Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Յաջողեցաւ Տուն Վերադարձնել Առեւանգուած Քաղաքացի Սաատ Ռիշան

January 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը շաբաթ առաւօտեան ժամը 7:00-ին տուն վերադարձուց անցեալ շաբաթասկիզբին առեւանգուած լիբանանցի քաղաքացի Սաատ Ռիշան:

Վարչապետ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սաատ Ռիշայի հետ եւ շնորհաւորեց զայն ու առողջութիւն մաղթեց անոր:

Հարիրի ընդգծեց, որ ինք անձամբ պիտի զօրակցի քաղաքացիները առեւանգելու երեւոյթին վերջ տալու ջանքերուն` յանցագործները հասցնելով դատական իշխանութիւններ:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, իր խօսքը ուղղելով Ռիշան առեւանգող կողմերուն, յայտնեց, որ զանոնք ձերբակալելու ժամանակը արդէն իսկ մօտեցած է` ընդգծելով, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը առեւանգումի այս արարքներուն վերջ պիտի դնէ եւ զայն Պեքաայէն եւ ամբողջ Լիբանանէն արմատախիլ պիտի ընէ:

Մաշնուք նշեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է իշխանութեան երեք պետերուն հետ եւ համաձայնած անոնց հետ ողջունելու Պրիթելի բնակիչները` Սաատ Ռիշայի առեւանգումը դատապարտող իրենց կեցուածքին համար:

Շթորայի իր բնակարանին մէջ Ռիշան դիմաւորեցին անոր ընտանիքը, երեսփոխան Ժոզեֆ Մաալուֆ եւ խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ Պասսամ Թլայս, որ յայտնեց, թէ Ռիշայի ազատ արձակման համար ոչ մէկ փրկագին վճարուած է` մաղթելով, որ առեւանգումները չկրկնուին:

Իր կարգին, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի այցելեց Ռիշայի բնակարանը, ուրկէ յայտարարեց, թէ ապահովական կառոյցներուն մօտ կը գտնուին առեւանգողներուն անունները` խոստանալով, որ արդարութիւնը մօտիկ ապագային պիտի հաստատուի:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի այցելեց Ռիշայի բնակարանը, ուր ան Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի անունով շնորհաւորեց անոր ապահով վերադարձը:

Ռիաշի կոչ ուղղեց Պեքաայի մէջ առեւանգումի նմանօրինակ արարքները չկրկնելու:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ բարձր գնահատեց Ռիշան ազատ արձակելու իմաստով ի գործ դրուած բոլոր ջանքերը եւ կոչ ուղղեց Պեքաայի համար ապահովական արտակարգ ծրագիր մը մշակելու:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի ողջունեց իսլամական-քրիստոնէական համագործակցութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ Ռիշան ազատ արձակել:

Նշենք, որ Սաատ Ռիշա ենթարկուեցաւ բժշկական քննութիւններու` առողջական իր վիճակը ստուգելու համար:

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Ամերիկեան Պատուիրակութեան Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

Յաջորդը

«Լիբանան Մուտք Կը Գործէ Դրական Փուլ Մը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.