Կառավարութիւնը Կը Զօրակցի Բանակին` Մերժելով Անոր Նուիրումը Կասկածի Տակ Առնող Իւրաքանչիւր Արտայայտութիւն
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նիստէն առաջ նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կողմէ ի գործ դրուած ջանքերը` զսպումի ենթարկելու եւ հալածելու համար օրինազանցները, ինչպէս նաեւ հետապնդելու համար ահաբեկիչները: Նախագահ Աուն զգուշացուց սուրիացի տեղահանուածներուն գաղթակայանները ահաբեկչութիւնը...



















