Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սարրաֆ Ընդունեց Լասընը Եւ Ռիչըրտը

January 25, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի վերաբերող իրադարձութիւնները:

Սարրաֆ գնահատեց լիբանանեան բանակին մատուցուած ամերիկեան օժանդակութիւնները` շեշտելով երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Սարրաֆ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Քրիսթինա Լասընը, որուն ընկերակցեցաւ Եւրոպական Միութեան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Փիեռ տի Ճօ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին օժանդակելու հեռանկարները:

Սարրաֆ ողջունեց ներկաները` հաստատելով, որ Լիբանան յանձնառու է Եւրոպական Միութեան եւ պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու:

Սարրաֆ յայտնեց, որ իրենք հպարտ են բանակի գաղտնի սպասարկութեան կողմէ Համրայի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն մը ձախողեցնելու իրագործումով:

Լասըն Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը յայտնեց օժանդակելու լիբանանեան բանակին` բարձր գնահատելով երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անոր դերակատարութիւնը:

Միւս կողմէ, հարցազրոյցի մը ընթացքին Սարրաֆ յայտնեց, որ շաբաթ գիշեր Համրայի մէջ պատահածը իրապէս ապահովական տեսակարար նուաճում մըն է` աւելցնելով, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին եւ ոչ միայն մայրաքաղաքին մէջ ապահովութիւնը պէտք է կայուն դառնայ:

Սարրաֆ ընդգծեց Պեքաայի մէջ առեւանգումներուն եւ ոճիրներուն վերջ տալու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ հաւասարակշռուած բարգաւաճումը ապահովական կայունութեան հաստատումի նախապայմաններէն մէկն է:

Այս շրջագիծին մէջ Սարրաֆ ըսաւ, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին լիբանանցի քաղաքացի Սաատ Ռիշան առեւանգողները հետապնդումի ենթակայ են:

Ան շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին միջեւ ներդաշնակութիւնը ստեղծած է քաղաքական առողջ միջավայր մը, ուր ապահովութեան ուժերը հանգիստ կը գործեն:

 

Նախորդը

Պասիլ Ընդունեց Ապտելլահեանը

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Ժողովրդավարական Հանդիպումի Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

October 24, 2026
Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան  Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի  Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Թաէֆի Համաձայնութեան Ճշդած Լիբանանեան Քաղաքական Կառոյցի Փոփոխութեան Առաջարկ Գոյութիւն Չունի»

October 24, 2026
Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը  Հեռանայ Լիբանանէն»
Լիբանանեան

Ուալց. «Ժամանակն Է, Որ ՖԻՆԻՒԼ-ը Հեռանայ Լիբանանէն»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.