Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շաբաթավերջին ընդունեց Ալմայի եւ Ֆուարի արաբները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ Պաղեստինը պիտի մնայ իրենց կողմնացոյցը, նոյնիսկ եթէ այդ կեցուածքը ամբաստանութիւն ըլլայ: Ան շեշտեց, որ իրենք սուղ վճարած են փոքրամասնութիւններու դաշինք ըլլալու գինը, որովհետեւ ազգային կեցուածք ունին եւ արաբականութեան պաշտպան են:
Ֆրենժիէ ընդգծեց, որ իրենք տէրն են իրենց համոզումներուն եւ ազգային սկզբունքներուն, որովհետեւ ազատ են եւ ներդաշնակ իրենց ինքնութեան ու ընտրանքներուն հետ:
Ֆրենժիէ նաեւ շեշտեց, որ չափաւորականութիւնը պէտք է ըլլայ բոլորին համոզումը, որովհետեւ անիկա առիթ կու տայ, որ բոլորը միատեղ ներկայացուին:



