Լիբանանեան

Պըրրի. «Լիբանան Նախանձախնդիր Է  Իր Նաւթի Հարստութեան  Եւ Տնտեսական Յատուկ Գօտիին»

Պըրրի. «Լիբանան Նախանձախնդիր Է Իր Նաւթի Հարստութեան Եւ Տնտեսական Յատուկ Գօտիին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կեդրոնանալով Լիբանանի ծովային սահմանագծումի նիւթին վրայ: Քաակ ՄԱԿ-ի պատրաստակամութիւնը յայտնեց` հովանաւորելու ծովային սահմանագծումը` Պըրրիին ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներ կատարած իր վերջին այցելութեան եւ այս իմաստով ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները: Միւս կողմէ, Քաակ ողջունեց Լիբանանի մէջ ընտրական նոր օրէնքի...

Ղասսան Հասպանի. «Լիբանանեան Ուժերուն  Եւ Մարատայի Միջեւ Բաց Գործակցութիւն Կայ`  Ի Խնդիր Լիբանանի Շահերուն»

Ղասսան Հասպանի. «Լիբանանեան Ուժերուն Եւ Մարատայի Միջեւ Բաց Գործակցութիւն Կայ` Ի Խնդիր Լիբանանի Շահերուն»

Փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Զղարթա, ուր շեշտեց, թէ Լիբանան բաւական դժուար ու բարդ հարցեր կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ ինք համոզուած է, որ պետական մարզին եւ քաղաքացիական ընկերութեան միջեւ գործակցութեան շնորհիւ է, որ կարելի եղած է տոկալ դժուարութիւններուն եւ դիմագրաւել երկրին ու քաղաքացիին սպառնացող մարտահրաւէրները: Հասպանի շեշտեց, որ իբրեւ նախարար իր հետապնդած կարեւորագոյն նպատակը լիբանանցիին...

Ժրայսաթի Այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի  Ուժերուն Արեւելեան Կեդրոնը

Ժրայսաթի Այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Արեւելեան Կեդրոնը

Արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ այցելեց ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն արեւելեան կեդրոնը` Մերժահիունի մէջ: Ժրայսաթի եւ անոր գլխաւորած 12 դատախազներու պատուիրակութիւնը ընդունուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերիի կողմէ: Ապա անոնք ուղղուեցան ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն Նաքուրայի կեդրոնը, ուր զօր. Պերի շեշտեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հսկողութեան տակ գտնուող սահմանային Կապոյտ գիծը խաղաղ է ու կայուն: Զօր. Պերի շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի...

Իպրահիմ. «Լիբանան  Աւելի Քան Երբեք Ապահով Է»

Իպրահիմ. «Լիբանան Աւելի Քան Երբեք Ապահով Է»

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան եւ Լիբանանեան- ամերիկեան համալսարանին միջեւ երէկ ստորագրուեցաւ ակադեմական մակարդակի գործակցութեան համաձայնագիր մը: Այս առիթով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիբանան աւելի քան երբեք ապահով է եւ կը ջանայ ապահովական այդ կայունութիւնը աւելի եւս ամրապնդել` երկրին ապահովական կառոյցներուն միջեւ համագործակցութիւնը ամրապնդելով: Իպրահիմ հաստատեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը պայքարի, զոհողութեան եւ երկրին...

Պաապտայի Մէջ .  «Պէտք Է Տեղեկացնել Կրակողներուն Մասին,  Որովհետեւ Ոչ Ոք Քաղաքական  Հովանաւորութիւն Կը Վայելէ»  Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

Պաապտայի Մէջ . «Պէտք Է Տեղեկացնել Կրակողներուն Մասին, Որովհետեւ Ոչ Ոք Քաղաքական Հովանաւորութիւն Կը Վայելէ» Շեշտեց Նուհատ Մաշնուք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պաապտայի մէջ իր կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին Մաշնուք յայտնեց, որ իբրեւ ապահովական կառոյցներ, իրենք իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն, սակայն իրենք չեն որոշեր, թէ ո՛վ պէտք է ձերբակալել եւ ո՛վ ազատ արձակել: Մաշնուք հաստատեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը եւ...

Ա. Կիտանեան. «Զբօսաշրջութիւնը  Ընկերութեան Տրամադրութեան Տակ Կը Գտնուի»

Ա. Կիտանեան. «Զբօսաշրջութիւնը Ընկերութեան Տրամադրութեան Տակ Կը Գտնուի»

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երէկ «Լը Կրէյ» պանդոկին մէջ մեկնարկը կատարուեցաւ Լիբանանի մէջ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու կեդրոնին կազմակերպած տարեկան արշաւին: «Իթ աութ ֆոր լայֆ» խորագիրը կրող արշաւին տեւողութիւնը 1-31 յուլիս է եւ անոր ընդմէջէն կարելի է հոգալ 4 երեխաներու բուժման հոլովոյթը: Արշաւը կը ներառէ տասնեակ մը ճաշարաններ, ուր յաճախելով` ճաշելով կամ ընթրելով, վճարուած գումարէն որոշ տոկոս մը...

Դեսպան Մկրտչեան Շէյխ Հասանի Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Դեսպան Մկրտչեան Շէյխ Հասանի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու  երկկողմանի յարաբերութիւնները: Դեսպան Մկրտչեան եւ շէյխ Հասան ընդգծեցին բոլոր մարզերուն մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:

Համատէ. «Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին  Պրէօվէի Յաջողութեան  Համեմատութիւնը 81,78 Առ Հարիւր Է»

Համատէ. «Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին Պրէօվէի Յաջողութեան Համեմատութիւնը 81,78 Առ Հարիւր Է»

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ պրէօվէի պետական քննութեան արդիւնքները հրապարակուած են` հաստատելով, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին յաջողութեան համեմատութիւնը 81,78 առ հարիւր է: Համատէ նշեց, որ 59.358 աշակերտներէն բացակայած է 2048 աշակերտ, եւ կոչ ուղղեց անոնց ներկայանալու վերաքննութեան: Նախարարը ըսաւ նաեւ, որ 46.837 աշակերտ յաջողած է` աւելցնելով, որ անոնցմէ 11.744 աշակերտ լաւ...

Պասիլ. «Մուսթաքպալի Հետ Մեր Դաշինքը  Պիտի Թարգմանուի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Ընթացքին»

Պասիլ. «Մուսթաքպալի Հետ Մեր Դաշինքը Պիտի Թարգմանուի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Ընթացքին»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանեան նոր իշխանութիւնը` գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, նուաճումներ պիտի արձանագրէ` դիմագրաւելով երկրին սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրները: Պասիլ նշեց, որ իրենք համաձայն գտնուած են խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը ժամանակաւորապէս երկարաձգելու, որպէսզի քաղաքական իսկական բարեկարգում արձանագրեն: «Մենք քաղաքական երկարաձգումը կը մերժենք` հաւատալով թեքնիք երկարաձգումին, որուն ընթացքին քաղաքական կեանքին մէջ...

Սամի Ժեմայէլ. «Լիբանանի Փրկութիւնը  Կ՛երաշխաւորուի Լիբանանցիներուն  Համագործակցութեամբ»

Սամի Ժեմայէլ. «Լիբանանի Փրկութիւնը Կ՛երաշխաւորուի Լիբանանցիներուն Համագործակցութեամբ»

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ այցելեց Տար Ֆաթուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ միւֆթին շնորհաւորած է Ֆիթրի տօնին առիթով` աւելցնելով, որ ինքզինք անոր տրամադրութեան տակ դրած է` կերտելու համար ընկերութիւն մը, որ իսկական է եւ համերաշխ: Ժեմայէլ հաստատեց, որ իրենք երիտասարդ սերունդը կը ներկայացնեն եւ կը հաւատան,...

Մարոթթի Այցելեց Նաքուրայի  ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Արեւմտեան Կեդրոնը

Մարոթթի Այցելեց Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերու Արեւմտեան Կեդրոնը

Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթի երէկ այցելեց Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու արեւմտեան կեդրոնը: Մարոթթի դիմաւորուեցաւ կեդրոնի հրամանատար զօր. Ֆրանչիսքօ Օլլայի կողմէ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ներկայ պայմանները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու Լիբանանի յանձնառութիւնը: Մարոթթի շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի շրջագիծին մէջ ծառայող իտալական ջոկատը միշտ օգտակար հանդիսացած է լիբանանցիին եւ պիտի շարունակէ նոյն...

Թինընթի. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հսկողութեան  Վայրերուն Մէջ Կացութիւնը 11 Տարիէ  Ի Վեր Խաղաղ Է Եւ Պէտք Է Շարունակէ Խաղաղ Մնալ»

Թինընթի. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Ուժերուն Հսկողութեան Վայրերուն Մէջ Կացութիւնը 11 Տարիէ Ի Վեր Խաղաղ Է Եւ Պէտք Է Շարունակէ Խաղաղ Մնալ»

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէ Թինընթի յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հսկողութեան շրջաններուն մէջ կացութիւնը 11 տարիէ ի վեր խաղաղ է եւ պէտք է շարունակէ խաղաղ ու կայուն մնալ: Թինընթի ողջունեց լիբանանեան ներքին առումով արձանագրուած քաղաքական համերաշխութիւնը` շեշտելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ին, լիբանանցի պատասխանատուներուն ու բանակին միջեւ յարաբերութիւնները միշտ հեզասահ եղած են եւ այդպէս ալ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս տեղեկատուութեան նախարարութեան վերաբերող հարցեր: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին աշխատավարձերու յաւելումներու թղթածրարին գծով վերջնական որոշում պիտի տրուի: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մըլհեմ Ռիաշի ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որուն հետ քննարկեց Գահիրէ կատարելիք իր այցելութեան մանրամասնութիւնները:...

Թրամփ Լիբանանի Կայունութեան  Նկատմամբ Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ

Թրամփ Լիբանանի Կայունութեան Նկատմամբ Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լիբանանի Սկաուտներու Համադաշնակցութեան Պատուիրակութիւնը Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շնորհաւորական հեռագիր մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն, որ Ֆիթրի տօնին առիթով նախագահ Աունին եւ լիբանանցիներուն յայտնած էր իր բարեմաղթութիւնները: Թրամփ հեռագիրին մէջ յանձնառութիւն յայտնած էր Լիբանանի կայունութեան նկատմամբ` շեշտելով Ֆիթրի տօնին իմաստն ու յատկանիշները պահպանելու կարեւորութիւնը: Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի...

Պըրրի Ընդգծեց Աշխատավարձերու  Յաւելումները Վաւերացնելու Կարեւորութիւնը

Պըրրի Ընդգծեց Աշխատավարձերու Յաւելումները Վաւերացնելու Կարեւորութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին վերահաստատեց տարբեր մարզերու պարագային օրէնքները կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է հոգալ քաղաքացիներուն ապրուստի եւ կենսական հարցերն ու թղթածրարները: Պըրրի ընդգծեց պետական պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն աշխատավարձերու յաւելումները վաւերացնելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի յատուկ խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբը պետական ամավարկը սերտելէ եւ վերջնականացնելէ ետք...

Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց  Պընթ Ժպէյլի Դ. Փառատօնին

Կիտանեան Մեկնարկը Կատարեց Պընթ Ժպէյլի Դ. Փառատօնին

Ֆատլալլա. «Մենք Պարտական Կը Զգանք Պատերազմի Օրերուն Մեզի Զօրակցող Դաշնակից Ուժերուն» Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պընթ Ժպէյլի քաղաքապետութիւնը մեկնարկը կատարեց Պընթ Ժպէյլի Դ. փառատօնին: Պընթ Ժպէյլի փառատօնի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ երեսփոխաններ Ալի Պեզզի եւ Հասան Ֆատլալլա: Այս առիթով նախարար Կիտանեան շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի մեկնարկը կազմակերպողներուն` իր նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ դիմաւորումին առիթով, ապա նշեց, որ ինք...

Ֆրենժիէ. «Համբերութիւնը Արժանիք Է,  Իսկ Վստահելիութիւնը` Հետեւողականութիւն»

Ֆրենժիէ. «Համբերութիւնը Արժանիք Է, Իսկ Վստահելիութիւնը` Հետեւողականութիւն»

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ գործող Մարատա հոսանքի անդամ պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ շարք մը բարեկամներ, որոնց ներկայութեան շեշտեց, որ Մարատա հոսանքի շարքերը գիտակից են եւ կրնան արդիւնքները իրենց հակակշիռին տակ առնել: Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարատայի շարքերը հաւատքով եւ համոզումով կը գործեն, առանց ծայրայեղութեան` աւելցնելով, որ անոնք կը վստահին իրենց ղեկավարութեան, ինչպէս որ ղեկավարութիւնը...

Եարզէի Մէջ.  Բանակի Հրամանատարը Հապիսի Հետ Քննարկեց  Լիբանանի Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

Եարզէի Մէջ. Բանակի Հրամանատարը Հապիսի Հետ Քննարկեց Լիբանանի Կայունութեան Վերաբերող Հարցեր

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հիւպատոսական անձնակազմը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ անձնակազմի նախագահ Ժոզեֆ Հապիսի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ապահովական կայունութեան վերաբերող հարցեր: Հապիս հիւպատոսներուն զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանեան բանակին` բարձր գնահատելով բանակին դերակատարութիւնը Լիբանանի պաշտպանութեան, քաղաքացիական անվտանգութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին մէջ: Զօր. Աուն ընդունեց նաեւ Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը երէկ յայտնեց, որ այս շաբաթավերջին ջերմաստիճանը պիտի հասնի 40-ի: ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի Պուարի կառավարական հիւանդանոցին թղթածրարը փոխանցեց Պետական քննչութեան կեդրոնական խորհուրդին: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ շեշտեց, որ կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ լիբանանցի աշխատաւորները պաշտպանելու առումով: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ընտրական նոր օրէնքի...

Նախագահ Աուն Արեւելքի Բոլոր Համայնքներուն  Միջեւ Միասնականութեան Կոչ Ուղղեց`  Դիմագրաւելու Համար Մարտահրաւէրները

Նախագահ Աուն Արեւելքի Բոլոր Համայնքներուն Միջեւ Միասնականութեան Կոչ Ուղղեց` Դիմագրաւելու Համար Մարտահրաւէրները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց յոյն կաթողիկէ համայնքի նորընտիր Եուսեֆ Ա. Ապսի պատրիարքը, որուն ընկերակցեցան յոյն կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսներն ու միաբանները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Արեւելքի բոլոր համայնքներուն միջեւ միասնականութեան կոչ ուղղեց` դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրները: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ շրջանին դիմագրաւած այս դժուար փուլին ընթացքին պէտք է վնասները ճշդել եւ իրարու նեցուկ կանգնիլ ու համագործակցիլ` դիմակայելու...

Page 728 of 987 1 … 727 728 729 … 987

Արխիւներ