Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին, որուն հետ քննարկեց սուրիական գաղթակայաններուն հարցը, յատկապէս նկատի ունենալով Արսալի մէջ բանակին գործադրած զինուորական գործողութեան բացայայտած ճշմարտութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին Լազարինի հաստատեց, որ ՄԱԿ կը մերժէ գաղթակայաններուն մէջ ահաբեկիչներուն գոյութիւնը` հաստատելով, որ անոնք կը վտանգեն գաղթակայանին մէջ ապաստանած տեղահանուածներուն ապահովութիւնը: