերակցեցաւ Եւրոպական Միութեան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Փիեռ տի Ճօ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ...



















