Լիբանանեան

Հարիրի Պեքաայի Եւ Հարաւի Վերաբերող  Հարցեր Քննարկեց  Միւֆթիներ Մէյսի Եւ Սուսանի Հետ

Հարիրի Պեքաայի Եւ Հարաւի Վերաբերող Հարցեր Քննարկեց Միւֆթիներ Մէյսի Եւ Սուսանի Հետ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Զահլէի եւ Պեքաայի միւֆթի շէյխ Խալիլ Մէյսը եւ Սայտայի ու հարաւային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսանը, որոնք շնորհաւորեցին վարչապետը Ֆիթրի տօնին առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Պեքաայի եւ հարաւի կարիքներն ու այդ շրջաններուն վերաբերող հարցերը: Հարիրիի այցելեց նաեւ առեւտուրի, երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի Թրիփոլիի պալատներու նախագահ Թաուֆիք Տապպուսի, որ շեշտեց, թէ այցելութեան նպատակն է զօրակցիլ...

Ճաշարաններու Սեփականատէրերու  Սենտիքայի  Նախագահը Կիտանեանին Յայտնեց  Սենտիքային Լաւատեսութիւնը

Ճաշարաններու Սեփականատէրերու Սենտիքայի Նախագահը Կիտանեանին Յայտնեց Սենտիքային Լաւատեսութիւնը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Ճաշարաններու, գիշերային զբօսավայրերու, սրճարաններու եւ անուշավաճառներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Թոնի Ռամին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Ֆիթրի տօնին ընթացքին Լիբանանի մէջ տիրած զբօսաշրջական իրավիճակը, որուն լոյսին տակ Ռամի յայտնեց, որ ճաշարաններուն աշխատանքները հարիւր առ հարիւր եղած են: Ռամի շեշտեց, որ Ֆիթրի տօնին յաջորդող շաբթուան ընթացքին եւս ճաշարաններուն, գիշերային զբօսավայրերուն...

Քանաան. «Ներքին Գործոց  Նախարարութեան  Պիւտճէն Վաւերացուած Է»

Քանաան. «Ներքին Գործոց Նախարարութեան Պիւտճէն Վաւերացուած Է»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յատուկ յանձնախումբը երէկ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ ներկայութեամբ ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Նիստէն ետք Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը վաւերացուցած է ներքին գործոց նախարարութեան պիւտճէն: Ան աւելցուց, որ պաշտպանութեան նախարարութեան պիւտճէին համար կազմուած յատուկ յանձնախումբը պիտի ստանձնէ նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան պիւտճէին վերաբերող մանրամասնութիւնները: Անդրադառնալով օդը կրակողները ձերբակալելու...

Միացեալ Նահանգներու  Անկախութեան 241-ամեակին Առիթով.  Ռիչըրտ. «Լիբանանցիներուն Հետ  Կը Բաժնենք Շատ Մը Շահեր Եւ Արժանիքներ»

Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան 241-ամեակին Առիթով. Ռիչըրտ. «Լիբանանցիներուն Հետ Կը Բաժնենք Շատ Մը Շահեր Եւ Արժանիքներ»

Լիբանանի մէջ ամերիկեան դեսպանատան կազմակերպութեամբ, Ֆաքրայի Հռոմէական տաճարի հնութիւններուն մօտ նշուեցաւ Միացեալ Նահանգներու անկախութեան 241-ամեակը: Այս առիթով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ շնորհակալութիւն յայտնեց մշակոյթի նախարարութեան, Քֆարտըպիանի քաղաքապետարանին, ինչպէս նաեւ հնութիւններու ընդհանուր տնօրէնութեան, որոնց արտօնութեամբ կարելի եղաւ պատմական այդ վայրին մէջ նշել Միացեալ Նահանգներու անկախութեան տարեդարձը: Ռիչըրտ յայտնեց, որ ժողովրդավարական իւրաքանչիւր վարչակարգ, ներառեալ նաեւ Լիբանանը, դժուար հարցեր կը...

Նաամէ Մահֆուտ. «Ուսուցիչները Անկարելի Է,  Որ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու  Կազմակերպման Մասնակցին, Նախքան Աշխատավարձի  Յաւելումներուն Վաւերացումը»

Նաամէ Մահֆուտ. «Ուսուցիչները Անկարելի Է, Որ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Կազմակերպման Մասնակցին, Նախքան Աշխատավարձի Յաւելումներուն Վաւերացումը»

Սեփական դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ շեշտեց, որ եթէ յուլիս ամսուան ընթացքին աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացուին, ապա պրէօվէի եւ պաքալորէայի վերաքննութիւններն ու յաջորդ կրթական տարեշրջանը վտանգուած են: Մահֆուտ նշեց, որ սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը երէկ գումարած է արտակարգ նիստ մը` որդեգրելու համար իր յաջորդ քայլերը` խորհրդարանին կողմէ աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացուելու պարագային: Մահֆուտ շեշտեց, որ առաջնահերթութեանց առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ երկրին...

Սարրաֆ Լազարինիի Հետ Քննարկեց  Սուրիական Գաղթակայաններուն Հարցը

Սարրաֆ Լազարինիի Հետ Քննարկեց Սուրիական Գաղթակայաններուն Հարցը

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց սուրիական գաղթակայաններուն հարցը, յատկապէս նկատի ունենալով Արսալի մէջ բանակին գործադրած զինուորական գործողութեան բացայայտած ճշմարտութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին Լազարինի հաստատեց, որ ՄԱԿ կը մերժէ գաղթակայաններուն մէջ ահաբեկիչներուն գոյութիւնը` հաստատելով, որ անոնք կը վտանգեն գաղթակայանին մէջ ապաստանած տեղահանուածներուն ապահովութիւնը:

Քաակ Այցելեց Ռայի Պատրիարքին  Եւ Նախարար Ալի Հասան Խալիլի

Քաակ Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Նախարար Ալի Հասան Խալիլի

Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակ երէկ այցելեց Պքերքէ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քաակ այցելեց նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր, յատկապէս Լիբանանի նաւթի թղթածրարը, ծովային սահմանագծումը հովանաւորելու ՄԱԿ-ի պատրաստակամութիւնն ու սուրիացի տեղահանուածներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:  

Լիպըրման. «Հըզպալլա Զէնքի  Արտադրութեան Գետնափոր Գործարաններ Ունի»

Լիպըրման. «Հըզպալլա Զէնքի Արտադրութեան Գետնափոր Գործարաններ Ունի»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման երէկ շեշտեց, որ Իսրայէլ լաւատեղեակ է, թէ Հըզպալլա զէնքի արտադրութեան գետնափոր գործարաններ ունի` աւելցնելով, որ իսրայէլեան իշխանութիւնները այս իմաստով քայլերու պիտի նախաձեռնեն: Լիպըրման յայտնեց, որ այդ գործարանները կը հիմնուին Իրանի հաւանութեամբ` շեշտելով, որ Իսրայէլ չի կրնար անտեսել զէնքի արտադրութեան յատուկ գործարաններու գոյութիւնը: Ան ընդգծեց, որ 2006-ի պատերազմէն ետք իսրայէլեան բանակը գերազանցած է Հըզպալլայի ուժը:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ յայտնեց, որ պաքալորէայի քննութիւններուն արդիւնքները պիտի հրապարակուին շաբաթ, 8 յուլիս 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի կտրականապէս մերժեց գործակցիլ սուրիական վարչակարգին հետ` զայն նկատելով ոճրագործ վարչակարգ: ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի նշեց, որ սուրիացի գաղթականներու թղթածրարին նկատմամբ ցուցաբերուած մօտեցումը խաղաղ է` աւելցնելով, որ իրենք կը սպասեն այդ թղթածրարին...

Պասիլ Այցելեց Ժեզզին Եւ Բացումը  Կատարեց Ժիէի  Ելեկտրականութեան Նոր Ընկերութեան

Պասիլ Այցելեց Ժեզզին Եւ Բացումը Կատարեց Ժիէի Ելեկտրականութեան Նոր Ընկերութեան

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին այցելեց Ժեզզին, ուր շեշտեց փտածութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը: Ան ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանքին պատմութեան մէջ փտածութիւնը տեղ չունի` աւելցնելով, որ իրենք կը քաջալերեն իրենց շուրջինները ձերբազատելու անցեալին իրենց գործած փտածութենէն եւ մաքրուելու: «Այդ պատճառով ալ շատ սուղ կը վճարենք Լիբանանի մէջ փոփոխութիւն յառաջացնելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու իմաստով:...

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումներն  Ու Պետական Ամավարկը Պիտի Վաւերացնենք  Յուլիս Ամսուան Ընթացքին»

Պըրրի. «Աշխատավարձի Յաւելումներն Ու Պետական Ամավարկը Պիտի Վաւերացնենք Յուլիս Ամսուան Ընթացքին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտարարեց, որ ընտրական օրէնքը վաւերացնելէ ետք, պէտք է անցնիլ քաղաքացիներուն դիմագրաւած հարցերուն լուծման` աւելցնելով, որ այդ ջանքերուն զուգահեռ պէտք է նաեւ  պատրաստուիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Պըրրի շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին իրենց ճշդուած թուականին` մագնիսական քարտը ապահովուի կամ ոչ: «Երեսփոխանական ընտրութիւնները ոչ մէկ կերպով պիտի յետաձգուին, եւ մագնիսական քարտը չի կրնար այդ ընտրութիւնները յետաձգելու պատճառաբանութիւն դառնալ»,...

Հարիրի. «Լիբանանցի Ժողովուրդը Իր Հողը  Կրնայ Պաշտպանել Իսրայէլեան Որեւէ  Յարձակումէ Եւ Օտար Կռուողներու Կարիք Չունի»

Հարիրի. «Լիբանանցի Ժողովուրդը Իր Հողը Կրնայ Պաշտպանել Իսրայէլեան Որեւէ Յարձակումէ Եւ Օտար Կռուողներու Կարիք Չունի»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին հովանաւորեց Անտոնեան հայրերու համալսարանի աւարտական հանդէսը, որուն ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ լիբանանցի ժողովուրդը իր հողը կրնայ պաշտպանել իսրայէլեան որեւէ յարձակումէ` աւելցնելով, որ ան օտար կռուողներու եւ միլիսներու անդամներու կարիքը չունի, ինչ ազգութեան որ ալ պատկանին անոնք: Հարիրի նշեց, որ այդ միլիսներուն Լիբանան գալու եւ Իսրայէլի դէմ կռուելու մասին վերջերս հնչած յայտարարութիւնները Լիբանանի պաշտօնական...

Սարրաֆ. «Տեղահանուածներուն Իրաւունքներուն  Ու Ապահովութեան Տէր Պիտի Կանգնինք`  Միաժամանակ Դիմադրելով Ահաբեկչութեան»

Սարրաֆ. «Տեղահանուածներուն Իրաւունքներուն Ու Ապահովութեան Տէր Պիտի Կանգնինք` Միաժամանակ Դիմադրելով Ահաբեկչութեան»

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ այցելեց Արսալի զինուորական գործողութեան ընթացքին վիրաւորուած բանակայիններուն, որոնց ապաքինում մաղթեց: Սարրաֆ շեշտեց, որ բանակին իրագործած գործողութիւնը Լիբանանը փրկած է մեծ վտանգէ մը` դրուատելով ահաբեկչութեան դէմ բանակին գործադրած կանխարգելիչ զինուորական գործողութիւնները: Միւս կողմէ, Սարրաֆ շաբաթավերջին այցելեց Հալպա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ղովմի կուսակցութեան Աքքարի պատասխանատու Սեսին Եուսեֆի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կազմ...

Ժոմպլաթ. «Լիբանանեան Բանակը  Ձախողեցուցած Է Լիբանանի Կայունութիւնը  Թիրախ Դարձնող Ահաբեկչական Ծրագիր Մը»

Ժոմպլաթ. «Լիբանանեան Բանակը Ձախողեցուցած Է Լիբանանի Կայունութիւնը Թիրախ Դարձնող Ահաբեկչական Ծրագիր Մը»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ դրուատեց Արսալի բարձունքներուն վրայ լիբանանեան բանակին գործադրած զինուորական յատուկ գործողութիւնը: Ան նշեց, որ այդ գործողութեամբ բանակը ձախողեցուցած է Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնող ահաբեկչական ծրագիր մը: Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ բանակին իրագործած այս նուաճումը կը փաստէ, թէ անոր կարիքները պէտք է լիովին հոգալ` ըլլան անոնք քաղաքական թէ գումակային, որպէսզի բանակը կարենայ շարունակել իրեն...

Թալալ Արսլան Զասիփքինի Հետ Քննարկեց  Տեղական, Շրջանային  Եւ Միջազգային Զարգացումները

Թալալ Արսլան Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Տեղական, Շրջանային Եւ Միջազգային Զարգացումները

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց տեղական, շրջանային եւ միջազգային քաղաքական զարգացումները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Արսլան նշեց, որ իրենք` իբրեւ կուսակցութիւն, Ռուսիոյ հետ մնայուն կապեր ունեցած են` աւելցնելով, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս Ռուսիա կը շարունակէ շրջանին մէջ դերակատարութիւն ունենալ: Արսլան ընդգծեց, որ Միջին Արեւելքի...

