Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց 1989-1990 Թուականներուն Լիբանանցիներուն Զօրակցած Ֆրանսական Պատուիրակութիւն Մը

Յունուար 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց ֆրանսական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ֆրանսացի քաղաքական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ եւ լրագրողներ, որոնք 1989-1990 թուականներուն այցելած էին Լիբանան եւ զօրակցութիւն յայտնած լիբանանցիներուն, որոնք օրին կ՛այցելէին «Ժողովուրդին տուն»-ը եւ զօրակցութիւն կը յայտնէին Աունի գլխաւորած զինուորական կառավարութեան, ինչպէս նաեւ անոր որդեգրած` Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան կեցուածքներուն:

Ֆրանսական պատուիրակութեան երէկուան այցելութիւնը կատարուեցաւ «Հաւատարմութիւն, յանձնառութիւն եւ զօրակցութիւն» խորագիրին տակ:

Նախագահ Աուն ֆրանսական պատուիրակութիւնը ընդունեց ներկայութեամբ Առաջին տիկին Նատիա Աունի եւ դուստրերուն` Միրէյ Հաշեմի, Քլոտին Ռուքոզի եւ Շանթալ Պասիլի ու անոնց ամուսիններուն:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան համար պայքարը, որ սկսաւ 1988 թուականէն, տարբեր մարզերու մէջ կը շարունակուի` իրականացնելու համար արդարութեան, հաւասարութեան եւ թափանցիկութեան պետութիւնը:

Ան նշեց, որ 28 տարի ետք իրաւունքն ու ճշմարտութիւնը յաղթանակ արձանագրեցին:

Նախագահ Աուն նաեւ ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած հրդեհը պէտք է հակակշիռի տակ առնել, այլապէս անիկա աշխարհով մէկ պիտի տարածուի:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ռիչըրտ շնորհաւորեց նախագահ Աունը` նախանցեալ օր Համրայի մէջ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ կատարած ապահովական տեսակարար գործողութեան համար, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ ձախողեցնել ահաբեկչական գործողութիւն մը:

Ռիչըրտ վերահաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Լիբանանի կառոյցներուն եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ կը զօրակցին անոր` աւելի ապահով, կայուն եւ բարգաւաճ ապագայ մը ունենալու իմաստով:

ՆՇԵՆՔ, որ նախագահ Աուն այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Քուէյթի իշխանի ներկայացուցիչ նախարար շէյխ Մոհամետ Ապտալլա Մուպարաք Սապահի հետ, որ նախագահ Աունի պիտի փոխանցէ Քուէյթի իշխանին ողջոյնները, ինչպէս նաեւ պիտի հանդիպի լիբանանցի պատասխանատուներու եւ անոնց հետ պիտի քննարկէ երկու երկիրները հետաքրքրող շարք մը հարցեր:

Նախորդը

Ղաթթաս Խուրի Այցելեց «Թռչնոց Բոյն» Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

Յաջորդը

Կլատիս Պերեճիքլեան Նիու Սաութ Ուէյլզի Վարչապետ

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Նախապէս Ամերիկայի Միջնորդութեամբ Իսրայէլի Հետ Բանակցած Է, Ուստի Ի՞նչը Կ՛արգիլէ, Որ Այդ Փորձը Կրկնենք»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Կը Զօրակցինք Լիբանանի Նախագահին` Հըզպալլան Զինաթափելու Եւ Բարգաւաճ Պետութիւն Կառուցելու Անոր Առաքելութեան Մէջ»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին.  Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը
Լիբանանեան

Ըստ «Շարք Աուսաթ»-ին. Ուաշինկթըն Մերժեց Հըզպալլայի Ռազմավարական Զէնքերը Իրաքի Մէջ «Երաշխաւոր» Կողմի Մը Փոխանցելու Առաջարկ Մը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?