Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց իրանեան պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Իրանի խորհրդարանի նախագահի անձնական օգնական եւ Թեհրանի մէջ տեղի ունենալիք Պաղեստինեան դատի զօրակցութեան խորհրդաժողովի ընդհանուր քարտուղար Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան բարձր գնահատեց Պըրրիի իրագործած ազգային – քաղաքական շինիչ դերակատարութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ Լիբանանի մէջ քաղաքական կայունութիւն հաստատել:
Ան վերահաստատեց իր շնորհաւորութիւնները լիբանանցիներուն` զօր. Միշել Աունը հանրապետութեան նախագահ ընտրելու առիթով:
Ապտելլահեան ընդգծեց նաեւ, որ ինք Պըրրիի հետ քննարկած է շրջանային ընդհանուր իրադարձութիւնները, յատկապէս սուրիական, եմէնեան եւ պաղեստինեան ճակատները յուզող հարցերը:
Ապտելլահեան շեշտեց, որ Սուրիոյ տագնապին միակ լուծումը քաղաքական լուծումն է` մաղթելով, որ սուրիական ազգային միասնականութիւնը ըլլայ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու միջոց մը: