Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համրայի Մէջ. Նախարար Կիտանեան Մասնակցեցաւ «Քոսթա»-Ին Նուիրուած Զօրակցական Հաւաքին

Յունուար 24, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ մասնակցեցաւ «Քոսթա» սրճարանին նուիրուած զօրակցական հաւաքին, որ կազմակերպուեցաւ Ճաշարաններու, սրճարաններու եւ անուշավաճառներու սենտիքային կողմէ, ներկայութեամբ նաեւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, որոնց շարքին էր Յակոբ Թերզեան:

Այս առիթով Կիտանեան շնորհաւորեց լիբանանցիները, որոնք փրկուած էին շաբաթ գիշերուան ահաբեկչական գործողութենէն: Ան շնորհաւորեց նաեւ ապահովական կառոյցները` անոնց ապահովական նուաճումին համար:

Նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարներուն եւ անոնց գործակցութեան, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ ձախողեցնել ահաբեկչական այն գործողութիւնը, որ թիրախ պիտի դարձնէր կեանքով լեցուն եւ երկրին զբօսաշրջութեան երակը նկատուող այս փողոցը:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ ինք հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Ճաշարաններու, սրճարաններու եւ անուշավաճառներու սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամիի հետ եւ զօրակցութիւն յայտնած «Քոսթա» սրճարանին դիմաց կայացած զօրակցական հաւաքին, որովհետեւ ի վերջոյ իբրեւ լիբանանցիներ իրենք կառչած կը մնան կեանքին հանդէպ սիրոյ զգացումին, ինչպէս նաեւ ապրելու հզօր կամքին` հակառակ զիրենք շրջապատող բոլոր հարցերուն եւ փորձանքներուն:

«Կը կրկնենք, որ մեր աշխատանքները պիտի շարունակենք Լիբանանը տեսնելու իր լաւագոյն եւ ամէնէն գեղեցիկ վիճակին մէջ», ըսաւ ան:

Նախարար Կիտանեան աւելցուց, որ շաբաթ գիշեր «Քոսթա»-ի շուրջ գտնուող քաղաքացիները, որոնք վկայած էին ահաբեկչական գործողութեան հեղինակին ձերբակալումը, հաստատած են, որ իրենք այդ դէպքէն վերջ ուղղուած են իրենց խրախճանքը շարունակելու: «Այս է այն պատգամը, որ կ՛ուզենք փոխանցել աշխարհին` շեշտելով, որ Լիբանան իր լաւագոյն իրավիճակին մէջ կը գտնուի. անոր ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի` աւելի քան որեւէ երկիր», ըսաւ ան:

Ա. Կիտանեան դատապարտեց ահաբեկչական գործողութիւն մը կատարելու փորձը` շեշտելով, որ զբօսաշրջութեան մարզը, պետութիւնը եւ արդիւնաբերութեան հաստատութիւնները միակամ պիտի պայքարին ահաբեկչութեան դէմ` պահպանելու համար ապահովական կայունութիւնը:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Ապտելլահեանը

Յաջորդը

Ղաթթաս Խուրի Այցելեց «Թռչնոց Բոյն» Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Լիբանանեան

Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?