Ֆրենժիէ. «Պաղեստինը Պիտի Մնայ  Մեր Կողմնացոյցը, Նոյնիսկ Եթէ Այդ  Կեցուածքը Ամբաստանութիւն Ըլլայ»

Ֆրենժիէ. «Պաղեստինը Պիտի Մնայ Մեր Կողմնացոյցը, Նոյնիսկ Եթէ Այդ Կեցուածքը Ամբաստանութիւն Ըլլայ»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին ընդունեց Ալմայի եւ Ֆուարի արաբները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ Պաղեստինը պիտի մնայ իրենց կողմնացոյցը, նոյնիսկ եթէ այդ կեցուածքը ամբաստանութիւն ըլլայ: Ան շեշտեց, որ իրենք սուղ վճարած են փոքրամասնութիւններու դաշինք ըլլալու գինը, որովհետեւ ազգային կեցուածք ունին եւ արաբականութեան պաշտպան են: Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ իրենք տէրն են իրենց համոզումներուն եւ ազգային սկզբունքներուն,...

Միքաթի Կոչ Ուղղեց Արագօրէն Ճշդելու  Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող  Մանրամասնութիւնները

Միքաթի Կոչ Ուղղեց Արագօրէն Ճշդելու Ընտրական Օրէնքին Վերաբերող Մանրամասնութիւնները

Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց արագօրէն ճշդելու ընտրական օրէնքին վերաբերող մանրամասնութիւնները, որպէսզի ժողովուրդին կասկածները փարատին եւ պետութեան համար յստակ դառնայ վարկանշային քուէն, մագնիսական քարտն ու ընտրութիւններուն մասնակցելու ընդհանուր հոլովոյթը: Միքաթի նշեց նաեւ, որ ընտրական խորհուրդներու կազմութեան յապաղումը եւ խորհրդարանին մէջ իգական սեռի ներկայացուցչութեան յատուկ մասնաբաժինը զլանալու իրականութիւնը մտահոգիչ երեւոյթներ են` աւելցնելով, որ տակաւին կանուխ է խօսիլ ընտրական դաշինքներուն մասին:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՔԱՊ Էլիասի սուրիական գաղթակայանին մէջ երէկ բռնկեցաւ հրդեհ մը, որուն պատճառով զոհուեցան երկու երեխաներ: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը միակ կողմն է, որ իրաւունք ունի պաշտպանելու Լիբանանը: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, ինք կը մերժէ Հըզպալլայի ընհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի այն յայտարարութիւնը, թէ օտար միլիսներ կրնան գալ Լիբանան:...

5 Անձնասպանական Գործողութիւններու  Առընթեր, Բանակը Արսալի Մէջ Կ՛իրականացնէ  Զինուորական Տեսակարար Գործողութիւն Մը

5 Անձնասպանական Գործողութիւններու Առընթեր, Բանակը Արսալի Մէջ Կ՛իրականացնէ Զինուորական Տեսակարար Գործողութիւն Մը

Լիբանանեան բանակի անկարգելաւորներու ջոկատը երէկ առաւօտեան Արսալի մէջ գտնուող սուրիական Նուր գաղթակայանին մէջ իրականացուց զինուորական տեսակարար գործողութիւն մը: Բանակին գործած խուզարկումին ընթացքին ահաբեկիչ մը ականուած գօտիով անձնասպանական գործողութիւն կատարած է իր ընտանիքին անդամներուն ներկայութեան, այդ պատճառով ալ զոհուած է ընտանիքի անդամ երեխայ մը: Միւս կողմէ, բանակին կողմէ Նուր գաղթակայանը խուզարկելու ընթացքին այլ ահաբեկիչ մը բանակի անցարգելի մը մօտ կատարած է...

Նախագահ Աուն Այցելեց Ներքին  Ապահովութեան Ուժերուն Կեդրոնը

Նախագահ Աուն Այցելեց Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Կեդրոնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան այցելեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն գլխաւոր կեդրոնը, ուր պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի կողմէ: Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը նախագահ Աունի, Մաշնուքի եւ Օսմանի միջեւ: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս ապահովական իր առաքելութիւնները...

Page 727 of 987 1 … 726 727 728 … 987

Արխիւներ