Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲՆԱԿԱՐԱՆՆԵՐՈՒ գնման վարկեր տրամադրող պետական դրամատան տնօրէն Ժոզեֆ Սասին յայտնեց, որ քաջալերելու համար միջակ դասակարգին նիւթական փոխառութիւնը, դրամատունը որոշած է իր վարկերուն տոկոսներուն համեմատութիւնը նուազեցնել 3-էն 5 առ հարիւրի, մինչեւ 2017-ի վերջ:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս այցելեց բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի եւ շնորհաւորեց զայն` Համրայի մէջ բանակին կողմէ իրագործուած ապահովական նուաճումին առիթով:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի յայտնեց, որ առողջապահութեան նախարարութեան մէջ  նախկին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի սկսած ծրագիրները պիտի շարունակուին:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ Լիբանանէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կը տիրէ նոր մթնոլորտ մը, որ դրական է եւ յաջորդող փուլերուն իմաստով լաւատեսութիւն կը ներշնչէ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի օրուան իր քարոզին մէջ շեշտեց, որ լիբանանեան ներկայ իշխանութիւններէն կը պահանջուի պահպանել երկրին բազմազանութիւնը` ամրապնդելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները կ՛ամրապնդեն Լիբանանի ժողովրդավարական ուղին` ներքին եւ արտաքին առումով:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին առաջարկեց Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի նիստի մը հրաւիրել:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ յայտնեց, որ ներկայ կառավարութեան ու իշխանութեան գործունէութիւնը Լիբանանի մէջ գործած ոչ մէկ կառավարութեան կամ իշխանութեան գործունէութեան նման պիտի ըլլայ:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ ահաբեկչութեան թղթածրարը հետապնդելու իմաստով ապահովական հսկայ ջանքեր ի գործ կը դրուին` աւելցնելով, որ այս իմաստով լիբանանեան պետութիւնը կը գտնուի ճիշդ հունին մէջ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու իմաստով լուրջ աշխատանք կը տարուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ պառակտուած ժողովուրդ մը չի կրնար իր միասնականութիւնը վերագտնել` առանց միացեալ պետութեան մը նկատմամբ վերահաստատուած վստահութեամբ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տանի Շամուն յոյս յայտնեց, որ Հըզպալլա իր զէնքը լիբանանեան բանակին յանձնէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի ընդգծեց, որ իրենք կը փափաքին ունենալ ընտրական օրէնք մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ արդարութիւնը իրականացնել եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կեցուածքները դրսեւորել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Մըքտատ յայտնեց, որ առանց կոյուղիներ հաստատելու կարելի չէ հիմնել մաքուր եւ ախտերէ զերծ պետութիւն մը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Այուպ Հըմայէտ կոչ ուղղեց առիթ ընծայելու բոլորին հանրային կեանքին մաս կազմելու: Ան նշեց, որ ատիկա կարելի է, եթէ համամասնական դրութեամբ ընտրական օրէնքը որդեգրուի:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան կեանքին ամրապնդումը կարելի է իրագործել լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ:

 

Նախորդը

Ասթանայի Մէջ Սուրիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները Ընթացք Առին

Յաջորդը

Ռիաշի. «Այս Շաբթուան Ընթացքին Պիտի Այցելեմ Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններ»

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.