Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթ օր Պաապտայի մէջ ընդունեց Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ժաաֆարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ լիբանանեան-իրաքեան յարաբերութիւններու ամրապնդումին, յատկապէս տնտեսական առումով:
Ան մաղթեց, որ Իրաք կարենայ հակակշռել իր ապահովական կայունութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պարտադրել ամբողջ Իրաքի վրայ:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կրցած է դիմագրաւել դժուարութիւններու փուլը եւ սկսած բոլոր մարզերուն մէջ բարգաւաճման նոր փուլ մը:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը մէկ պետութեան պատասխանատուութիւնը չէ, այլ կ՛ենթադրէ բոլոր պետութիւններուն միջեւ գործակցութիւն, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը ամէնուր է:
Իր կարգին, Ժաաֆարի նախագահ Աունին փոխանցեց Իրաքի նախագահ Ֆուատ Մաասումի շնորհաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր յանձնեց Իրաք այցելութեան հրաւէր մը:
Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք Ժաաֆարի յայտնեց, որ իրաքեան ուժերը սկսած են երկրին ապահովական կացութիւնը հակակշռել եւ ահաբեկչութեան դէմ յաղթանակներ արձանագրել:
Ան յոյս յայտնեց, որ օր մը ՏԱՀԵՇ-ը Իրաքի մէջ ամբողջութեամբ վերջ գտնէ` ընդգծելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ գործակցելու կարեւորութիւնը:
Ժաաֆարի հաստատեց, որ Մուսուլի ճակատամարտը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի սկսի:
Ժաաֆարի այցելեց նաեւ վարչապետարան, ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Ալի Ամիրիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Իրաքի զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Լիբանանէն մեկնումի պահուն, Ժաաֆարի Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ յայտնեց, թէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը Արաբական վեհաժողովի աշխատանքներուն մէջ առաջնահերթութիւն է:
Նշենք, որ այսօր առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ Լիբանան կը հասնի Իրանի Ազգային ժողովի նախագահի միջազգային հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանը, իսկ երեկոյեան Պէյրութ կ՛այցելէ Քուէյթի իշխանի ներկայացուցիչ շէյխ Մոհամետ Ապտալլա Մուպարաք Սապահ:
Իր կարգին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի չորեքշաբթի, 25 յունուար 2017-ի երեկոյեան պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Աունի, Պըրրիի եւ Հարիրիի հետ: