Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Իրանի խորհրդարանի նախագահի միջազգային հարցերու օգնական Հիւսէյն Էմիր Ապտելլահեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան յայտնեց, որ Պասիլի հետ քննարկած է պաղեստինեան եւ սուրիական հարցերը եւ նախարարը շնորհաւորած զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան առիթով:
Ապտելլահեան հաստատեց, որ իրանեան պետութիւնը կատարեալ վստահութիւն ունի Լիբանանի մէջ գործող քաղաքական ուժերու ղեկավարութիւններուն քաղաքական բարձր գիտակցութեան վրայ` աւելցնելով, որ Թեհրան համոզուած է, թէ յառաջիկային Լիբանան պայծառ նուաճումներ պիտի գործէ քաղաքական մարզին, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պայքարին իմաստով:
Ապտելլահեան նշեց, որ Իրան կը շարունակէ զօրակցիլ Իրաքի եւ Սուրիոյ տագնապներուն քաղաքական լուծման տարբերակին:
Նասրալլայի Մօտ
Ապետլլահեան ընդունուեցաւ նաեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող քաղաքական իրադարձութիւնները: