Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակն Ու Ապահովութեան Ուժերը Համրայի Մէջ Ձախողեցուցին Ահաբեկչական Գործողութիւն Մը

Յունուար 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին լիբանանեան ապահովական եւ քաղաքական կայունութիւնը ոմանց աչքին փուշի համազօր է:

Ամբողջ աշխարհին սպառնացող ահաբեկչութեան վտանգը նախանցեալ երեկոյեան սպառնաց նաեւ մայրաքաղաք Պէյրութի բաբախող սիրտը նկատուող Համրա փողոցին:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը շաբաթ ուշ գիշերին ձախողեցուց ահաբեկչական գործողութիւն մը, երբ Համրայի «Քոսթա» սրճարանին մէջ ձերբակալեց անձնասպանական գործողութեան հեղինակ Օմար Հասան Ասին, որ իր մէջքին կապած էր ականուած գօտի մը` ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու նպատակով:

8 քկ պայթուցիկ նիւթ պարունակող ականը կրող ահաբեկիչը մուտք գործած էր «Քոսթա» սրճարան, նստած սուրճ մը խմելու եւ կը պատրաստուէր կատարելու իր գործողութիւնը, երբ զինք հետապնդող բանակի գաղտնի սպասարկութեան անդամները խոշտանգեցին զայն, վնասազերծեցին անոր մէջքին կապուած ականը եւ զայն փոխադրեցին հիւանդանոց:

Համրայի մէջ արձանագրուած այս պատահարը կը փաստէ, թէ ահաբեկչութիւնը կը հալածէ նաեւ Լիբանանը, սակայն երկրին ապահովական կառոյցներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութեան շնորհիւ կարելի կը դառնայ Լիբանանը փրկել մեծ աղէտներէ:

Նշենք, որ Օմար Հասան Ասի, ծնեալ` 1992-ին, Սայտայի բնակիչ է. ան ազդուած է շէյխ Ահմետ Ասիրի ծայրայեղական գաղափարներէն: Անպաշտօն աղբիւրներ կը հաստատեն, որ ան անդամակցած է ՏԱՀԵՇ-ին:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ողջունեց ապահովութեան ուժերուն` բանակի գաղտնի սպասարկութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղած էր ձախողեցնել ահաբեկչական գործողութիւնը:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի գնահատեց բանակն ու ապահովութեան ուժերը` շեշտելով, որ լիբանանեան միասնականութիւնն է, որ կը փրկէ երկիրն ու քաղաքացիները:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան այցելեց Համրայի «Քոսթա» սրճարանը, ուր ապահովութեան ուժերը օր մը առաջ ձախողեցուցած էին ահաբեկչական գործողութիւնը:

Հարիրի յայտնեց, որ շաբաթ գիշերուան ապահովական նուաճումը արձանագրուած է շնորհիւ ապահովութեան ուժերուն միջեւ գործակցութեան: «Այո՛, Լիբանանին դէմ սպառնալիք կայ, սակայն Լիբանանի մէջ նաեւ կան այր մարդիկ: Կոչ կ՛ուղղեմ լիբանանցիներուն չվախնալու, որովհետեւ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կը հսկեն երկրին ապահովութեան», ըսաւ ան:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ ինք Համրա այցելած է ընդգծելու համար, որ ոչ ոք զիրենք երկիւղի կը մատնէ, ինչպէս նաեւ հաստատելու համար, որ իրենք պիտի գործակցին ապահովական կառոյցներուն հետ` տապալելու համար ահաբեկչութիւնը, յատկապէս երբ նախագահ Աուն կը հսկէ երկրին ապահովութեան:

Ան նշեց, որ Օմար Ասի ոչ մէկ կապ ունի Սայտայի կամ իսլամութեան հետ` աւելցնելով, որ ան կորսնցուցած է իր կեանքին ուղին եւ մուտք գործած անորոշ փապուղիներու մէջ, որոնց գինը այսօր կը վճարէ:

Հարիրիի ընկերակցեցան պաշտպանութեան եւ ներքին գործոց նախարարներ Եաագուպ Սարրաֆ եւ Նուհատ Մաշնուք:

Նախորդը

Պէյրութի Մէջ. Ժաաֆարի Կը Շեշտէ Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարին Մէջ Գործակցութեան Անհրաժեշտութիւնը

Յաջորդը

«Նոր Սահմանադրութեամբ Թուրքիան Կը Գործէ 100 Տարի Առաջ Գործած Սխալը» Կ՛ըսէ Փայլան

RelatedPosts

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025
«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը  Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ  Վստահութեան Վերականգնումն Է»  Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն
Լիբանանեան

«Այն, Ինչ Որ Ներդրողներուն Վերադարձը Կը Քաջալերէ Լիբանանի Նկատմամբ Վստահութեան Վերականգնումն Է» Կ՛ըսէ Նախագահ Աուն

Մայիս 14, 2025
Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու  Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ  Ձեռքբերումները Արձանագրելու»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութիւնը Վճռակամ Է Շարունակելու Բարեկարգումի Ծրագիրը Եւ Անհրաժեշտ Ձեռքբերումները Արձանագրելու»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?