Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Այցելեց Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Կեդրոնը

July 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան այցելեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն գլխաւոր կեդրոնը, ուր պաշտօնապէս դիմաւորուեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի եւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսմանի կողմէ:

Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դռնփակ հանդիպում մը նախագահ Աունի, Մաշնուքի եւ Օսմանի միջեւ: Քննարկուեցան Լիբանանի մէջ տիրող ապահովական իրավիճակը եւ Ներքին ապահովութեան ուժերուն դիմագրաւած դժուարութիւնները, յատկապէս ապահովական իր առաքելութիւնները կատարելու իմաստով ապահովական այս կառոյցին դիմագրաւած նիւթական տագնապն ու արդի սարքերու չգոյութիւնը:

Ապա տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Ներքին ապահովութեան ուժերուն բարձրաստիճան զինուորականներուն եւ սպաներուն հետ:

Այս առիթով Օսման արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ողջունեց նախագահ Աունը` հաստատելով, որ երկու շաբաթ առաջ իր հիմնադրութեան 156-ամեակը նշած Ներքին ապահովութեան ուժերու կառոյցը պիտի շարունակէ նոյն նուիրումով գործել եւ պայքարիլ ահաբեկչութեան ու հայրենիքը հարուածող բոլոր չարիքներուն դէմ:

«Ներքին ապահովութեան ուժերը հպարտ են ձեր այցելութեամբ` վսեմաշո՛ւք նախագահ, եւ իրենց համար այս օրը պատմական է», ըսաւ ան:

Իր կարգին, նախագահ Աուն դրուատեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն ջանքերն ու զոհողութիւնները` իրենց ստանձնած պարտականութիւններուն պարագային: «Դուք կը հսկէք քաղաքացիներուն ու երեխաներուն անվտանգութեան, եւ ձեր առաքելութիւնը կը սկսի երկու դրացիներու միջեւ հաշտութիւն կնքելէն հասնելով մինչեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը` շեշտելով, որ այդ կառոյցին կարիքները աստիճանաբար կարելի պիտի ըլլայ ապահովել: «Դուք կը հսկէք Լիբանանի ապահովութեան, իսկ մենք պիտի հսկենք ձեր կարիքները ապահովելու: Ձեր յաջողութիւնը կ՛ապահովուի քաղաքացիին հետ յարգալիր, իսկ ահաբեկչութեան հետ հատու եւ կարծր վարուելակերպով», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Պըրրի. «Լիբանան Նախանձախնդիր Է Իր Նաւթի Հարստութեան Եւ Տնտեսական Յատուկ Գօտիին»

Յաջորդը

5 Անձնասպանական Գործողութիւններու Առընթեր, Բանակը Արսալի Մէջ Կ՛իրականացնէ Զինուորական Տեսակարար Գործողութիւն Մը

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.