
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց կարգին` ընտրական օրէնքին կապուած խնդիրներ:
Հանդիպումէն ետք կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ պատմութեան ընթացքին իրենք եղած են Լիբանանի ազգային հարցերու լուծման ռահվիրաները եւ կառչած կը մնան ճշգրիտ ներկայացուցչութեան: «Հիմնուելով այս չափանիշին վրայ` կը պահանջենք, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին բոլոր կողմերը ներկայացուին», ըսաւ Համատէ:
Ան շեշտեց, որ իրենք նաեւ կառչած կը մնան այն համոզումին, որ խառն ընտրական օրէնքն է, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ` աւելցնելով, որ Պըրրիի մօտ շօշափած են իրենց մտահոգութիւնները հասկցող կեցուածք:


