Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ այցելեց Արսալի զինուորական գործողութեան ընթացքին վիրաւորուած բանակայիններուն, որոնց ապաքինում մաղթեց:
Սարրաֆ շեշտեց, որ բանակին իրագործած գործողութիւնը Լիբանանը փրկած է մեծ վտանգէ մը` դրուատելով ահաբեկչութեան դէմ բանակին գործադրած կանխարգելիչ զինուորական գործողութիւնները:
Միւս կողմէ, Սարրաֆ շաբաթավերջին այցելեց Հալպա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ղովմի կուսակցութեան Աքքարի պատասխանատու Սեսին Եուսեֆի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Սարրաֆ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կազմ ու պատրաստ է դիմադրելու ահաբեկչութեան` աւելցնելով, որ Արսալի մէջ քանի մը օր առաջ կատարուած զինուորական գործողութիւնը կը փաստէ, թէ Լիբանան կառչած կը մնայ հանրապետութեան նախագահի երդման ճառին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին:
Սարրաֆ զարմանալի նկատեց, որ միջազգային եւ մարդասիրական խորհուրդներու հովանաւորութիւնը վայելող գաղթակայանները, որոնք կը գտնուին լիբանանեան հողերուն վրայ, վերածուած ըլլան ահաբեկիչներու թաքստոցներուն:
«Տեղահանուածներու իրաւունքներուն եւ ապահովութեան տէր պիտի կանգնինք` միաժամանակ դիմադրելով ահաբեկչութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող միջավայր գոյութիւն չունի, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ահաբեկչութեան համար շատ դժուար է Լիբանանի մէջ բոյն դնելը: